Արցախի ԱԳ Նախարար Դաւիթ Բաբայեանի Այցը Պրիւքսէլ
11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով՝ Փետրուար 7-10 տեղի ունեցաւ ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի աշխատանքային այցը Պրիւքսէլ։
Այցին ընթացքին վերակազմուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ (ԵԽ) Արցախի հետ բարեկամութեան խումբը՝ գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէն պատգամաւորներու լայն շրջանակի մասնակցութեամբ։ Եւրոպատգամաւորներուն հանգամանօրէն ներկայացուեցան 2020թ․ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու մարտահրաւէրները, Ազրպէյճանի յարձակապաշտ քաղաքանութիւնը, որուն հիմքը տասնամեակներով Ազրպէյճանի մէջ պետական հովանաւորչութեամբ քարոզուող եւ խորապէս արմատացած հայատեացութիւնն է։
ԱՀ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ Պելճիքայի Դաշնային Խորհրդարանին մէջ Հայաստանի եւ Վրաստանի բարեկամութեան խումբի անդամ-ծերակուտականներու, Պելճիքայի մէջ Արցախի հետ ֆրանսախօս բարեկամութեան շրջանակի, ինչպէս նաեւ Ֆլամանտական Խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ։ Նախարարը նաեւ դասախօսութիւն կարդաց Արցախեան հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ՝ Գերմանիոյ յառաջատար իրաւաբանական համալսարանի քանի մը տասնեակ ուսանողներու համար, որոնք այցով կը գտնուէին Պրիւքսէլ։ Այցը ամփոփուեց Պելճիքայի Հայ համայնքի ներկայացուցչական մարմիններու անդամներուն հետ հանդիպումով։
Բոլոր հանդիպումներուն առանցքային թեմաներու շարքին էին Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացումն եւ պատմութիւնը կեղծելուն միտուած ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադառնալով այցին՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտեց. «Ինչպէս եւ անցեալին, այժմ եւս մեր ողջ ներուժով կ՝աշխատինք Եւրոպական քաղաքական շրջանակներու մէջ լսելի դարձնել Արցախի մեր հայրենակիցներուն ձայնը եւ իրազեկել Ազրպէյճանի կործանարար քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Կարեւոր կը համարենք Արցախի արտաքին գործոց նախարարին այցը Պրիւքսէլ նաեւ այն պատճառով, որ ասիկա յետպատերազմեան փուլին անոր առաջին այցն էր ԵՄ մայրաքաղաք»։
«Թէկուզ ծանր եւ վիրաւոր, բայց Արցախը այսօր կը շարունակէ ապրիլ։ Բոլորիս պարտքն է նուիրումով տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն եւ պաշտպանել ինչպես Արցախի Հանրապետութեան, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը»,- ամփոփեց Գասպար Կարապետեան։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակ
yerakouyn.com/2022/02/11/արցախի-ագ-նախարար-դաւիթ-բաբայեանի-այց/