«Յարգանքի Տուրք Հայաստանի Մէջ Ժովորդավարութեան Յիշատակին» Խորագիրով Ցոյց՝ ԵՄ Պատուիրակութեան Գրասենեակին Առջեւ
11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Փետրուար 11-ին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին առջեւ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան բողոքի ցոյցը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
Ցոյցի մասնակիցները իրենց ընդվզումը արտայայտեցին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու կազմաքանդման, խորացող բռնաճնշումներուն եւ դատական իշխանութեան անկախութիւնը ոտնահարող կոպիտ միջամտութիւններուն եւրոպական կառոյցներու դրսեւորած անտարբերութեան, յաճախ նաեւ այս արատաւոր երեւոյթներուն ցուցաբերած խրախուսական քաղաքականութեան առնչութեամբ։
«Յարգանքի տուրք Հայաստանի մէջ ժովորդավարութեան յիշատակին» խորագիրով ցոյցի մասնակիցները նաեւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը չդատապարտելու, պատերազմական յանցագործութիւններու, ինչպէս նաեւ քիմիական զէնքի գործածութեան իրողութիւնը լռութեան մատնելու եւ մեր հազարաւոր հայրենակիցներու կեանքի իրաւունքը ոտնահարելու փաստը չդատապարտելու առնչութեամբ։
yerakouyn.com/2022/02/11/յարգանքի-տուրք-հայաստանի-մէջ-ժովորդ/