Ֆրանսայի Վարչապետը Եւ Երեսփոխաններ Մասնակցեցան Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքին

Ֆրանսայի Վարչապետը Եւ Երեսփոխաններ Մասնակցեցան Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքին

12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- 8 Փետրուարին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի վարչապետը, Ծերակոյտի նախագահը, նախարարներ, Փարիզի քաղաքապետը եւ այլ քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, ինչպես նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախեան պատերազմին, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն եւ այն քայլերու, որոնց պէտք է ձեռնարկել երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար։

Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր եւ նախագահ Նիքոլա Ազնաւուր եւ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիստինա Ազնաւուր։

asbarez.am/413262/ֆրանսայի-վարչապետը-եւ-երեսփոխաններ-մ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail