Նահանգային Ծերակոյտը Հաստատեց Սիւնիքը Եւ Քալիֆորնիան Քոյր Նահանգներ Հռչակող Բանաձեւը

«Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Յարձակիլ Սիւնիքի Մարզին Վրայ» Կը Գրէ Իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ»-ը

Նահանգային Ծերակոյտը Հաստատեց Սիւնիքը Եւ Քալիֆորնիան Քոյր Նահանգներ Հռչակող Բանաձեւը

12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը 10 Փետրուարին հաստատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող թիւ 105 բանաձեւը, որուն նպատակն է՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին եւ Քալիֆորնիա նահանգին միջեւ քոյր նահանգներու յարաբերութիւն հաստատել։

Բանաձեւը ներկայացուած էր նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտընի կողմէ, իսկ անոր համահեղինակն է անոր պաշտօնակիցը՝ Ատրին Նազարեան։ Բանաձեւին զօրակցեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ՝ Լիսա Քալտերոն, Վինս Ֆոնկ, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճես Կապրիէլ, Քրիսթինա Կարսիա, Մայք Կիփսըն, Թամ Լեքի, Քեվըն Մալին եւ Լուզ Ռիվազ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Մարիա էլենա Տուրազօ եւ Էնթընի Փորթանթինօ: Անիկա նահանգային խորհրդարանին մէջ ապահոված էր պատկառելի թիւով զօրակիցներ (64 խորհրդարանականներ):

Խորհրդարանը անցեալ Սեպտեմբերին վաւերացուց բանաձեւ մը, որմով Քալիֆորնիա զօրակցութիւն կը յայտնէ Սիւնիքին եւ կը խոստանայ քաջալերել եւ դիւրացնել կրթական, տնտեսական եւ մշակութային միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք խորհրդարանական Քրիս Հոլտընին եւ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին, որոնք ստանձնեցին այս նախաձեռնութիւնը յառաջ մղելու պարտականութիւնը։ Բանաձեւը աւելի կարեւոր կը դառնայ այս օրերուն, երբ Սիւնքը կը գտնուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շարունակական սպառնալիքին տակ», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, որ աւելցուց, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին այս յանդուգն քայլը պիտի զօրացնէ շրջանի մէկ միլիոն հայերուն եւ Սիւնիքին միջեւ կապերը։

Հազարաւոր տարիներով, Սիւնիքը պատմամշակութային հիմնական նշանակութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի համար:

Բաղաբերդ, Սիւնիքի ամենահին ամրոցներէն մէկը

asbarez.am/413229/նահանգային-ծերակոյտը-հաստատեց-սիւնի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail