Սուրբ Սարգիսի՞ Տօն, Թէ՞ Վալենթինի Օր – ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Սուրբ Սարգիսի՞ Տօն, Թէ՞ Վալենթինի Օր – ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Ըստ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցին, շաբաթ, 12 փետրուար 2022-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի, երիտասարդներու օրհնութեան եւ սիրելիներու օրուան տօնը, իսկ, ըստ սովորական օրացոյցին, երկուշաբթի, 14 փետրուարին շարք մը երկիրներ կը տօնեն Վալենթինի օրը, կամ` Սիրահարներու օրը:

Սուրբ Սարգիս զօրավար հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրուած սուրբերէն մին եւ սիրելիներու բարեխօսն է: Ան իր որդիին` Մարտիրոսին եւ 14 քաջ մարտիկներու հետ յանուն քրիստոնէական հաւատքի նահատակուած է:

Ըստ պատմուածքներու, Վալենթին 3-րդ դարուն (226- 14 փերուար 269) Իտալիոյ մէջ ապրող երիտասարդ հոգեւորական մըն է, որ սիրահարներու նկատմամբ յատուկ մօտեցում մը կը ցուցաբերէր: Այդ ժամանակ Հռոմի կայսրը իր զինուորներուն արգիլած էր սիրահարիլ ու ամուսնանալ: Վալենթին գաղտնօրէն կը պսակէր զինուորները եւ կ՛օգնէր սիրահար երտասարդներու: Երբ որ Վալենթինի այս առաքելութիւնը յայտնի կ՛ըլլայ, ան կը ձերբակալուի եւ մահուան կը դատապարտուի: Ըստ աւանդական պատմուածքներու, ան կը սիրահարի բանտապետի աղջկան: Վալենթին կը մահանայ 14 փետրուար 269 թուականին. այդ օրն ալ, ի յիշատակ Վալենթինի, կը հռչակուի Սիրահարներու օր, որ այդ տարիէն կը տօնուի աւելի քան 100 երկիրներու մէջ:

5-րդ դարուն Կաթողիկէ եկեղեցին զայն կը դասէ սուրբերու կարգին, սակայն 1969 թուականին ան կը հանուի սուրբերու շարքէն:

Վալենթինի օրը հայ ժողովուրդին համար ազգային կամ եկեղեցական տօն մը չէ, իսկ Սուրբ Սարգիսի տօնը եկեղեցական եւ աւելի հոգեհարազատ է ու կապուած է պաշտամունքի եւ հայ աւանդութեան հետ, բացի իր հոգեւոր խորքէն` անիկա իր մէջ կը ներառէ սիրոյ խորհուրդը:

Վալանթինի պարագային, մենք գործ չունինք պաշտամունքին հետ, այլ գործ ունինք վաճառքի եւ առեւտուրի հետ:

Հայ ժողովուրդը կղզիացած ազգ մը չէ, դարերով բազմաթիւ օտար ազգերու հետ շփում ունեցած է, անոնց տուած է իր ունեցածը, փոխարինած է անոնց ունեցածը:

Հայ ժողովուրդը չի մերժեր Վալանթինի օրը ու կը յարգէ զայն` իբրեւ օտարի տօն եւ սովորութիւն, սակայն ինք ունի անոր համարժէք տօնը եւ կը նշէ Սուրբ Սարգիսի եւ Սիրահարներու տօնը` որպէս իր սեփական հարազատ տօնը:

www.aztagdaily.com/archives/537895

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail