Սինանեանը Ֆրանսա Եկած Է Հայ Համայնքը Պառակտելու. Յայտարարութիւն

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Սինանեանը Ֆրանսա Եկած Է Հայ Համայնքը Պառակտելու. Յայտարարութիւն

14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – < Կասկած պէտք չէ ունենալ որ սփիւռքը չի ներկայացնող պարոն Զարեհ Սինանեանը յարատեւ պարտութեան պիտի մատնուի: >

Սփիւռքի գերագոյն յանձնակատարը Ֆրանսա եկած է հայ համայնքը պառակտելու ու տկարացնելու համար։

Ազգային տարածքի մէջ հակասություն յառաջացնելով CCAF-ի դէմ, որ, ըստ իրեն, չունի «Ֆրանսայի հայերու բացառիկ ներկայացուցչութիւնը», պարոն Զարեհ Սինանեանը ստանձնած է ծանր պատասխանատւութիւն՝ փորձելով հարուածել անոր վստահութեան, եւ ատիկա իր իսկ ամենամեայ ընթրիքին յաջորդ օրը։

Մենք կը ցաւինք, որ պարոն Սինանեանը, որ առնուազն մէկ տարի է կը փորձէ առաջ մղել փոքր խումբեր, որոնք հանդէս կու գան իբրեւ CCAF-ի այլընտրանք, կը շարունակէ մնալ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի շահերուն հակառակ: Գործելով այս կերպ՝ Գերագոյն յանձնակատարը իր վրայ կը վերցնէ շատ ծանր պատասխանատւութիւնը պատմութեան մէջ տկարացնելու համայնք մը, որ իր ուժը կը քաղէ նոյնինքն իր միութենէն:

Անոր գործողությունները չեն ծառայեր ոչ Երեւանի, ոչ ֆրանսահայութեան, ոչ ալ Ֆրանսայի շահերուն, որ կը ճանչնայ ու կը յարգէ CCAF-ը իբրեւ իր հանրապետական համակարգի կարեւոր մաս, որուն մասին կը վկայեն անոր 20 տարուան բոլոր դրսեւորումները։

Խորապէս ցաւալի է, որ պարոն Սինանեանը օգտակար համարեց նսեմացնել CCAF-ը` փորձելով հաւանութիւն տալ լուսանցքային ընկերակցութիւններուն, որոնք կը հովանաւորուին օրինականութիւն չունեցող շատ փոքր թիւով գործարարներու կողմէ:

Գերագոյն յանձնակատարին կը յիշեցնենք, որ Միութիւնը կռիւ է. Եւ որ մերը տասնամեակներու զօրաշարժի արգասիքն է Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի հայութեան իրաւունքներուն համար։ CCAF-ը շնորհակալութիւն չ՝ակնկալեր իր լաւ եւ հաւատարիմ ծառայութեան համար: Բայց ան պէտք չէ հանդուրժէ Սինանեանի վիրաւորանքները։

Այս ողբալի իրավիճակը, սակայն չի շեղեր CCAF-ը իր առաքելութենէն եւ չի խաթարեր հայկական պետութեան սատարելու անոր վճռականութիւնը:

Փարիզ, 11 Փետրուար, 2022 թ

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

yerakouyn.com/2022/02/14/սինանեանը-ֆրանսա-եկած-է-հայ-համայնքը-պ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail