Կարգավիճակը` Շուշիով Եւ Հատրութով – Ազդակ – արցախեան տարածքներէն ազրպէյճանական զօրքերու հեռացման պահանջի ճնշումը զօրացնելու

Հայասատանը Ունի՞ Տարածքային Պահանջներ

Խմբագրական. Կարգավիճակը` Շուշիով Եւ Հատրութով – Ազդակ – արցախեան տարածքներէն ազրպէյճանական զօրքերու հեռացման պահանջի ճնշումը զօրացնելու

14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արցախեան ազատամարտի հերթական նշումները ընդհանրապէս փետրուար 20-ին են: Թուականը կը խորհրդանշէ Երեւանի զանգուածային բողոքներու շարքի սկիզբը: Ըստ էութեան, սակայն, շարժումը մեկնարկած է Արցախէն: Աւելի յստակ` Հատրութի ցոյցերն են, որոնք հասած են Ստեփանակերտ, այնտեղէն անցնելու համար Երեւան, եւ ապա` սփիւռքի տարբեր երկիրներ:

Այս տարի նկատուեցաւ պետական յատուկ քաղաքական միտում փետրուար 12-ը նկատելու սկզբնակէտ` արցախեան ազատամարտեան շարժումին:

Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը այստեղ` Հատրութը հանրահռչակելու արցախեան ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման գործընթացի մեկնարկակէտ: Պետական այս մօտեցումը կը խօսի արցախեան հակամարտութեան լուծման համար հայկական կողմի որդեգրելիք նոր հայեցակարգի անհրաժեշտութեան մասին: Հատրութի եւ Շուշիի ապաբռնագրաւումը (տէօքուփացիա) արդէն շրջանառուող հիմնադրոյթ է հայկական կողմի պահանջներուն մէջ: Ապաբռնագրաւումը ունի երանգային տարբերութիւն ազատագրում եզրոյթէն: Ազրպէյճանական ուժերու հեռացումի պահանջը կրնայ ունենալ ժամանակաւոր նոր կարգավիճակի բնոյթ: Հատրութի եւ Շուշիի վերահսկողութիւնը կրնայ ստանալ միջանկեալ նոր կարգավիճակ: Մինչդեռ ազատագրում հասկացողութիւնը կ՛ենթադրէ երկու շրջաններուն վերադարձը Արցախի Հանրապետութեան:

Տակաւին պէտք է մտածել եւ ճիշդ պատճառները իմանալ, թէ ինչո՛ւ թուրքեւազրպէյճանական կողմը համաձայնեցաւ հրադադար հաստատել Շուշիի եւ Հատրութի գրաւումէն ետք միայն:

Այս փուլին հայկական կողմի պահանջները կարելի է ամփոփել հետեւեալ հիմնակէտերով.

Ա.- Ազրպէյճանական զօրքերու հեռացում Շուշիի եւ Հատրութի տարածքներէն,

Բ.- Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում,

Գ.- Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում,

Դ.- Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծում եւ սահմանազատում:

Հայկական կողմի պահանջներու համատեղման խնդիր կայ նաեւ միջազգային ընտանիքին հետ: ԵԱՀԿ-ի շրջանակները եւ յատկապէս եռանախագահող երկիրներէն Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը շարունակեն շեշտել, որ արցախեան հակամարտութիւնը չէ աւարտած եւ կարգավիճակի հարցը չէ լուծուած: Նոյնը նուազ շեշտակիութեամբ կը յայտարարէ Մոսկուան:

Յենելով այս յայտարարութեան վրայ` հայկական կողմը պարտի Ազրպէյճանի հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը յետաձգել: Պայմանաւորել միայն Արցախի կարգավիճակի ճշդումով: Իսկ կարգավիճակը կը վերաբերի արցախեան տարածքներուն, որոնցմէ Շուշին եւ Հատրութը կը շարունակեն գրաւուած մնալ:

Տրամաբանական շղթան աւելի յստակ կը դառնայ, երբ վերը նշուած գործընթացներու իրարյաջորդականութիւնը պարզուի: ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն, որոնց միացաւ նաեւ Մեծն Բրիտանիան, այն մօտեցումը, թէ` Արցախի կարգաւորումը տակաւին չէ իրականացած, կ՛իմաստաւորուի, երբ անոնք պահանջ կը դնեն նախքան Հայաստան-Ազրպէյճան-սահմանագծում սահմանազատում գործընթացը սկսիլը ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը արցախեան տարածքներէն:

Հիմա ուրեմն, հայկական դիւանագիտութեան թիւ մէկ խնդիրին կը վերածուի միջազգային ընտանիքին մօտ կեդրոնացած աշխատանք տանիլ` արցախեան տարածքներէն ազրպէյճանական զօրքերու հեռացման պահանջի ճնշումը զօրացնելու:

Կարգավիճակը կը ներառէ Շուշին եւ Հատրութը. իսկ այստեղ կրնան համընկնիլ հայկական կողմի եւ միջազգային ընտանիքի մօտեցումները:

Հայասատանը Ունի՞ Տարածքային Պահանջներ

www.aztagdaily.com/archives/538066

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail