Լճացումէն Ետք Զարթօնքի Յոյսը Կենդանի Կը Մնայ. Տիգրան Ճինպաշեան – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքը վերջին շաբաթներուն յանգած է լճացման փուլի մը: 2018-ի իշխանափոխութեան նպատակները բացայայտուած են արդէն. լուծարումը արցախեան գոյապայքարին: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը ընթացքի մէջ է եւ թափով առաջ կը տարուի: Պարտուողական այս գործընթացը մկրտուած է խաղաղութեան դարաշրջան բանալու շողշողուն լոզունգով: Պարտուած, հսկայական կորուստներ տուած, վեհերոտ դարձած հանրութեան մը համար յուսատու լոզունգ է խաղաղութեան դարաշրջանի խոստումը: Կորուստները անցեալին կը պատկանին ու նոր կորուստներու նախատեսութիւններն ալ չնչին բաներ են գալիք երջանկաբեր ապագային դիմաց:
Ազգակործան այս վարքագիծը առաջ տանելու համար, իշխանութիւնը կը շարունակէ արդէն դասական դարձած իր մեթոտաբանութիւնը: Այդ մեթոտաբանութիւնը կ՛ենթադրէ երկրի անվտանգութեան, նոյնիսկ ազատ ու անկախ գոյութեան սպառնացող հարցերէն շեղում ներքին շինծու վտանգներու ուղղութեամբ: Տեղի կ՛ունենան անհասկնալի ձերբակալութիւններ, անվերջանալի դատավարութիւններ, ապօրինի հարստացողներու հետապնդումներ, վերջերս ալ` լրտեսութեան կասկածանքով ձերբակալութիւններ: Անկարելի է իմանալ այս պղտոր կասկածանքներուն մէջ ճիշդին ու սխալին յարաբերակցութիւնը: Դատական որեւէ գործընթաց երեք տարիէ ի վեր աւարտին չէ հասած: Միւս կողմէ, նորեր կ՛աւելնան հիներուն վրայ, հասնելով մինչեւ դատաւորի արգելափակման` սխալ դատավճիռ արձակած ըլլալու ամբաստանութեամբ:
Ընդդիմութիւնը բնականաբար կը բողոքէ կատարուածին դէմ: Մամուլը կ՛արձագանգէ ու կը դատապարտէ: Ազգային ժողովի նիստերը կը շարունակուին բուռն բանավէճերով, որոնք յաճախ դուրս կու գան բանական քննարկումներու մթնոլորտէն: Ընդդիմութեան կողմէ տրուած հարցերուն տեղեկացնող պատասխանի փոխարէն կ՛արձակուին մեղադրական բղաւոցներ, միշտ հաւատարիմ մնալով հարցերը շեշտելու մեթոտաբանութեան:
Իշխանութեան համոզումի զինանոցը շատոնց սպառած է: Նոր իրողութիւն, նոր պայքար ստեղծելու անկարողութիւնը զայն կը մղէ իրականութենէն փախուստի` յառաջանալով աւելի ու աւելի մխրճուելով սխալներու ճահիճին մէջ:
Ինչպէ՞ս դուրս պիտի գայ հայրենի պետութիւնը մղձաւանջային այս վիճակէն: Մեր յոյսը պէտք է դնենք ժողովուրդի առողջ դատողութեան վրայ: Արդարեւ, ընդարմացած վիճակէն արթնցող հասարակութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի ըմբոստանայ անկումի առաջնորդող վիճակին դէմ ու վերջ տայ հայոց պատմութեան ընթացքը խոտորող ընթացքին: Արագացնենք ազգային զարթօնքին գալուստը մեր խօսքով ու գործով:
Այս փուլին չենք կրնար անտեսել նաեւ տառապակոծ Լիբանանի հայութեան, ամբողջ բնակչութեան ապրած մղձաւանջը: Պետական սպասարկութիւններու դանդաղ աշխատանքը, տնտեսական վիճակի մակերեսային բարելաւումները թեթեւ յոյս կը ներշնչեն այստեղ եւս խաղաղութեան դարաշրջանի մը գոյառման: Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական բարդ ու խճճուած հարցերու ոստայնի մը մէջ բանտարկուած է: Ստեղծուած կացութեան պատասխանատու քաղաքական վերնախաւը չ՛ուզեր զիջիլ, շահաբեր դիրքերէն նահանջել եւ նոր սկիզբի մը ծնունդ տալ:
Յոյսը յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ է: Եթէ 15 Մայիսին Լիբանանի ժողովուրդը յաջողի վերանորոգել ու փոխել իշխող վերնախաւը, յոյսը իրականութիւն կը դառնայ: Բայց Լիբանան ընտրութիւն կատարելու աւանդական ձեւեր ունի, որոնց գործադրութեան պարագային կրնայ ո՛չ միայն ցանկալի փոփոխութիւնը չիրագործուիլ, այլ աւելի վատը յառաջանալ: Այստեղ եւս պէտք է յոյսը դնել ժողովուրդի, ընտրողներու առողջ դատողութեան վրայ ու համբերութեամբ սպասել: Ի վերջոյ, ամէն տագնապ վերջ մը պիտի ունենայ:
yerakouyn.com/2022/02/14/լճացումէն-ետք-զարթօնքի-յոյսը-կենդանի/