ԱՀ ԱԺ Պետաիրաւական Հարցերու Մշտական Յանձնաժողովը Միաձայն Կողմ Քուէարկած է «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» Օրինագիծին

ԱՀ ԱԺ Պետաիրաւական Հարցերու Մշտական Յանձնաժողովը Միաձայն Կողմ Քուէարկած է «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» Օրինագիծին

16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՐՑԱԽ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Փետրուար 15-ին կայացած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որ կը վարէր յանձնաժողովի նախագահ Սեւակ Աղաճանեանը։ Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն։

Օրակարգի վրայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Ա. Թովմասեանի, Դ. Մելքումեանի, Ա. Մոսիյեանի, Դ. Գալստեանի, Գ. Բաղունցի, Ա. Յարութիւնեանի կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «Բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման հարցը: Օրէնքի նախագիծը ներկայացուցած է Արթուր Մոսիյեանը։ Օրինագիծով կը սահմանուի 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ 2020 թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումներուն հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին ու անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ վարչաձեւին, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան հետ կապուած յարաբերութիւնները։

Նախագիծը փորձաքննութեան ենթարկուած է Ազգային ժողովի աշխատակազմի փորձագիտական ծառայութեան կողմէ եւ առաջարկուած է նախագիծին ընդունման առնչութեամբ փոփոխութիւններ կատարել Ընտրական եւ Քաղաքացիական օրէնսգիրքերուն մէջ, « Տեղական հանրաքուէի մասին» օրէնքին մէջ:

Կառավարութեան կողմէ եւս ներկայացուած են առաջարկներ, որոնք մեծ մասամբ ընդունուած են հեղինակներուն կողմէ։

Այնուհետեւ, Արթուր Մոսիյեան պարզաբանումներ տուած է պատգամաւորներու՝ օրինագիծին առնչուող հարցադրումներուն եւ առաջարկած օրէնքի նախագիծը 1-ին ընթերցմամբ ներկայացնելու կից օրէնքներու փաթեթով։

Յանձնաժողովը միաձայն կողմ քուէարկած է նախագիծի ընդունման, եւ զայն դրական եզրակացութեամբ պիտի ընդգրկէ յառաջիկայ հերթական նիստի օրակարգին։

Հայրենապատում – Քնարավան – ԱՐՑԱԽ
Հայրենապատում – Քնարավան – ԱՐՑԱԽ

rakouyn.com/2022/02/15/ահ-աժ-պետաիրաւական-հարցերու-մշտական-յ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail