Ուքրանիոյ Տագնապին Ազդեցութիւնը Կ՝երկարի Մինչեւ Միջերկրական Ծով. «Գանձասար»
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Խմբագրական
Օրեր առաջ նկատելի դարձաւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնները Սուրիա՝ նոր կործանիչներով եւ հրթիռներով զինելու Միջերկրականի ռուսական նաւատորմն ու Հմէյմիմ զինուորական կայանը:Այս անգամ նկատելի էր լրատուութեանց եւ հաղորդագրութիւններու ընդմէջէն ռուսական կողմին յստակ ուղերձը՝ Արեւմուտքին, յատկապէս ՆԱԹՕ-ին:
Եթէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նախկին այցելութիւնները Սուրիա եւ Հմէյմիմ կայան կարճ հաղորդագրութեամբ մը կը յայտարարուէին, այս անգամ այցելութեան եւ անոր նախորդող ռուսական կործանիչներու Սուրիա փոխադրելու նպատակին մասին յստակօրէն կը յայտարարուէր, ոչ միայն ռուսական պաշտօնական մամուլով, այլեւ սուրիական մամուլով:
Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը յայտարարէր, որ «Զինուորական այս ինքնաթիռները տեղափոխուած են Միջերկրական ծով ՆԱԹՕ-ի օդային ուժերու առկայութիւնը նկատի ունենալով։
Այս կործանիչներն ու ռմբակոծիչները պիտի մասնակցին Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ ռուսական ռազմածովային զինուորական մարզումներուն»:
Յստակ է, որ Ռուսիա ուղերձ կը յղէ Արեւմուտքին, որ Ուքրանիոյ հարցի սրման պարագային վտանգի կրնայ ենթարկել ՆԱԹՕ-ի ուժերը եւ Ուքրանիոյ վրայ յարձակման անոնց մասնակցութիւնը ձախողութեան դատապարտել:
Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, սուրիական «Ուաթան Անլայն»-ը կը հաղորդէր, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շուէյկուի Դամասկոս այցելութիւնը եւ անոր հանդիպումը նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հետ ուղղակիօրէն կապուած են ուքրանական ճակատի սրման եւ անոր սուրիական ճակատին առնչումին հետ:
Աղբիւրը կ’աւելցնէր, որ Շուէյկուն նախագահ Ասատին տեղեկացուցած է մանրամասնութիւնները ռազմական այն զօրավարժութիւններուն, զորս ռուսական ուժերը պիտի սկսին սուրիական ափէն՝ ուքրանական ճակատին սրման հետ:
Պաշտօնական այս լրատուութիւնը ուղերձ մըն է արեւմուտքին այն առումով, որ Հմէյմիմ ռազմական կայանը պարզապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յենակէտ չէ այլեւս, անոր դերը կը գերազանցէ Սուրիոյ աշխարհագրութեան սահմանները՝ որպէս ռազմական յարձակումներու դէմ պաշտպանութեան նիզակ Միջերկրականի աւազանին մէջ, ռուս-արեւմտեան միջազգային բախումներու սկսման պարագային։
Ռուսական զինուորական վարժութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ օրերուն:Ուժերու ցուցադրութեան այս շարանը պիտի երկարի մինչեւ Ուքրանիոյ տագնապի լուծման եղանակի յստակացումը:
Լուծման պատերազմական տարբերակը բնականաբար պիտի առաջնորդէ լայնածաւալ պատերազմի, որուն մէջ պիտի ներքաշուի նաեւ Միջին Արեւելքը՝ իր աշխարհագրական դիրքին եւ Միջերկրականի մէջ ռուսական ու ՆԱԹՕ-ի ուժերու կուտակման հետեւանքով:
Պատերազմի բռնկումով պիտի ազդուի նաեւ հարաւային Կովկասը, յատկապէս Հայաստանը, որուն սահմանին կանգնած են արդէն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան:
Պատերազմի բռնկման պարագային նուազագոյն վնասներով դուրս գալու քաղաքականութեան մշակման հրամայականին առջեւ են ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Սուրիան:
yerakouyn.com/2022/02/17/ուքրանիոյ-տագնապին-ազդեցութիւնը-կ՝ե/