Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեան Ներկայ Եղած է Անօդաչու Թռչող Սարքերու Առաջին Աշխատանոցի Բացման
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Փետրուար 17-ին, Ստեփանակերտի N3 դպրոցին մէջ ներկայ եղած է անօդաչու թռչող սարքերու կրթական առաջին աշխատանոցի բացման արարողութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
Արտակ Բեգլարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայաստանի Յառաջատար ճարտարագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան, «Արմաթ»-ի 500 խմբավարներուն ու խումբի անդամներուն Արցախի մէջ ծրագրի իրագործման համար: Կարեւոր համարելով ճարտարապետական կրթութեան ու տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ուղղութեամբ հանրապետութեան մէջ առանձին կազմակերպութիւններու կողմէ գործադրուող ջանքերը՝ Արտակ Բեգլարեան մէկ անգամ եւս շեշտած է բնագաւառին մէջ պետական աջակցութեան շարունակականութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր, կենսունակ գաղափարներու իրագործման հարցով իր պատրաստակամութիւնը:
«Յառաջիկային Արցախի այլ դպրոցներու մէջ եւս նման աշխատանոցներ պիտի հիմնենք, կառավարութիւնն ալ պատրաստ է աջակցելու այդ ծրագրերուն: Եւ կարեւոր է նման ճարտարագիտական ու կիրառական գիտելիքի ու հմտութիւններու տրամադրումը մեր երեխաներուն, որոնք արդէն հնարաւորութիւն պիտի ունենան բարձրագոյն կրթութեան ոլորտ մտնելու յստակ կողմնորոշումներով, գիտելիքներով ու նպատակներով: Շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի կիրառական լուծումները ե՛ւ յառաջադէմ են, ե՛ւ կը համապատասխանեն մեր կարիքներուն ու ռազմավարական նպատակներուն»,- իր խօսքին մէջ նշած է պետական նախարարը:
Այնուհետեւ՝ օրէնսդիր, գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ աշակերտներու հետ՝ պետական նախարարը առաւել հանգամանօրէն տեղեկացուած է աշխատանոցի հնարաւորութիւններուն մասին, ոլորտի մասնագէտներուն հետ քննարկած ապագայ համատեղ ձեռնարկումներուն մանրամասնութիւնները:
yerakouyn.com/2022/02/17/արցախի-պետական-նախարար-արտակ-բեգլարե-2/