Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը. Վրէժ-Արմէն
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վրէժ-Արմէն – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Այսպէս է գլխաւոր տիտղոսը շատ կարեւոր գիրքի մը՝ «Հայոց պատմութեան հոլովոյթում» ենթախորագրով, հրատարակուած 2020 թ․ Երեւան («Դրօշակ»ի մատենաշար, թիւ 1)։ Ան հրատարակուած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին (ինստիտուտին) որոշումով եւ «Լուսակն» հրատարակչականին կողմէ։ 212 էջերու մէջ ադամանդի պէս սեղմուած-խտացուած այս հատորը հեղինակութիւնն է պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Արարատ Մ. Յակոբեանի։ Խմբագրութիւնը կատարած է նոյնպէս պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանը։ Առաջաբանին մէջ վերջինս իրաւամբ դիտել կու տայ, որ «Իր ամփոփիչ խօսքում մենագրութեան հեղինակը գտնում է, որ պէտք է շարունակել կենսունակ պահել ազգային արժէք համարուող այդ գաղափարը, նաեւ որպէս Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման, հայ ժողովրդի հայրենազրկման, պահանջատիրութեան ու փոխհատուցման համար պայքարի հեռագնայ գործնական ազդակ ու կռուան, իբրեւ համայն հայութեանը իր մեծ հայրենիքում հաւաքուած տեսնելու, արարելու, զարգանալու ու բարգաւաճելու նպատակ։ Եւ մեր կարծիքով՝ հէնց նման դաստիարակիչ առաքելութեան ու պատգամի է միտուած Ա. Յակոբեանի յաջողուած սոյն աշխատութիւնը» (էջ 6-7)։
Թէեւ գիրքը լոյս տեսած է մեր պատմութեան ամէնէն ամօթալի պարտութիւններէն՝ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, բայց ան առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ այսօր, քանի որ ընթերցողը անոր էջերէն վերահասու կ՚ըլլայ, թէ շատ բան չէ փոխուած ըլլա՛յ ներազգային ճակատի վրայ, ըլլա՛յ միջազգային ճակատներուն վրայ՝ մեր ներքին տարակարծութիւններու յաղթահարման ու արտաքին ուժերու գնահատման տեսակէտէն։ Միւս կողմէ՝ կարդալէ ետք այս հատորը չես կրնար անգամ մը եւս չհաստատուիլ քու այն անխախտ համոզումիդ մէջ, որ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարը այն միակ առանցքն է, որուն շուրջ կրնայ այս ազգը համախմբուիլ ու գոյատեւել։
Ընթերցողին աճող հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար ջանամ ամփոփ ներկայացնել գրքին բովանդակութիւնը, մէջբերել որոշ յատկանշական դիտումներ, մատնանշել կարգ մը յաւելեալ կէտեր, որոնք կրնային տեղ գտած ըլլալ այնտեղ, բայց մանաւանդ վեր առնել անոր անառարկելի արժէքը։ Բայց անկէ առաջ գիտնանք, թէ ով է Արարատ Յակոբեանը։ Իրմէ խնդրած ու ստացած ամփոփ կենսագրականին մէջ կը կարդանք, որ ան ծնած է 1947 թ․ փետրուար 26-ին ՀՀ Արմաւիրի մարզի Ապագայ գիւղը, ակունքները՝ պատմական Սասունէն: 1971 թ․ ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքը աւարտելէ ետք աշխատանքի է անցած Հայկ. ՍՍՀ ԳԱ պատմութեան հիմնարկին մէջ, ուր ալ պաշտպանած է թեկնածուական եւ դոկտորական ատենախօսութիւնները: 2005-2013 թթ․ գլխաւորած է Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի (ՀՊՏՀ) պատմութեան եւ քաղաքագիտութեան ամբիոնը ու ստացած է պրոֆեսորի գիտական կոչում: Անոր գիտական հետաքրքրութիւնները կ՚ընդգրկեն Հայաստանի 20-րդ դարու հասարակական-քաղաքական պատմութեան առանցքային բազմաթիւ հիմնահարցեր: Հրատարակած է 20-է աւելի մենագրութիւն, 100-է աւելի գիտական յօդուածներ՝ նուիրուած Առաջին հանրապետութեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, հայ պարբերական մամուլի, Հայկական հարցի, Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագրերու, ստալինեան քաղաքական բռնաճնշումներու պատմութեան եւ արդիական հնչեղութեան տարաբնոյթ այլ հիմնահարցերու լուսաբանմանն ու գնահատականին:
Ա. Յակոբեանի այս հատորը կը բաղկանայ 18 գլուխներէ, որոնք կը յաջորդեն «Մուտք» խորագրով ներածականի մը ու կ՚աւարտին «Վերջաբանի փոխարէն», կրնանք ըսել՝ յաւելեալ գլուխով մը, որ կ՚ամփոփէ հեղինակին միտք բանին։ Առաջին գլուխը նուիրուած է Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարի պատմական ակունքներուն, այդպէս ալ խորագրուած է։ 2-16-րդ գլուխները մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն այդ գաղափարի հոլովոյթը ազգային կուսակցութիւններու յառաջացումէն մինչեւ 1921 թուականը, այսինքն՝ 35-40 տարուան փոթորկալից ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Վերջին գլուխը նոյն տեսլականին մասին կը խօսի Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, իսկ ներկայ իրավիճակին կ՚անդրադարձուի «Վերջաբանի փոխարէն» գլուխին մէջ։ Աղբիւրները, որոնցմէ առատ մէջբերումներ կատարուած են, կը յիշատակուին էջատակի յղումներով, մինչդեռ ցանկալի պիտի ըլլար նաեւ վերջաւորութեան ունենալ անոնց ցանկը։ Աւելցնեմ, որ նոյնպէս օգտակար կ՚ըլլար գլխաւոր իրադարձութիւններու, խորհրդաժողովներու եւ դաշնագրերու ցուցակի մը ներառումը։
Առաջին գլուխին մէջ Արարատ Յակոբեան կը յիշատակէ մեր պատմական թագաւորութիւնները, որոնք «իրենց մէջ մարմնաւորել են Միացեալ Հայաստանի ֆիզիքական եւ քաղաքական բովանդակութիւնը» (էջ 12), եւ իրաւամբ կը նշէ, մէջբերումը կատարելով Ռուբէն Տէր-Մինասեանի մէկ յօդուածէն, որ ամբողջական Հայաստանի անառարկելի պահանջը կը բխի նոյն ինքն «մեր ժողովուրդի եւ Հայաստանի պատմութենէն»։ Ապա կ՚աւելցնէ, այս անգամ Ա. Այվազեանի բառերով՝ «Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի ռազմավարական անձեռնմխելի պաշարն է: Այն պարունակում է կայուն պետութիւն եւ հասարակութիւն կերտելու ամուր հիմք, որն է հայկական չորսհազարամեայ քաղաքակրթութիւնը եւ նրա արդիւնք հանդիսացող հայոց զօրեղ, ընդգծուած իւրօրինակ ինքնութիւնը» (էջ 11)։
Յետոյ դիտել կու տայ, որ «հետագայ դարերում, արտաքին ու ներքին ոչ նպաստաւոր գործօններով ու հանգամանքներով պայմանաւորուած, Հայաստանը կորցրեց իր անկախ պետականութիւնը, ուստիեւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Հայաստանի անկախութեան կորստից յետոյ էլ ազատութեան ու անկախութեան գաղափարները մնացին ժողովրդի դիցաբանութեան, հերոսապատումների, հոգեւոր բնոյթի երկերի ու ձեռագրերի մէջ: Մի խօսքով՝ դրանք նիւթական մշակոյթի, պատմական յիշողութիւնների ձեւերով դարերի ընթացքում փոխանցուեցին սերնդէ-սերունդ եւ հասան մինչեւ մեր ժամանակները» (էջ 11-12)։ Հուսկ, անդրադառնալով Բագրատունեաց եւ քանի մը դար ետք Կիլիկեան հայկական պետականութեան կորուստին, կը յարէ, որ «Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը դառնում է հայ կրօնական ազգ-համայնքի հոգեւոր կենտրոնը՝ շեշտը դնելով առայժմ հոգեւոր Միացեալի վրայ. «իբրեւ հայրենի հողի վրայ գոյատեւող պետականազուրկ կրօնական համայնք»», ինչպէս կը նշէ Գ. Խուտինեան նոյն հարցին նուիրուած իր յօդուածով (էջ 13)։ Այս գլուխը կ՚աւարտի յիշատակումովը 17-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 1878 թուականը՝ Մահտեսի Մուրատ Բաղիշեցիէն, Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսէն, Իսրայէլ Օրիէն մինչեւ Շահամիր Շահամիրեան («Որոգայթ փառաց»), Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոս, Խրիմեան Հայրիկ («Երկաթէ շերեփը»), Ալիշան, Նալբանդեան, Րաֆֆի եւ ուրիշներ, որոնք, Գ. Լազեանի բառերով, «կը յուսային ոչ միայն ազատագրուիլ պարսկական եւ թրքական լուծէն, այլեւ վերստեղծել Հայաստանի անցեալ փառքը, դառնալու համար ազատ ու անկախ պետութիւն» (էջ 15)։
Երկրորդ գլուխը կը վերաբերի ազգային կուսակցութիւններու դիրքորոշումներուն։ Կը սկսի հետեւեալ պարբերութեամբ. «Հայրենիքի ազատագրութեան եւ պետականութեան վերականգնման գաղափարաբանութիւնը նոր որակ է ստանում 19-րդ դարի 80-ական թթ․ երկրորդ կէսից, երբ ձեւաւորւում են հայ ազգային կուսակցութիւնները: Հայրենիքի ազատագրութեան հրամայականով դարավերջին ասպարէզ իջած հայ աւանդական երեք կուսակցութիւնների համար էլ առաջնային խնդիրը Թուրքահայաստանի՝ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութիւնն էր: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնների ասպարէզ իջնելն ինքնին ենթադրում էր նախորդ՝ խօսքի՝ մտքերի ու գաղափարների տարածման շրջանից անխուսափելիօրէն անցում կատարել դէպի գործի շրջան» (էջ 19-20)։ Կը նշուի հիմնումը Արմենական կուսակցութեան (Վան, 1885), Հնչակեան կուսակցութեան (Ժընեւ, 1887) եւ ՀՅ Դաշնակցութեան (Թիֆլիս, 1890), որոնցմէ առաջինն ու երրորդը սկզբնապէս կը հետապնդէին Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը, մինչ երկրորդը մէջտեղ կու գար «Մեծ Հայաստանի» (ամբողջ Մեծ Հայքը ներառող) ծրագրով։
«Այս կապակցութեամբ Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան առաջին հեղինակներից Մ. Վարանդեանը փաստում է, որ Դաշնակցութեան ռահվիրաները, իբրեւ զգաստ իրապաշտներ, հանդէս եկան աւելի համեստ, սահմանափակ ծրագրով, քանզի Քրիստափորի ու Զաւարեանի նման ընկերները լաւ կ՚ըմբռնէին, «թէ որքան յանդուգն ու ցնորական պիտի երեւէր անկախ Հայաստանի պահանջը նման զարհուրելի (նկատի էր առնւում թուրք-քրդական հարեւանութեամբ միջավայրը՝ Ա. Հ.) պայմաններու մէջ»» (էջ 22)։ Սակայն 1907 թ․ չորրորդ Ընդհանուր ժողովին արդէն Անդրկովկասի ալ ինքնավարութեան պահանջը մաս պիտի կազմէր ՀՅԴ ծրագրին՝ «20-րդ դարասեմի նոր իրողութիւններով պայմանաւորուած» (էջ 22)։ Յակոբեան դիտել կու տայ, թէ «Դա ճանապարհ էր բացելու յաջորդ քայլի՝ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծման համար: Ուստի Հ.Յ. Դաշնակցութիւնն արտաքուստ չափաւոր, բայց հեռատես ու հետեւողական ծրագրային պահանջներով աւելի շատ նպաստ է բերել Հայաստանի անկախութեան գործին, քան հնչակեանները՝ «Մեծ Հայաստան» ստեղծելու աղմկայարոյց, ցուցադրական պահանջով ու գործելակերպով» (էջ 23)։
Այստեղ կ՚արժէ դիտել տալ, որ հետաքրքրական պիտի ըլլար գոնէ յիշել մշակոյթի, յատկապէս ազգային-յեղափոխական երգերու, ինչպէս նաեւ դաստիարակութեան դերակատարութիւնը ազատագրական գաղափարի մշակման ու տարածման մէջ, մանաւանդ որ ֆետայական շարժումը ի՛նք աղբիւր պիտի հանդիսանար նման մշակոյթի զարգացման՝ շարունակելով Պատկանեաններու, Նալբանդեաններու աւանդը։
Այդ թուականներէն մինչեւ 1918 թուականը՝ համաշխարհային մեծ վերիվայրումներուն ու իրադարձութիւններուն ընդմէջէն, անկախութեան գաղափարն ալ պիտի ունենայ իր հոլովոյթը՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքէն մինչեւ քաղաքական անկախութիւն, որ պիտի նուիրագործուէր Մայիսեան հերոսամարտերով։ Պատմաբանը անկէ ետք ցոյց կու տայ այն անհեթեթ դիրքորոշումը, որ հայութեան որոշ հատուածներ պիտի ցուցաբերէին իրողութիւն դարձած Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։ «Այդ համատեքստում միանգամայն մերժելի են հայ քաղաքական շրջանակներից բոլշեւիկների, հայ ռամկավարների, անգամ զօրավար Անդրանիկի եւ միւսների պնդումները, թէ Հայաստանի անկախութիւնը Թուրքիայի ձեռքով է ստեղծուել, «թուրքից ստացած նուէր է», դրա համար էլ իրենք չեն ճանաչում այդ հանրապետութիւնը» (էջ 41-42)։ Միւս կողմէ՝ յաջորդող էջերուն շարժանկարի մը նման կը տեսնենք տարբեր փուլերը Հայաստանի անկախութեան իրողութեան ընկալման, թէ՛ ներքին ճակատի վրայ եւ թէ՛ արտաքին։ Եւ մէկ կողմէն՝ հոն՝ Արարատի շուքին, իրողական գոյառումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ միւս կողմէն՝ այլ կուսակցութիւններու, նոյնիսկ Դաշնակցութեան մէջ որոշ խմբաւորումներու տարբեր պատկերացումները միացեալ Հայաստանի կերտումին, անոր ունենալիք տարածքին ու անկախութեան կամ անոր ընդդիմութեան տեսակէտէն։ Բայց իրաւամբ, ինչպէս կը գրէր ՀԺԿ պաշտօնաթերթ «Ժողովուրդ»-ը, «Միացեալ եւ Ազատ Հայաստան՝ դա կը լինի արմատական լուծումը Հայկական հարցի, դա կը լինի ամենանպատակայարմարը թէ՛ միջազգային խաղաղութեան եւ թէ՛ հայ ժողովրդի շահերի տեսակէտից» (էջ 48)։ Կը ներկայացուի նաեւ Պօղոս Նուպար փաշայի անձին կողմէ եւ անձին շուրջ ստեղծուած ամբողջ եղերազաւեշտը. «Մեր կարծիքով՝ Պ. Նուբար փաշայի, հայ ռամկավարների ու հայ ժողովրդականների սխալն այն էր, որ, կարեւորութիւն չտալով իրական Հայաստանի Հանրապետութեան գործօնին, որի առանցքի շուրջ հէնց պէտք է միաւորուէին հայկական մնացեալ հողերը, եւ ստեղծուէր Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան, նրանք Արեւմտեան Հայաստանի (Տաճկահայաստանի) հարցը կտրում էին իրատեսական հիմքից եւ Միացեալ, Անկախ Հայաստան ասելով
հասկանում էին տաճկահայ նահանգները եւ Կիլիկիան միասին՝ կասկածի տակ առնելով ՀՀ գոյութիւնը» (էջ 60)։
Ինչպէս կը նշէ հեղինակը, շատ ճիշտ բանաձեւած է նաեւ Ալեքսանտր Խատիսեան ՀՀ պատմութեան նուիրուած իր ծանօթ գործին մէջ. «Ճիշդ է,– գրում է Ալ. Խատիսեանը,– այդ վիլայէթները մեր ձեռքը չէին, բայց հայ ժողովուրդի գիտակցութեամբ անոնք չէին կրնար պատկանիլ ուրիշ ոեւէ մէկուն, բացի Հայաստանէն. հայութիւնը հասած էր ազգային այնպիսի գիտակցութեան մը, որ չէր կրնար ճանչնալ սահմաններու պատահական բաժանում եւ հատուածներու գոյութիւն. ան կը զգար ինքզինքը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ իր այդ միութեան գաղափարը կ՚ուզէր մարմնաւորել որեւէ մէկ աքտի մէջ» (էջ 71)։ Այդ «ակտը» պիտի լինէր 1919 թ․ մայիս 28-ին՝ խորհրդարանի ու կառավարութեան հանդիսաւոր նիստին, նոյն ինքն ՀՀ կառավարութեան նախագահի պաշտօնակատար Խատիսեանի կողմէ կարդացուած «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան յայտարարման ակտը»։ Ա. Յակոբեան դիտել կու տայ․ «Այսպիսով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կեանքի էր կոչում օտար նուաճողների կողմից բռնութեամբ միմեանցից զատուած հայ ժողովրդի երկու հատուածների՝ իրենց հնամենի հայրենիքում մէկ միասնական պետութիւն ունենալու պատգամը եւ այն մատուցում քաղաքակիրթ աշխարհին՝ որպէս համայն հայութեան յստակօրէն արտայայտուած քաղաքական կամք»։ Ապա ան կ՚աւելցնէ, որ այդ ակտը «իրաւական առումով անթերի ու անխոցելի փաստաթուղթ է, որը չի կորցրել իր իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը նաեւ այսօր՝ Հայաստանի թուով երրորդ համարուող հանրապետութեան օրօք, որը, համաձայն 1990 թ. օգոստոսի 23-ին ընդունուած անկախութեան հռչակագրի, հանդիսանում է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթների շարունակողը» (էջ 82)։ Աւելցնեմ, որ Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհանուր ժողովը մէկընդմիշտ պիտի որդեգրէր Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարը՝ նոյնիսկ տեղի տալով Պօղոս Նուպարի տարածքային աւելի լայն ախորժակներուն (վեց վիլայէթներն ու Կիլիկիան նկատի առնելով), սակայն, ինչպէս կը նշէ հեղինակը, «պատմաքաղաքական հետագայ անցքերը ցոյց տուեցին, որ չափաւոր պահանջներ ներկայացնող պատգամաւորները՝ Ռ. Տէր-Մինասեանը, Ս. Վրացեանը, Ա. Բաբալեանը եւ ուրիշներ, աւելի իրատես էին, քան մեծամասնութիւն կազմող արմատականները: Բայց եթե ապագայ Մեծ Հայաստանի սահմանների, այդ թւում՝ Կիլիկիայի խնդրում ժողովականների կարծիքները բաժանուեցին, ապա Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստան ունենալու հարցում նրանք մնացին անսասան» (էջ 107)։ Ցաւալի է, որ, այնուամենայնիւ, հատուածական տարաձայնութիւնները պիտի շարունակուին՝ յատկապէս չհանդուրժելով ընկերվարական Դաշնակցութեան կենսական դերակատարութիւնը այս ընթացքին։
Գիրքը մեզ կը հասցնէ Փարիզի վեհաժողովին, ապա, անցնելով տակաւին մեր անկախութեան ու սահմաններու ճանաչման խոչընդոտող այլ յայտնի թէ գաղտնի ժողովներէ, 1920 թ․ օգոստոս 10-ին Փարիզի արուարձան Սեւրի «Յախճապակու թանգարանի դահլիճում» հանդիսաւոր նիստին «կնքուեց երկար սպասուած հաշտութեան պայմանագիրը։ Դաշնակից 12 երկրների ու Թուրքիայի պատուիրակութեան ստորագրութիւնների կողքին ոսկեայ գրիչով իր ստորագրութիւնը դրեց նաեւ ՀՀ պատուիրակութեան ղեկավար Ա. Ահարոնեանը» (էջ 139)։ Գիտենք, որ Հայաստանի տեսլականը, եւ վերջին յօդուածով, ինչպէս որոշուած էր նախապէս կայացած Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին մէջ, ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կը վստահուէր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանը գծելու պարտականութիւնը։
Այդ ալ պիտի կատարուէր 1920 թ․ նոյեմբեր 22-ին ստորագրուած նախագահական իրաւարար վճիռով։ Սակայն պատմութիւնը պիտի ընթանար Հայաստանի ու հայութեան համար ոչ բարենպաստ ուղղութիւններով, եւ մինչեւ օրս թուղթի վրայ պիտի մնային թէ՛ պայմանագիրը եւ թէ՛ Ուիլսընի վճիռը, բայց անոնք պիտի մնան նաեւ հիմքը մեր պահանջատիրութեան, ինչպէս կը հաստատէ Արարատ Յակոբեան. «Այսպիսով՝ Սեւրի պայմանագիրը եւ նախագահ Վ. Վիլսոնի իրաւարար վճիռը Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարի միջազգային պայմանագրային ու արբիտրաժային (իրաւարարական) ձեւակերպումներն էին, որոնք կոչուած էին միջազգային ամենաբարձր մակարդակով լուծում տալու Հայկական հարցին կամ Հայ դատին: Սեւրի դաշնագիրը եւ Վ. Վիլսոնի անբեկանելի Իրաւարար վճիռը հայ ժողովրդի դարաւոր պայքարի, օրինական պահանջների միջազգային ճանաչման աներկբայ իրողութիւններ են, որոնք չունեն վաղեմութեան ժամկէտ եւ կը շարունակեն մնալ ուժի մէջ՝ որպէս հայրենատիրութեան իրաւական փաստեր ու վաւերագրեր, որպէս հայ ժողովրդի պայքարի ու յաղթանակի խորհրդանշաններ» (էջ 150)։ Այո՛, 1920 թ․ վերջաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի գտնուի «բոլշեւիկեան մուրճի եւ թուրքական սալի» միջեւ, ինչպէս այնքան պատկերաւոր բանաձեւած է Սիմոն Վրացեան։ Եւ հակառակ անոր, որ 1921 թ․ նախ Մոսկուայի, ապա Կարսի պայմանագրերով արդէն խորհրդայնացած Հայաստանին պիտի պարտադրուէր չճանչնալու Սեւրի դաշնագիրը, այն դաշնագիրը, որը՝ «իբրեւ ազգային գաղափար (տեսլական) ու նպատակ, եղել եւ մնում է համայն հայութեան ամենանուիրական իղձերից, հայ ժողովրդի պատմական մեծագոյն յիշողութիւններից մէկը, որով միջազգայնօրէն հայ ժողովրդին տրուել է իրաւունք՝ իր պատմական հայրենիքում կերտելու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան: Հարկ է նաեւ փաստել, որ թէեւ միջազգային իրաւունքի գործառոյթի տեսակէտից Սեւրի պայմանագիրը հետագայում չվաւերացուեց եւ օրինական ուժ չստացաւ, սակայն, միւս կողմից, այն անօրինական կամ անվաւեր չի ճանաչել (դենոնսացիա) պայմանագիրն ստորագրած դաշնակից եւ ոչ մի երկիր» (էջ 175-176)։ Պատմաբանը հարց կու տայ․ «Մեծ տէրութիւններից ո՞րը հանդիսացաւ Սեւրի պայմանագրի իրագործման ամենամեծ խոչընդոտը»։ Եւ ինքն ալ կը պատասխանէ. «Կարելի է վստահ արձանագրել՝ Խորհրդային Ռուսաստանը, եթէ, ի հարկէ, կարելի լինի այդ շրջանում նրան դասել Մեծ տէրութիւնների շարքը», ապա անմիջապէս կ՚աւելցնէ. «Կարելի է նաեւ պնդել, որ եթե չլինէր բոլշեւիկեան Ռուսաստանի համակողմանի՝ ռազմաֆինանսական, դիւանագիտական, բարոյական օգնութիւնը, թուրքերը չէին կարողանայ հեշտութեամբ յաղթել թուրք-հայկական պատերազմում եւ ուժով ու բռնութեամբ Հայաստանին չէին պարտադրի Ալեքսանդրապոլի կողոպտիչ պայմանագիրը եւ առաջին հերթին որպէս նախապայման՝ պարտադրելով Հայաստանի կառավարութեանը հրաժարուել Սեւրի պայմանագրից» (էջ 176)։ Եւ ան իրաւամբ կը հաստատէ նաեւ, որ «միջազգային պայմանագրային իրաւունքի տեսակէտից բռնի ուժի գործադրմամբ պարտադրուած պայմանագիրն անընդունելի է ու անվաւեր» (էջ 181)։ Պատմութիւնը, սակայն, այդպէս կանգ չ՚առնէր։ Պիտի շարունակուէին սադրիչ խորհրդաժողովները դաշնակից երկիրներուն կողմէ, եւ Լոզանի մէջ 1923 թ․ յուլիս 24-ին պիտի ստորագրուէր նոր համաձայնագիր, «որում արդէն լիովին մոռացութեան մատնուեց ոչ միայն Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի, այլեւ Լոնդոնի խորհրդաժողովում իրենց իսկ առաջադրած հայկական «Ազգային տան» պահանջը» (էջ 190)։ Եւ այս՝ ի մեծ ուրախութիւն խորհրդայիններուն։
Հետաքրքրական է, սակայն, Արարատ Յակոբեանի հետեւեալ նշումը. «Բայց եւ այնպէս խօսելով Լոզանի պայմանագրի մասին՝ հարկ է նշել, որ դրանում չկայ որեւէ արձանագրում Թուրքիայի արեւելեան սահմանների մասին, չի նշւում, թէ Թուրքիան ինչ սահմանագծով է բաժանւում ՀԽՍՀ-ից, աւելի ստոյգ՝ ԽՍՀՄ-ից: Այդ նշանակում է, որ պայմանագիրը ստորագրած Անտանտի մեծ ու փոքր երկրները չեն ճանաչել Թուրքիայի արեւելեան սահմանագծի վերաբերեալ Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրի դրոյթները, եւ իրականում դա այդպէս էլ կայ: Լոզանի պայմանագրում ոչ մի խօսք չի ասուած նաեւ 1920 թ. նոյեմբերի 22-ին Վ. Վիլսոնի անցկացրած հայ-թուրքական սահմանագծի մասին: Բերուած փաստարկներից կարելի է հետեւցնել, որ Լոզանի պայմանագիրը կարող է Թուրքիայի եւ նրա արեւելեան հարեւանների միջեւ սահմանների հետագայ կարգաւորման իրաւական ու քաղաքական խնդիր առաջացնել» (էջ 194)։
«Վերջաբանի փոխարէն» իր եզրափակիչ խօսքով գրքին հեղինակը կը հաստատէ, որ «ամբողջ միջնադարում եւ նոր ժամանակներում հայ հանրոյթի ներսում երբեք չմարեց պետականութեան ու քաղաքական
անկախութեան գաղափարը» (էջ 199)։ Ապա կ՚աւելցնէ. «Արդէն 19-րդ դարի 2-րդ կէսին հայ հասարակական-քաղաքական միտքը որակական նոր փուլ թեւակոխեց: Դարավերջին ասպարէզ իջան հայ ազգային քաղաքական երեք՝ Արմենական, Հնչակեան եւ Հ.Յ.Դ. կուսակցութիւնները, որոնք իրենց որդեգրած մարտավարութեամբ ու ռազմավարութեամբ ձեռնամուխ եղան հայրենի երկրի ազատագրման ծրագրային պահանջի իրագործմանը՝ ինքնապաշտպանութիւնից ու ինքնավարութիւնից դէպի քաղաքական անկախութիւն վերընթացով, որը, ի վերջոյ, ռուսական յեղափոխութիւնների եւ Առաջին աշխարհամարտի բարդ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնների տրամաբանութեամբ, Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերի գնով յանգեցրեց Հայաստանի անկախութեան փաստին, իսկ ապա նաեւ՝ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարի իրացման քայլին: Այդպիսով, դարաւոր ընդմիջումից յետոյ վերականգնուեց Հայոց անկախ պետականութիւնը՝ նոր բովանդակութեամբ ու նոր արժեհամակարգով: Դրանով իսկ հնարաւորութիւն ստեղծուեց վերականգնելու օտար ուժերի կողմից դարերով արհեստականօրէն բաժանուած Հայաստանների միասնութիւնը, հայ մեծանուն գրողներից Պ. Սեւակի բնորոշմամբ՝ «Հայաստան» մաքրանունից պոկելու եւ դէն նետելու «Ռուսա»-ն եւ «Տաճկա»-ն» (էջ 199-200)։
Այստեղ ալ թող թոյլ տրուի ինծի ափսոսալ, որ գիրքը չ՚անդրադառնար այն անուրանալի կենսական առաքելութեան, որ ստանձնեցին հայրենահայ գրողները եւ, ինչպէս Չարենցը, իրենց կեանքի գնով վառ պահեցին Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը համայնավար տիրապետութեան ամբողջ 70 տարիներուն։ Դաշնակցութիւնը շարունակեց մնալ այդ գաղափարին ջատագովը, իր յաջորդական Ընդհանուր ժողովներով վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ պայքարելու այդ գաղափարին համար, բայց միեւնոյն ատեն չվարանեցաւ նոյնիսկ համաձայնիլ, որ Խորհրդայի՛ն Հայաստանի կցուին հաւանական, բայց երբեք յաւելեալ տարածքները, որոնք կրնային Բ. աշխարհամարտին անցնիլ Խորհրդային Ռուսաստանի իշխանութեան ներքոյ։ Պատմաբան Յակոբեան կը շարունակէ. «Պանդխտութեան մէջ յայտնուած Հ.Յ.Դ.-ն շարունակեց պահանջատիրութեան համար գաղափարական-քաղաքական պայքարը: Ի վերջոյ, 70-ամեայ տարագրութիւնից յետոյ՝ 1990 թ. օգոստոսի 8-ին, Հ.Յ.Դ.-ն կրկին բացայայտեց իր գործունէութիւնը մայր հայրենիքում: Դարձեալ արձանագրուեց հայապատկան բոլոր հողերի վրայ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան կերտելու քաղաքական հիմնանպատակը: Արցախեան ազատագրական պայքարին, Հայաստանի անկախացման ու պետականաշինութեան գործընթացներին զօրավիգ լինելուց զատ՝ Հայ Դատը շարունակում է մնալ կուսակցութեան դաւանած անժամանցելի ազգային Մեծ երազանքը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի օգոստոսի 8-ի յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «․…ինքնիշխանութիւն հաստատելու պահից մինչեւ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծումը մեզ (կուսակցութեանը՝ Ա. Հ.) սպասում է երկար եւ դժուարին պայքար: Անհրաժեշտ է դիմանալ, պայքարել եւ փուլ առ փուլ իրագործել մեր ազգային երազանքը»» (էջ 207)։ Ապա կ՚աւելցնէ. «Դժուար չէ կռահել, որ եթէ մոռացութեան մատնուի այդ գաղափարը, ապա աշխարհացրիւ սփիւռքահայութիւնը, Հայրենիք վերադառնալու հեռանկարը չտեսնելով, կարող է արդի գլոբալացուող (համաշխարհայնացուող) աշխարհի պայմաններում անխուսափելիօրէն ձուլուել ու փոշիանալ» (էջ 208), եւ կը յարէ. «Միացեալ Հայաստանի գաղափարը կենսարթուն պահելը եւ դրան հետամուտ լինելը նաեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր է» (էջ 208)։
Գիրքը կ՚աւարտի հետեւեալ բառերով. «Հայ ժողովուրդն իր այդ գերնպատակը [իբր] ազգային արժէք պէտք է վառ պահի, նաեւ գործնական քայլերով հետամուտ լինի՝ միշտ մտածելով ու գործելով, որ կը գայ մի գեղեցիկ օր, երբ այն, ի վերջոյ, կեանքի կը կոչուի, ու կ՚իրագործուի «Վիլսոնեան Հայաստան»-ի ազգային-քաղաքական նպատակը: Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարը նաեւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովրդի ազգային ինքնութեան պահպանման, կենսունակութեան ու յարատեւութեան միջոց է ու կռուան, իր ամբողջացած հայրենի հողում հաւաքուելու, ապրելու, ստեղծագործելու եւ բարգաւաճելու նպատակ: Հէնց սրանում է «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի» պատմական ակտի 100-ամեակի խորհուրդը» (էջ 210)։
Դասագրքի հիմնական արժէքով ու տեւաբար ձեռքի տակ ունենալիք գիրք մըն է ահա, որ կը յանձնեմ ընթերցողի ուշադրութեան։
yerakouyn.com/2022/02/17/միացեալ-եւ-անկախ-հայաստանի-գաղափարը-վ/