Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Աւելի Աշխուժ Կերպով Մասնակցելու Արցախի Հարցով Կայուն Լուծումի Որոնման
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եւրոպական խորհրդարանը ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան գործադրութեան մասին 2021 թուականի տարեկան զեկուցումին մէջ վերահաստատած է իր շարունակական աջակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն, մասնաւորապէս անոնց անկախութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան` իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի կամքը յարգելուն:
Եւրոպական խորհրդարանը զեկուցումին մէջ կոչ ուղղած է լիարժէքօրէն կատարելու Հայաստանի հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, ընդգծած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ անդամ պետութիւններու մասնակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը շրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ շրջանային տէրութիւններու ազդեցութեան եւ միջամտութեան հակազդելու համար:
Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է, անոր անդամ պետութիւններուն եւ փոխնախագահ/բարձր ներկայացուցիչին գործնական կերպով մասնակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Արցախի հարցով կայուն լուծումի որոնման եւ կանխարգիլելու շրջանին մէջ լարուածութեան հետագայ մագլցումը, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ յետպատերազմեան խնդիրներու լուծման, որոնց շարքին` սահմանազատման եւ բոլոր պատերազմական գերիները ազատ արձակելու ճամբով:
Նշուած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը մնայ այդ տագնապի լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը` տարածքային ամբողջականութեան, ուժ չկիրարկելու, ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան, ինչպէս նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքներու հիման վրայ:
Եւրոպական խորհրդարանը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կոչ ուղղած է շուտափոյթ վերադառնալու իր միջնորդական դերին:
www.aztagdaily.com/archives/538466