Այսօր` Արցախի Խորհրդարանի Արտահերթ Նիստ – Այսօր` Արցախի Խորհրդարանի Արտահերթ Նիստ – Այսօր` Արցախի Խորհրդարանի Արտահերթ Նիստ
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այսօր` ուրբաթ, 18 փետրուարին կը գումարէ արտահերթ նիստ մը:
«Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 114-րդ յօդուածի 2-րդ մասի եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի 37-րդ յօդուածի Ա. մասին համաձայն, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ 18 փետրուար 2022-ին, ժամը 11:00-ին, պիտի գումարուի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ` նախաձեռնողներու սահմանած հետեւեալ օրակարգով.
1.- «Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներու մասին» եւ «Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» (օրէնքներու նախագիծերու ծրար):
2.- Արցախի վերածնունդի օրուան առիթով Ազգային ժողովի յայտարարութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ չորեքշաբթի, 16 փետրուարին, Արցախի Ազգային ժողովը, առաջին ընթերցումով, միաձայնութեամբ ընդունեց «Բռնազաւթուած տարածքներու մասին» եւ «Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը, որուն թեր քուէարկեցին նիստին ներկայ բոլոր 31 պատգամաւորները:
Օրէնքի նախագիծը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն` Ազրպէյճանի եւ 2020 թուականին` Թուրքիոյ եւ օտար զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումին հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին եւ անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ դրութեան, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան կապուած յարաբերութիւնները:
Օրէնքի նախագիծով, բռնագրաւուած տարածքներ կը նկատուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող` «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչատարածքային բաժանման մասին» օրէնքին մէջ *-ով, **-ով եւ ***-ով նշուած շրջանները, համայնքները եւ բնակավայրերը, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններու տարածքին մէջ ընդգրկուած հողերը եւ ջրային պաշարները:
*-ով նշուած բնակավայրերը բռնագրաւուած են Ազրպէյճանի կողմէ 1991-1994 թուականներու պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով, իսկ **-ով եւ ***-ով նշուած բնակավայրերը բռնազաւթուած են Ազրպէյճանի կողմէ 2020-ի սեպտեմբեր 27-ին` Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով:
Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ օտարերկրեայ անձերու մուտքը, ելքը եւ տեղաշարժը կը թոյլատրուի միայն Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Այդ կարգի խախտումը կը յառաջացնէ Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատասխանատուութիւն:
Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տնտեսական որեւէ գործունէութիւն, ներառեալ արտօնագիր, թոյլտուութիւն, գրանցում պահանջող գործունէութիւն եւ ցանկացած շինարարութիւն կ՛իրականացուի Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Այդ կարգի խախտում կը յառաջացնէ Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատասխանատուութիւն:
Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան խախտումով իրականացուած տնտեսական որեւէ գործունէութենէ ստացուած եկամուտները, գոյքը եւ միջոցները, ինչպէս նաեւ շինարարութեան հիմամբ կառուցուած շինութիւնները կը հանդիսանան անօրինական ուղիով ստացուած եւ կը յառաջացնեն Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած հետեւանքներ:
www.aztagdaily.com/archives/538479