Խմբագրական. Գծուող Եւ Չգծուող Զուգահեռներ – Փետրուարեան Ապստամբութեան 101-Ամեակին Առիթով

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ

Խմբագրական. Գծուող Եւ Չգծուող Զուգահեռներ (Փետրուարեան Ապստամբութեան 101-Ամեակին Առիթով)

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ:

Ազատագրական շարժման պատմութեան կամ ընդհանրապէս մեր ժամանակակից պատմութեան շրջադարձային իրադարձութիւններու նշումի այժմէականացման փորձը օրինաչափ է հայ հրապարակագրութեան մէջ: Միշտ չէ, որ կարելի կ՛ըլլայ հարազատ աղերսներ գտնել պատմական եւ ժամանակակից իրադարձութիւններու խորհուրդներուն միջեւ:

Պատմական դասերը սակայն էական են: Պատմութեան ճիշդ ընթերցումը, ազգային ոսպնեակի օգտագործման եւ ընկալման անհրաժեշտութիւնը հրամայական են զուգահեռներ գծելու, բայց յատկապէս գալիք մարտահրաւէրները դիմակայելու նախապատրաստութեան համար:

Իսկ մարտահրաւէրները բազմաթիւ են, տարողունակ եւ ճակատագրորոշ: Գոյաբանական նոյնիսկ: Պարտադրանքներ` համաձայնութեան տեսքով, միակողմանի զիջումներ բանակցային շղարշով եւ կախեալութիւններ` գերիշխանութեան կարգախօսներով: Ահաւասիկ այն իրականութիւնները, որոնց դէմ յանդիման են մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը:

Պարտադրանքներու, գոյաբանական խնդիրներու առջեւ կանգնած էինք նաեւ 101 տարի առաջ ճիշդ այս օրը: Դարձեալ աքցանուած մուրճի եւ սալի միջեւ. դարձեալ գերիշխանութեան կորուստի վտանգին առջեւ:

Պայմաններու զուգահեռներ կան. չկան հակազդելու զուգահեռները: Փետրուարեան ապստամբութիւնը համաժողովրդային շարժում էր. ինչպէս էր Սարդարապատը կամ զանգեզուրեան գոյամարտը: Այդպէս էր նաեւ արցախեան 88-ի շարժումը:

Կան ահագին ուսումնասիրելի պատճառահետեւանքային իրավիճակներ: Ո՛չ արցախեան տարածքներու կորուստը, ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն ուղղութեամբ կատարուած ոտնձգութիւնները, ո՛չ պարտադրուող երկխօսութեան գործընթացները, սահմանազատումներն ու սահմանագծումները, նոյնիսկ Կարսի նոր պայմանագիրի անմիջականութիւնը չեն արժանանար համազգային հակազդեցութեան:

Կայ խնդիր ժողովուրդին մօտ բարոյահոգեբանական վիճակի յաղթահարման: Կայ խնդիր ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ ժողովրդային բոլոր խաւերուն մօտ անդուլ աշխատանք տանելու` վերականգնելու համար այն արժէքները, որոնց նկատմամբ սուր զգայնութիւն յառաջացած էր ազգային մակարդակով:

Ապստամբութիւնը գիտակցական դաշտի ձեւաւորում կ՛ենթադրէ: Ապստամբութիւնը միայն զինական բնոյթ չունի: Դիմադրութիւնը արտայայտուելու, բողոքի գործողութիւններու դիմելու, հակազդելու, մերժելու, չընդունելու եւ ապա զանգուածներ առաջնորդելու հասկացողութիւն է: Տեսական է ու գործնական, գիտակցական է եւ գործադրական, գաղափարական է եւ կազմակերպական, քարոզչական է եւ ցանցային:

Հայ քաղաքական միտքը պէտք է նախ որոնէ այն պատճառները, որոնց կուտակումը յանգեցաւ այսօրուան չզանգուածայնացող ապստամբութեան: Մասնագիտական դաշտային աշխատանքի կարիք կայ` տարբեր ուղղութիւններով եւ ոլորտներով յանգելու համար եզրակացութիւններու: Երկարաշունչ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը կայ` վերականգնելու համար փետրուարեան աւանդով յատկանշուող արժեհամակարգը:

Պայմաններու զուգահեռները տեսանելի են: Չկան այդ պայմաններուն համաժողովրդային եղանակով հակազդելու զուգահեռները: Պէտք է ազգային հուն վերատեղադրել շեղած գիծերը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ

www.aztagdaily.com/archives/538444

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail