Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած Գործողութեան Յաջողութիւնը

Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած Գործողութեան Յաջողութիւնը

Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած Գործողութեան Յաջողութիւնը

19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

18 փետրուար 2022-ը լիբանանցիներուն համար կարելի է ամփոփել քանի մը երկվայրկեան տեւած իսրայէլեան կործանիչներու կողմէ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ գործած թռիչքներուն ձայներով, որոնք սարսափահար դարձուցին իր վախը տակաւին չյաղթահարած լիբանանցին:

Վախի մթնոլորտին ու իրարանցումին մէջ իր միտքը արթուն ու հաւասարակշռուած պահել փորձող քաղաքացին, որ հազիւ հասած էր իր տան պատուհանները բանալ` իբրեւ բնազդ, արդէն իմացաւ, որ Լիբանանի մէջ ծնած է նոր արտադրութիւն մը` «Հասսան» անունով:

Ուրեմն, «Հասսան»-ի ծնունդին երկունքը լիբանանցիները ապրեցան իսրայէլեան օդանաւերուն թռիչքներով, որովհետեւ մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ ցած մակարդակով այդ թռիչքներէն անմիջապէս ետք, Հըզպալլա յայտարարեց, որ իր կողմէ բռնագրաւուած Պաղեստին ուղղուած «Հասսան» տիպի անօդաչու թռչող սարքը հետախուզական իր պարտականութիւնը կատարած է 70 քմ երկարութեան վրայ, 40 վայրկեան տեւողութեամբ ու ապահով վերադարձած է Լիբանան, հակառակ թշնամի ուժերուն կողմէ զայն վար առնելու ճիգերուն եւ փորձերուն:

Արդեօք Հըզպալլա, հանրապետութեան նախագահին տարեդարձին առիթով, փափաքեցաւ «Հասսան»-ը անոր նուիրել, անոր իշխանութեան վերջին փուլը խորհրդանշակա՞ն դարձնել:

Ամէն պարագայի, տնտեսական սուր տագնապ դիմագրաւող երկրի մը համար լիբանանեան նոր արտադրութեան` «Հասսան»-ի ծնունդը «հետաքրքրական» է: Միշտ ալ այդպէս եղած է Լիբանանը, սակայն տիրող ներկայ կացութիւնը ցուցանիշ մըն է, որ յառաջիկայ օրերն ու զարգացումները կրնան «աւելի հետաքրքրական» դառնալ:

Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ կէսօրին յայտնած էր, որ Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը Լիբանանէն մուտք գործած է Իսրայէլ:

Ատրահի ըսած էր, որ Գալիլիոյ մէջ ահազանգ հնչեցուած է, իսկ իսրայէլեան ուժերը «Էֆ 16» կործանիչներ եւ յարձակողական ուղղաթիռներ օդ բարձրացուցած են` վար առնելու համար Իսրայէլի օդային տարածք մուտք գործած ականուած անօդաչու թռչող սարքը:

Աւելի ուշ իսրայէլեան ուժերը հաստատեցին, որ իրենք չեն յաջողած խոցել կամ կասեցնել Լիբանանէն Իսրայէլ մուտք գործած անօդաչու թռչող սարքը եւ կորսնցուցած են անոր հետքը:

Նշենք, որ կէսօրուան ժամերուն իսրայէլեան օդանաւեր ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեցին սահմանամերձ շրջաններուն վերեւ, ինչպէս նաեւ անոնք կեղծ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ:

www.aztagdaily.com/archives/538570

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail