«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Ուժեղ Անդամ Պիտի Մնայ, Եւ Ուքրանիա Ռուսական Որեւէ Ներխուժում Կը Մերժենք» Կ՛ըսէ Քալըն
19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի ուժեղ, ամուր ու անփոխարինելի դաշնակից պիտի մնայ»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Ան թրքական ՍԵԹԱ կեդրոնի Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան 70-ամեակին առիթով Պրիւքսելի մէջ կազմակերպած առցանց դասախօսութեան ընթացքին յայտնած է. «Թուրքիան 70 տարիէ ի վեր ՕԹԱՆ-ի մէջ ղեկավար ու յանձնառու անդամներէն մէկը կը նկատուի եւ դաշինքի ծիրին մէջ մասնակցած է աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ առաքելութիւններու եւ գործողութիւններու»: Ան միաժամանակ նշած է, որ Թուրքիան դաշինքին միակ իսլամ անդամն է եւ ՕԹԱՆ-ի իսլամական աշխարհին միջեւ կամուրջ կը նկատուի:
Անդրադառնալով ռուս-ուքրանական լարուածութեան` Քալըն ըսաւ. «ՕԹԱՆ-ի կարգ մը մեքանիզմները, ինչպէս` զսպումի մեքանիզմը կրնան երկու կողմերուն միջեւ տագնապը լուծելու առիթ նկատուիլ»` ընդգծելով, որ Թուրքիան Ուքրանիոյ վրայ որեւէ ռուսական յարձակում կը մերժէ:
Ան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան առաջարկած է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարել` նշելով, որ Թուրքիան լարուածութեան վերջ տալու հարցին մէջ կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ:
www.aztagdaily.com/archives/538584