Ընդունուած Է «Արցախի Հանրապետութեան Բռնազաւթուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքը

Նոր Վերինշեն գյուղի հին հայկական անունը չունի մեզ հասած մատենագրական վկայություն - Գյուղում հաստատված օտարները ջանադրաբար վերացրել են գյուղում եղած հայկական պատմական հետքը

Ընդունուած Է «Արցախի Հանրապետութեան Բռնազաւթուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքը

19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:

Երէկ` ուրբաթ, 18 փետրուարին գումարուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ:

Օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին առաջին ընթերցումով ընդունուած «Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներու մասին», «Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթի եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու նախաձեռնութեամբ ներկայացուած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը` Արցախի Վերածնունդի օրուան առիթով:

Հիմնական զեկուցող պատգամաւոր Արթուր Յարութիւնեան նշած է, որ սահմանուած ժամկէտներու մէջ «Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներու մասին», «Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու ծրարի վերաբերեալ առաջարկներ չեն եղած:

Յարակից զեկուցումով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի պետական-իրաւական մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սեւակ Աղաջանեան, որ ներկայացուցած է յանձնախումբին եզրակացութիւնը նախագիծը երկրորդ ընթերցումով ընդունելու մասին:

Այնուհետեւ Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ ընդունած է օրէնքը:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողով

www.aztagdaily.com/archives/538582

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail