Ըստ Մեհմեթ Էյկիի՝ Թուրքիոյ Արեւելքը Կը Դատարկեն՝ Այնտեղ Հայերը Բնակեցնելու Համար

Eygi mehmet
Մեհմետ Շեւքեթ Էյկին

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

akunq.net կը գրէ‚ որ թուրք լրագրող‚ սիւնակագիր Մեհմետ Շեւքեթ Էյկին հրապարակած է ”Արդիական հարցեր եւ պատասխաններ” յօդուածը‚ որուն մէջ ցոյց կու տայ Թուրքիոյ ներքին բարդ կացութեան պատճառները։ Հիմնականին մէջ Թուրքիոյ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու‚ բնակչութեան շրջանին մէջ ինքնութեան փնտռտուքներու եւ ատոնց վտանգաւորութեան թեմաներով գրող Էյկին ”Միլլի” թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ հարց ու պատասխանի տեսքով կը ներկայացնէ‚ թէ ինչպիսի կառոյց է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ ) ‚ որուն կողմէ անիկա կը հովանաւորուի‚ ինչ դեր ունին հայերը եւ հրեաները։ ”Էրմենիհապեր”-ը ներկայացուցած է այդ հարցերէն ու պատասխաններէն առաւել ուշագրաւները։

-ՔԱԿ-ը արդեօ՞ք քրտական շարժում է։

-Արտաքնապէս այդպէս կ’երեւիեւ այդպէս կը ցուցադրուի‚ սակայն ՔԱԿ-ը թէ՛ գաղափարապէս‚ թէ՛ նպատակներով խաչակիրներու եւ սիոնական շարժում է։

-Ի՞նչ պիտի ըլլայ‚ եթէ ՔԱԿ-ը յաղթէ։

-Թուրքիան պիտի մասնատուի։

-Քրտական պետութեան ստեղծումը արդեօ՞ք քիւրտերու օգտին պիտի ըլլայ։

-Մեծամասնութեան‚ այսինքն՝ սիւննի քիւրտերու օգտին պիտի չըլլայ։

-ՔԱԿ-ին քանի՞ պետութիւն կ’աջակցի։

-Ատոնց թիւը շուրջ 20 է։ Ատոնց շարքին կան նաեւ երկիրներ‚ որոնք բարեկամ կը թուին‚ սակայն թշնամաբար կը վարուին։
-Ինչո՞ւ կը դատարկուի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան Անատոլուն։

-Ապագային այդ տարածքներուն մէջ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային հայ եւ հրեայ բնակչութիւն պիտի բերուի։
-ՔԱԿ-ին աջակցող ակադեմականները թո՞ւրք են‚ մահմետակա՞ն են։

-Անոնց մեծ մասը ազգային ինքնութիւնը պահած ծպտեալներ են‚ երկու ինքնութիւն ունին։
-ՔԱԿ-ը ամբողջապէս կարելի՞ է վերացնել։

-Ատիկա շատ դժուար է։

-Հայերը Թուրքիայէն որքա՞ն հող կը պահանջեն։

-Այնքան հող‚ որ 5 անգամ կը գերազանցէ ներկայ Հայաստանի տարածքը։

-Քրտական հարցին մէջ Իսրայէլի նպատակը ո՞րն է։

-Կ’ուզէ աւետեաց երկիր հիմնել‚ մեր հարաւային տարածքներուն մէջ ստեղծել Իսրայէլ պետութեան արբանեակ քրտական պետութիւն։

http://www.horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail