Բարի Լոյս – ԽՈՑՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԸՄԲՈՍՏԱՑՈՒՄՆ ԱՆՍԱՆՁԵԼԻ – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի Լոյս
18 Փետրուար 1921.
ԽՈՑՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԸՄԲՈՍՏԱՑՈՒՄՆ ԱՆՍԱՆՁԵԼԻ
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Հայ Ազգի եւ Հայոց Հայրենիքի, Մեր Ժողովուրդի ու Ազգային Պետականութեան գաղափարական ԿԻԶԱԿԷՏն ու անփոխարինելի ԿՌՈՒԱՆը ՀԱՅՈ՛Ւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ մէջ գտած, անոր վրայ խարսխած աշխարհասփիւռ Հայորդիներուն, որոնք Փետրուարի 18ին ահա վերստին շուրջպար կը բռնեն ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ հայութեան ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ու ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ գաղափարական մշտարծարծ խարոյկին շուրջ։
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի անունով «հրամցուած» աշխարհաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական պատեհապաշտ բոլոր կարգախօսներէն յոգնած ու զզուած ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ հաստատակամ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆը փրկելու եւ վերականգնելու ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՅՔԱՐին մէջ խտացած կը տեսնեն հայ ազատագրական ու յեղափոխական շարժման մերօրեայ ԹԻՒ 1 ՕՐԱԿԱՐԳը։
Բարի լոյս՝ տարածաշրջանային թէ մեծապետական ամէն կարգի սադրանքի եւ նենգ հարուածի տակ առնուած բազմաչարչար մեր ժողովուրդի վերապրումին, որ բարոյալքումի եւ յուսահատութեան անդունդներէն անգամ ՍԻԶԻՖԵԱՆ ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ ՄԱԳԼՑՈՒՄի անընկճելի ԿԱՄՔն ու ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆը կը ներարկէ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ՝ Կեղծ Մարգարէներու եւ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՓԱՆՋՈՒՆԻՆԵՐու դէմ մշտարթուն հսկելու Իմաստութիւնն ու Պայծառատեսութիւնը անխոնջ յուշելով․․․
Բարի լոյս՝ պատմութեան ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒՆ եւ ԴԱՍԵՐՈՒՆ ականջալուր մեր սերունդներուն, որոնք կը գիտակցին, թէ մեր ժողովուրդը 100 տարի առաջ ինքնաբուխ դիմեց համաժողովրդային ապստամբութեան՝ բանտերէն ազատելու եւ աքսորէ վերադարձնելու համար ՀԱՅՈ՛Ւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ողնաշար տուած եւ մէջքը շտկած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐուն։ Ոչ միայն Հ․Յ․Դ․ կազմակերպական մարմիններու որոշումին ծնունդը չէր Փետրուարեան Ապստամբութիւնը, այլեւ նոյնինքն Դաշնակցութիւնը վերականգնելո՛ւ համար էր մեր ժողովուրդին տարերային ԸՄԲՈՍՏԱՑՈՒՄը։
Բարի լոյս՝ մեր հաւաքական արժանապատուութիւնը ՊԻՆԴ ՊԱՀԵԼՈՒ ծանր կռուին մէջ կռնակէն դաշունահարուած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ, որոնք դաշնակցական անկեղծ զինուորներու անձնուրացութեամբ եւ անսակարկ անձնազոհութեամբ՝ ակռաներով կը պահեն, կը պահպանեն ՀԱՅՈՑ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈՂՆԱՇԱՐը կազմած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը ընդդէմ նոյնինքն միայն անուանապէս «դաշնակցական» եւ խորքով «իշխանակեր»․․․ գաղափարի փերեզակներուն։
Բարի լոյս՝ Դաշնակցութիւնը իբրեւ Հայ Ժողովուրդին նոյնինքն ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ միս ու ոսկոր կապած մարմնաւորումը ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻ ՊԱՀԵԼՈՒ ուղին ընտրած գաղափարի նուիրեալներուն, որոնք 1921ի Փետրուար 18ի Հայոց Համաժողովրդային Ապստամբութեան տարեդարձին հետ կը նշեն, անվիճելիօրէ՛ն, վերանորոգ ՈՒԽՏը ՍՐԲԱԶԱՆ ԸՄԲՈՍՏԱՑՄԱՆ՝ յանուն ՀԱՅՈՒ ԽՈՑՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ վերականգնումին, այլեւ՝ ընդդէմ ափ մը «փառք»ի եւ «իշխանութեան» համար ազգային ու գաղափարական ամէն ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ վաճառքի հանող անցեալի թէ մերօրեայ պիղծ ու ցեց ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏԵՐՈՒՆ։
18 Փետրուար 2022