Կրկին Սփիւռքի եւ Սփիւռքի Տարուան Մասին. – Յակոբ Պալեան
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Իրատեսութեան բացակայութիւն եւ տատամսում սովորական թերութիւններն են քաղաքական մարդոց: Չգիտնալով իրադարձութիւնները ղեկավարել, կը տիրապետուին անոնց կողմէ եւ կ’ենթարկուին ամէն կարգի պատահականութիւններու:
Կիւսթաւ լը Պոն (1841-1931)
Սփիւռքահայը գաղթական է, նոյնիսկ եթէ պատշաճեցումներ եւ անհատական յաջողութիւններ այդ մոռցնել կու տան, երբ ան արդէն զանազան քաղաքացիութիւններու անձնագիր ունի գրպանը:
Հիւրընկալ երկիրներէն եւ ժողովուրդներէն շնորհակալ պէտք է ըլլալ, որ ցեղասպանութենէ ճողոպրած եւ հայրենահանուած ժողովուրդի մասնատուած բեկորներուն անհատապէս ապրելու կարելիութիւն ընծայեցին։
Գաղթականութիւնը կոչեցինք Սփիւռք, եւ հետզհետէ Սփիւռք(ներ)ի ժամանակաւոր վարձու սենեակի կացութիւնը փոխուեցաւ, երբ ունեցանք սեփական գործ, սեփական տուն եւ տուներ, ինչպէս՝ իր հայրենիքին տէր հիւրընկալը: Սփիւռք դարձած Գաղթականութիւնը, նոր բարքով ու նոր վարքով ապրեցաւ եւ կ’ապրի հիւրընկալ հայրենատէրին պէս եւ անոր հաւասար, նոյնիսկ եթէ ամբողջովին չեն մոռցուիր ծագում եւ հող-հայրենիքը՝ ուրկէ եկած էր, մնաց հոգեբարոյական երկուութիւն մը, նոյնիսկ երբ շրջապատէն ներծծուող մշակոյթով եւ կենցաղով ան կը վերածուի տեղական մէկութեան։ Այս անկասելի հոլովոյթը գիտնալով, պէտք է խօսիլ սփիւռքի մասին, խանդավառ ճառ եւ յուզում ճշմարտութիւն չհամարելով։
Նոյնիսկ եթէ մեր գոյակցութիւնը հիւրընկալ երկիրներու ժողովուրդներուն եւ մշակոյթին հետ, դժուարութիւններու պիտի հանդիպի, պիտի անհանգստանանք, Սփիւռքը միշտ ինքզինք պէտք է համարէ Գաղթականութիւն, որպէսզի Վերադարձ եւ Հայրենատիրութիւն ըլլան հայուն քաղաքական լինելիութեան ճշմարիտ գաղափարախօսութիւնը։ Այս իմացումը Սփիւռք(ներ)ի ո՞ր տոկոսի միտքի հորիզոնին վրայ ներկայ է։ Ի՞նչ գիտենք այս մասին, որպէսզի ազգային քաղաքականութիւն հետապնդենք ներազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Այս վերաբերումը եւ գիտակցութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունին շաբաթավերջի աղմուկի եւ ցուցադրութիւն-շաուի հետ։
Սփիւռք-կացութիւնը պէտք է դիտել Ազգ եւ Գաղթականութիւն յղացքներու բաղդատութեան լոյսին տակ։ Հիւրընկալ երկրի տեսանկիւնէ գոյութիւն ունին նաեւ ընկերաքաղաքական երկու եզրեր. համարկում եւ ձուլում (integration and assimilation)։
Հայկական Սփիւռքի քաղաքական միտքը որպէս սկզբունք կը մերժէ ձուլումը, եւ ընդունելի ըլլալու համար կը նախընտրէ գործածել համարկումը, որ կը նշանակէ ապրիլ եւ գործել հիւրընկալին պէս, անոր արժէքները ընդունելով, պատշաճելով։
Կը մնայ մղձաւանջային հարցումը. համարկումը ե՞րբ կը յանգի ձուլման։ Կարելի՞ է համարկումին վրայ կանգ առնել եւ չհասնիլ ձուլման։ Տեսականօրէն կարելի է, իմաստուն կազմակերպութեամբ եւ լայն միջոցներու ներդրումով։ Բայց կրնա՞նք անգիտանալ սերունդներու փոփոխութիւնը եւ անկասելի ուղղակի-անուղղակի քաղաքակրթական եւ մշակութային ազդեցութիւնները, որոնք կը գումարուին պատշաճեցումներու ամենօրեայ յարաճուն անտեսանելի ճնշման վրայ։
Սփիւռք ունեցող միակ ժողովուրդը չենք։ Իւրաքանչիւր սփիւռք ունի իր ծննդոցի պատմութիւնը, ունի իր իւրայատկութիւնը։ Հայկական Սփիւռքը հիմնականօրէն արդիւնք է ցեղասպանութեան եւ անոր հունով պարտադրուած հայրենահանման, ան ընթացիկ հասկացողութեամբ աշխատանքի որոնման կամ բնական աղէտի գաղթի հետեւանք չէ։
Հայկական սփիւռքը զանգուածային հայրենահանում է, հայուն ընտրանքը չէ, պէտք է միանգամընդմիշտ հասկնալ, որ հայկական սփիւռքը ընթացիկ գաղթականութենէն տարբեր է։
Հետեւաբար հայը եւ հայրենահանուած ազգի անդամները եւ անոնց յետնորդները պէտք է խորհին Սփիւռքի տարուան առիթով, եւ ոչ միայն այս առիթով, թէ՝ Ի՞ՆՉ ՀԵՌԱՆԿԱՐ ՈՒՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ։
Եւ առանց սեթեւեթի պէտք է պատասխանել կարգ մը հարցումներու.
ա. Ինչո՞ւ Սփիւռքը հայ պահել, պահելով լեզու եւ մշակոյթ։
բ. Ի՞նչ պայմաններ յարգելով Սփիւռքը հայ կարելի է պահել։
գ. Ընկերաքաղաքական պայմանները անգիտանալով կարելիութիւն կա՚՞յ, թէ՞ չկայ հայկական սփիւռք պահելու, այդ ցնո՞րք է, երազապաշտութի՞ւն։
դ. Հայրենահանուածներու յաջորդած սերունդները, երկրորդ, երրորդ, արդէն չորրորդ, ընդունա՚՞ծ են կամ պիտի ընդունի՚՞ն հարազատութեան պահպանումը եւ անոր հետեւանքները։
ե. Ինչպիսի՞ կազմակերպութեամբ եւ ի՞նչ միջոցներով կարելի է սփիւռքը հայկական պահել։
ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ, որ թաղային աշխատանք չէ, մասնագիտական-պետական-գաղափարական ըմբռնում կը պահանջէ, որ պիտի նշանակէ սովորական-աւանդական ջոջական-էսթէպլիշմընթային եւ հանգամանաւորական ոճէ հրաժարիլ։
Նշուած հինգ կէտերը հարկ է քննել առանց ամբոխավարական զեղումներու, քննել ընկերաբանական, մշակութագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ ազգային-գաղափարական տեսանկիւններէ, տեւաբար խօսելով ժողովուրդին, զայն լուսաբանելով, հարցախոյզներու միջոցաւ գիտնալ անոր հակազդեցութիւնները, ակնկալութիւնները եւ յանձնառութեան տրամադրութիւնը։
Այս հեռանկարային մասնագիտական աշխատանք է։
Ի հարկին պէտք է դիմել ոչ-հայ գիտակ անձերու, լսել անոնց կարծիքը եւ գաղափարները, խօսիլ ժողովուրդին, խօսիլ եւ բացատրել, որպէսզի մեր ուղղութիւնները եւ ընտրանքները ըլլան գիտակից եւ յանձնառու հաւաքական կամքի արտայայտութիւն։
Վերեւ նշուած հինգ կէտերը, պէտք է վերլուծել, անոնց պատասխանել, որպէսզի գիտնանք եւ որոշենք, թէ ԱԶԳը ի՞նչ կ’ուզէ, ինչո՞ւ կ’ուզէ, առանց ամբոխի յատուկ զգացականութեան, յուզումներու եւ կարգախօսներու որոշուին ազգի լինելութիւնը լիցքաւորող ռազմավարութիւնը եւ նախաձեռնութիւնները։ Հարցումները եւ անոնց պատասխանները, անհատական կացութիւններէն անդին, ազգի գոյութենական խնդիր են, ինչպէս կ’ըսուի, ազգի լինել-չլինելու խնդիր:
Եւ իրաւ ղեկավարութիւնը, յետ ուսումնասիրութեան պէտք է յանգի համապատասխան եզրակացութիւններու. Ինչո՞ւ սփիւռքը հայ պահել, կարելի է յաւերժօրէն սփիւռքը հայ պահել, անտեսելով ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական ազդակները, հայրենահանուածներու երրորդ կամ արդէն չորրորդ սերունդները դրական պատասխան կու տա՞ն սփիւռքը հայ պահելու առաջադրանքին, այդ կարենալ ընելու համար ինչպիսի՞ կազմակերպութիւն եւ միջոցներ ունինք կամ պէտք է ունենանք:
Այս հարցադրումներուն պատասխանել ամբոխավարական ճառով եւ տպաւորիչ տարազներով ինքնահիացման կը ծառայէ եւ կը շարունակենք անկողմնացոյց նաւարկել լաստերու վրայ։
Պարզ պէտք է ըլլայ, որ Սփիւռք կացութիւնը պէտք է քննել գիտական եղանակով, ո՛չ սովորութիւն դարձած սիրողականութեամբ (amateurisme) եւ ոչ ալ աւանդական զգացական սիրայօժարով, հանրահաւաքով, խրախճանքով կամ հիմնաւորում չունեցող խոստումներով: Այս դասական զանազան բնոյթի էսթէպլիշմընթներու, միութեան մը կէսէն մէկ աւելիի որոշումով քննուելիք եւ եզրակացուելիք խնդիր չէ: Պէտք է ունենալ սեւով ճերմակի վրայ գրուած տուեալներ, ինչ կը վերաբերի սփիւռք(ներ)ի համրանքին, տեղաբաշխումներուն, անոնց ինքնութեան պահպանման որակին եւ յանձնառութեան:
Կ’ունենա՞նք մասնագիտական աշխատանք կատարելու ատակ կառոյց մը կեանքի կոչելու եւ զայն համապատասխան միջոցներով օժտելու ազգային-քաղաքական իրատեսութիւնը: Հարցում է:
Ինչո՞ւ չունենալ: Ի՞նչ են արգելքները:
Ճշմարտութեան նուաճման աստեղային պահու մը, եսերը գերանցելով, պէտք է խօսիլ եւ մանաւանդ՝ որոշել:
Միշտ խորհելով, անհատ թէ հաւաքականութիւն, որ մեր անկումներուն պատճառը նախ մեր մէջ պէտք է փնտռենք, եթէ կ’ուզենք վերականգնիլ:
Հարկ է ուշադրութեամբ կարդալ զանգուածներու հոգեբանութիւնը վերլուծող Կիւսթաւ լը Պոնի միտքը, որ կ’ըսէ. «Իրատեսութեան բացակայութիւն եւ տատամսում սովորական թերութիւններն են քաղաքական մարդոց: Չգիտնալով իրադարձութիւնները ղեկավարել, կը տիրապետուին անոնց կողմէ եւ կ’ենթարկուին ամէն կարգի պատահականութիւններու»:
Եւ դուրս գալ կոխուած ուղիներէ:
yerakouyn.com/2022/02/21/կրկին-սփիւռքի-եւ-սփիւռքի-տարուան-մասի/