«Հետապնդելով Արցախի Նախագահին` Բաքուն Քօղարկում Է Իր Իսկ Յանցանքները»․ Հայաստանի Եւ Արցախի Մարդու Իրաւունքի Պաշտպաններ
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ քրէական հետապնդման մասին ատրպէյճանական իշխանութիւններու յայտարարութիւնը սեփական պատերազմական յանցանքները քօղարկելու, միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու եւ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկելու հերթական քայլ է, յայտարարեցին Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ Արման Թաթոյեան eւ Գեղամ Ստեփանեան:
Միացեալ յայտարարութեամբ, պաշտպանները ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրային գործիչները, փորձագէտներն ու լրագրողները թիրախաւորելու, զանոնք, այսպէս կոչուած, «սեւ ցուցակ»ներով սպառնալիքի ու հետապնդման ենթարկելու գործելաոճը լաւագոյն փաստն է, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն խաղաղութեան կոչերը իրականութեան մէջ կեղծ են, շղարշ են արտաքին աշխարհին համար:
Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ յայտարարած հետապնդման նպատակը, Թաթոյեանի եւ Ստեփանեանի համոզմամբ, Արցախի բնակչութիւնը ահաբեկելու եւ խուճապ յառաջացնելու նպատակ ունի` շեշտելով, որ այդ հետապնդումը ունի քաղաքական շարժառիթներ եւ հիմնուած է փաստերու բացայայտ ձեռնավարութեան վրայ:
«Մենք միջազգային հանրութեանը համոզուած իրազեկում ենք, որ ադրբեջանական իշխանութիւնները շարունակելու են փաստերի կեղծումը եւ մոլորեցումը նորանոր մեթոդներով, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ իրենց յանցաւոր արարքները խաղաղութեան կոչերի ներքոյ թաքնուելով, քանի դեռ իրենց ցեղասպան քաղաքականութեան համար հասցէական արձագանգի եւ պատասխանատուութեան չեն արժանացել ու չեն պատժուել իրենց յանցաւոր արարքների համար», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ։
Պաշտպանները հաստատեցին, որ յայտարարութիւնը պիտի ուղարկեն միջազգային կառոյցներուն՝ առանձին նամակներով:
asbarez.am/413673/հետապնդելով-արցախի-նախագահին-բաքու/