Խմբագրական. Բանակցային Նոր Ուղենիշեր` Արցախի Ազգային Ժողովին Մէջ (Արցախի Վերածնունդի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Բանակցային Նոր Ուղենիշեր` Արցախի Ազգային Ժողովին Մէջ (Արցախի Վերածնունդի Օրուան Առիթով)

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՐՑԱԽ:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿ:

Արցախեան շարժումի մեկնարկը 12 փետրուարին նշելու պետական հնչեղութիւնը ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէր Հատրութի մեկնարկային հանգամանքին վրայ: Իսկ այս հանգամանքը Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղութեամբ կարեւոր ուղերձ էր: Փետրուար 20-ը կը մնայ խորհրդանիշ թուական` Արցախի վերածնունդը խորհրդանշող:

Արցախի Ազգային Ժողովը շատ կարեւոր քայլ առաւ` փետրուար 20-ի նախօրեակին ընդունելով երկու կարեւոր փաստաթուղթ: Բռնագրաւուած տարածքներու մասին օրէնք ընդունելով փաստօրէն Արցախի Հանրապետութիւնը ուղենշեց արցախեան տարածքային պահանջատիրութիւնը:

Օրէնքը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն` Ազրպէյճանի եւ 2020 թուականին` Թուրքիոյ եւ օտար զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան վրայ իրականացուած ռազմական յարձակումին հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին եւ անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ դրութեան, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան կապուած յարաբերութիւնները:

Յստակ է Արցախի Հանրապետութեան տարածքի պատկերացումը: Նշուած պատերազմական երեք արարներուն այն ինչ որ կորսնցուցած է Արցախը իբրեւ տարածք, վերականգնելի առաջադրանք է:

Այս պահանջները ուղենշային են յառաջիկայ բանակցութիւններուն համար: Արցախի Ազգային ժողովը քայլ կ՛առնէ նաեւ բանակցային ձեւաչափի իր պատկերացումը ճշդելու առումով: Պարզ է. այն ինչ որ պաշտօնական Ստեփանակերտը տարբեր առիթներով կը յայտարարէր` ԵԱՀԿ-ի միջնորդական ձեւաչափի վերագործարկումը շեշտող, հիմա արդէն Ազգային ժողովով հաստատուած է: Այսպէս. Ազգային ժողովը կը հրապարակէ յայտարարութիւն, ուր կոչ կ՛ընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու եւ ԵԱՀԿ-էն ստացուած լիազօրութեան համապատասխան ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ բանակցային գործընթացը վերսկսելու համար: Յայտարարութիւնը կը շեշտէ նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան կարելի է հասնիլ միայն Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգելու ճանապարհով: «Ճիշդ այդ նպատակով ալ արցախահայութիւնը 1988 թուականին սկսած է իր ազատագրական պայքարը եւ պատրաստ է շարունակելու զայն վերջնական նպատակին հասնելու վճռականութեամբ», եզրակացուցած է յայտարարութիւնը:

Յետպատերազմեան իրավիճակի յաղթահարման եւ վերածնունդ ապահովելու համար քաղաքական առաջին ուղենիշերն ու յստակացումներն են, որ կը կատարուին: Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը նպատակադրող բանակցութիւններու վերսկսումը անշրջանցելի փուլ է. իսկ այդ բանակցութիւններու վարման եւ միջնորդաւորման համար Արցախի Ազգային ժողովը կարեւոր վերյիշեցում կը կատարէ միջազգային ընտանիքին:

Այս առումով միջազգային ենթահողը մերթ ընդ մերթ տեսանելի կը դառնայ: Միջնորդ պետութիւններու ներկայացուցիչները կը յիշեցնեն, որ կարգաւորումը չէ իրականացած տակաւին:

Արցախի Ազգային ժողովի կոչը` ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափին անյապաղ վերականգնման եւ Եւրոպական խորհրդարանի կոչը` Եւրոպական Միութեան աւելի աշխուժ ձեւով մասնակցելու Արցախի խնդիրի կայուն լուծման որոնումին, համահունչ են: «Աւելի աշխուժ»-ը կ՛ենթադրէ մինչ այժմ որդեգրուած որոշ կրաւորականութիւն: Հիմա կոչ կայ այդ կրաւորականութենէն դուրս գալու եւ լիազօրութիւնները վերստանձնելու:

Եւրոպական խորհրդարանի կոչը բառացիօրէն կ՛արձանագրէ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը մնայ այդ տագնապի լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը` տարածքային ամբողջականութեան, ուժ չկիրարկելու, ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան, ինչպէս նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքներուն հիման վրայ: Ուստի անհրաժեշտ է, որ Մինսքի խմբակը շուտափոյթ վերստանձնէ միջնորդական իր դերը:

Ազրպէյճանը խախտած է Եւրոպական խորհրդարանին յիշած սկզբունքները: Ակնկալուած յաւելեալ աշխուժութիւնը պէտք է քննէ սկզբունքներու խախտումի բոլոր գործողութիւնները` աւելցնելով նաեւ ռազմական յանցագործութիւնները:

Բանակցային նոր ռազմավարութեան ուղենիշերն են, որ կը հաստատէ Արցախի Ազգային ժողովը: Արցախեան շարժումի վերածնունդի նշման նախօրեակին` կարեւոր այդ իրադարձութեան նորովի խորհուրդ ապահովելով:

atagdaily.com/archives/538681

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail