Ոեւէ մէկը, իշխանաւոր թէ այլ, իրաւունք չունի իմ անունովս կամ իմ տեղս թուրքէն ներողութիւն խնդրելու:
22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – Հրաչ Վարժապետեան: < Արտերկրի Անկախ Հայեր – Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններու մասին >
Այդ իրաւունքը վերապահուած է միայն ինծի, իսկ ես երբեք չեմ արտօներ այդ ուղղութեամբ խօսիլ իմ տեղս:
թուրքը է՛ ու կը մնայ իմ թշնամիս:
Ան ցեղասպան է, բռնագրաւած է պապենական հայրենիքս ու տունս եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործադրել իր հակահայ արիւնարբու քաղաքականութիւնը:
Անոր հետ խօսելու միակ լեզուն յանուն մեր անժամանցելի իրաւունքներուն պայքարն է, դիւանագիտական ճամբով թէ պողպատեայ հարուածող բազուկով, ըստ հարկի ու պահի:
Մնացեալ բոլոր փորձերը դասալքութիւն են:
Հրաջ Վարժապետեան-Hratch Varjabedian