ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հակահայ Բանաձեւերը Մտան Օրակարգ. ԵԽԽՎ-ի Վեհաժողովի Նախագահի Պաշտօնին Ընտրուած Է Փետրօ Ակրամունթ, Փոխնախագահներէն Մէկը Հերմինէ Նաղդալեան

Parlament Assembly
26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Երէկ Սթրազպուրկի մէջ սկսաւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը, եւ օրակարգի հաստատման ժամանակ երկու նախագիծերը դուրս չմնացին շրջանառութենէ` թէեւ եղած էին նման առաջարկներ:

Մինչեւ նստաշրջանը սկսի, Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ Անն Պրասյորն իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած էր բանաձեւերու նիւթերուն: Անոր համաձայն, բազմաթիւ առաջարկներ եղած են` այդ բանաձեւերու նախագիծերուն քննարկումները չկատարելու վերաբերեալ: «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներ են, եւ մենք պէտք է լուծում գտնենք, որպէսզի մարդիկ խաղաղութեան մէջ ապրին: Այդ պատճառով պէտք է քրտնաջան աշխատինք, որովհետեւ մարդիկ կը տառապին այդ շրջանին մէջ: Անոնք Եւրոպական խորհուրդի քաղաքացիներն են, անոնց իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին, կը մնայ միայն գտնել միջոցը: Տագնապին լուծում մը պէտք է գտնուի: Իմ անձնական կարծիքն է, որ մենք պէտք չէ կացութիւնը ձգենք այնպէս, ինչպէս որ է», ըսած է Անն Պրասէօրը:

Երէկ ԵԽԽՎ-ի վեհաժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուած է Փետրօ Ակրամունթ, որուն թեկնածութիւնը առաջարկուած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան կուսակցական բաժինէն: Ակրամունթ Սպանիոյ ծերակոյտի անդամ է` Վալենսիայէն:

Քաղաքական գործիչը ծանօթ է Ուքրանիոյ օգտին իր յայտարարութիւններով, ան նաեւ Խրիմի կցումի խիստ քննադատ է: Շատեր անոր ընտրութիւնը վիճելի կը նկատեն, որովհետեւ անոր անունը շրջանառութեան մէջ դրուած է Ազրպէյճանի կողմէ ԵԽԽՎ-ի անդամները կաշառելու վերաբերեալ լրագրական հետաքննութիւններուն մէջ:

Միւս կողմէ, վեհաժողովի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ տեղի ունեցած է նաեւ ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահներու ընտրութիւնը: 20 փոխնախագահներէն մէկը ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail