Բողոքի Ցոյց Երեւանի Մէջ` Եւրանեսթի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նիստերուն Ազրպէյճանցի Պատգամաւորներու Մասնակցութեան Դէմ
23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ` 22 փետրուարին հայ հասարակական, քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյց կատարեցին Երեւանի մէջ` Մարզահամերգային համալիրի շէնքին առջեւ, ուր կ՛ընթանային Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբերու նիստերը:
Երեւանը հիւրընկալեց Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի Բիւրոյի եւ 2 յանձնախումբերու միացեալ նիստերու պատուիրակները, որոնց կարգին ներկայացուցիչներ կան ինչպէս Եւրոպական խորհրդարանէն, այնպէս ալ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու խորհրդարաններէն, որոնց կարգին` Ազրպէյճանէն:
Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի բակը բազմամարդ էր: Համալիրի ամբողջ տարածքը կը գտնուէր մեծաթիւ ոստիկաններու հսկողութեան տակ:
Ցոյցին մասնակիցներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ իրենց վրդովմունքը յայտնեցին եւրոպական պատուիրակութիւններուն` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան շարունակական դրսեւորումներուն համար:
Անոնք լուսարձակի տակ առին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութիւնը, պատերազմին հետեւանքով գերեվարուած հայ գերիները, Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութիւնը:
Ցոյցին ընթացքին իրավիճակը լարուեցաւ, երբ ցուցարարներէն մէկը կրցաւ շրջանցել ոստիկանական պատնէշը, որմէ ետք սկսաւ քաշքշուք ցոյցի մասնակիցներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ:
Բողոքի ցոյցին կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը, որ աւելի կանուխ յայտարարութիւն տարածեց` կոչ ուղղելով մեր հայրենակիցներուն մասնակցելու այս ցոյցերուն:
Ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Իկոր Սարգսեան յայտարարեց. «Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Մեզի` հայերուս կ՛աքսորեն մեր հայրենիքէն: Խլեցին Արցախը` եւ աշխարհը լռեց, սպաննեցին մեր որդիները` եւ աշխարհը լռեց, հանգիստ, լուռ սպասեցին, թէ ի՛նչ պիտի ընեն թուրքերը»:
Դիմելով Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններուն` Իկոր Սարգսեան նշեց. «Դժոխքի միջանցք կը բանաք` լուռ: Վստահ եղէք, որ ձեր քաղաքակրթութեան եւս վտանգ պիտի սպառնայ, ինչպէս մեր հնագոյն քաղաքակրթութեան վտանգ կը սպառնայ»:
aztagdaily.com/archives/538970