Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Արցախի Նախագահին Եւ Հայաստանի Նախկին Երկու Նախագահներուն Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելը
23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի 2-րդ եւ 3-րդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ քրէական հետապնդումներ յարուցելը` զանոնք կոչելով «շինծու եւ հակահայ նկատառումներով թելադրուած»:
«Արցախի քաղաքացիական անձերու արտադատական սպանութիւններու եւ հայ ռազմագերիներու բռնի անհետացումներու մէջ ներգրաւուած անձեր յայտնաբերելու, ինչպէս նաեւ շրջան ահաբեկիչներ բերելու յանցագործ ցանցերը բացայայտելու ջանքեր գործադրելու փոխարէն, Ազրպէյճանը նոր թափով կը ծաւալէ երկար տարիներ վարած հայատեաց քաղաքականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագօտիին մէջ հետագայ լարուածութեան յարուցման նորանոր փորձերու կը ձեռնարկէ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Ազրպէյճանին` կառուցողական դաշտին մէջ լուծումներ փնտռելու, շրջանի բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բարօրութեան վերաբերող քայլերու ձեռնարկելու:
Նախարարութիւնը վերահաստատեց շրջանին մէջ «խաղաղ գոյակցութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան հաստատման վերաբերող ջանքեր գործադրելու Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը»:
aztagdaily.com/archives/538968