Տուման Վաւերացուց Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն Հետ Համաձայնութիւնները
Փութին. «Մինսքի Խաղաղութեան Համաձայնութիւնը Դադրած Է Գոյութիւն Ունենալէ»
ՁՅ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ Տուման երէկ միաձայնութեամբ թեր քուէարկեց Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ ինքնահռչակ հանրապետութիւններու հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան վաւերացման:
Ռուսիոյ օրէնսդիր մարմինի անդամները վաւերացման մասին օրէնքի որդեգրումը ողջունեցին բուռն ծափահարութիւններով:
Այսպիսով, փաստաթուղթերը իրենց հրապարակման օրէն, այսինքն` երէկ ուժի մէջ մտան:
Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց. «Ռուսիոյ կողմէ Տոնեցքի ժողովրդային Հանրապետութեան եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան ճանաչումն ու անոնց հետ համաձայնագիրներու վաւերացումը պէտք է դադրեցնեն բնակչութեան, ներառեալ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն սպանդը:
«Կացութեան մը մէջ, երբ մենք մարդասիրական աղէտի առջեւ կանգնած ենք, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներ, կիներ, երեխաներ ստիպուած են լքել իրենց տուները, միակ ելքը այդ որոշումը ընդունիլն է», նշած է Վոլոտին:
Ան յայտնած է, որ Մոսկուան երկար ժամանակ Քիեւէն պահանջած է Մինսքի համաձայնութիւններուն կատարումը, սակայն Քիեւ զանոնք ջնջած է` Տոնպասի խաղաղ քաղաքացիները ռմբակոծել սկսելով: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են, որպէսզի այդ տագնապը շարունակական բնոյթ կրէ, իսկ եւրոպական երկիրները, ցաւօք, ի վիճակի չեն եղած այդ հոլովոյթներուն վրայ ազդելու:
«Ինչ կը վերաբերի ոչ բարեկամական որոշումներուն ու պատժամիջոցներուն, անոնք որեւէ պարագայի պիտի որդեգրուէին: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ՛որդեգրուէին նախապէս` առանց որեւէ պատճառի եւ նոյնիսկ առիթի: Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց արբանեակ-դաշնակիցներուն ուժեղ Ռուսիան պէտք չէ, եւ անոնք ամէն ինչ պիտի ընեն մեր երկրին զարգացումը արգելակելու համար», նշած է Տումայի նախագահը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մէկ օր առաջ ճանչցած էր Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը: Անոնց ղեկավարներուն հետ ստորագրուած են բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրներ:
Փութին յայտնեց, որ «Ուքրանիան մտադիր չէ գործադրել խաղաղութեան համաձայնութիւններ»` նշելով. «Մինչեւ այս պահս կարելի է փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնել եւ լուծել Ուքրանիոյ եւ երկու անջատուած մասերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրը»:
«Խաղաղութեան Մինսքի համաձայնութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, եւ գոյութիւն չունի, որեւէ յանձնառութիւն, որ պէտք է գործադրել», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:
Մոսկուան Աշխարհի Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Հետեւելու Իր Օրինակին
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ռուսիան միւս պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ հետեւելու իր օրինակին»: Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Մոսկուան իր որոշումը տուած է «Տոնպասի բնակիչներու ազատ կամքի արտայայտութիւնը նկատի ունենալով»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պնդէ, որ «Հանրապետութիւններու բնակչութիւնը բախած էր քիեւեան իշխանութիւններուն կողմէ ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքի առջեւ»` աւելցնելով. «Շատ ակնյայտ էր, որ Քիեւի համար Տոնպասը տարածք է, եւ ոչ թէ մարդիկ, որոնք այնտեղ կ՛ապրին»:
Փութին Որդեգրեց Տոնպասի Տարածք Ռուսական Զօրք Մտցնելու Որոշում Մը
Ռուսիոյ նախագահը որդեգրեց Տոնպասի տարածք ռուսական զօրք մտցնելու վերաբերեալ որոշումը: Ռուս զինուորները պէտք է «գործողութիւններ կատարեն խաղաղութեան պահպանման համար»:
Բանակի օգտագործման մասին կարգադրութիւնը ներառուած է Տոնպասի ժողովրդային հանրապետութեան եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան ճանաչման հրամանագիրներուն մէջ: Զինուորները պէտք է խաղաղութիւն ապահովեն մինչեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան ու փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագիրներու կնքումը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը աւելի ուշ յայտնեց, որ Փութին Տոնպասի մէջ ռուսական ուժերու տեղակայման որոշումին հաւանութիւն ստանալու համար դիմած է Դաշնակցային խորհուրդին` նշելով. «Մեր ուժերը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հողերը պիտի պաշտպանեն որեւէ արտաքին յարձակումէ»: Խորհուրդը աւելի ուշ հաւանութիւն տուաւ դիմումին:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Տոնեցք եւ Լուկանսք հանրապետութիւններու հողերուն վրայ կացութիւնը կը վատթարանայ` աւելցնելով, որ պէտք է պաշտպանել երկու շրջաններուն բնակիչները:
Սպիտակ Տունը Ռուսիոյ Քայլը Կը Նկատէ «Ներխուժում»
Ամերիկեան վարչակազմը Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ վերջին քայլերը կը նկատէ «ռուսական ներխուժման սկիզբ»: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի տեղակալ Ճանըսթըն Ֆայնըրի յայտարարութեան:
Ֆայնըր երէկ մեկնաբանելով Ուքրանիոյ վերաբերեալ Ռուսիոյ վերջին քայլերը ըսած է. «Մենք կը հաւատանք, որ այո՛, ասիկա ներխուժումի սկիզբ է: Եւ դուք արդէն ականատես եղած էք մեր պատասխանին, որ, ինչպէս ըսիք, պիտի ըլլայ հետեւողական եւ կոշտ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ գիշեր մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց. «Փութինի կատարածը Ուքրանիոյ հողեր ներխուժման սկիզբ է, եւ ասիկա միջազգային ընտանիքին կողմէ վճռական ու արագ պատասխան կը պահանջէ»: Ան նաեւ Ռուսիոյ դէմ առաջին պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժման յաւելեալ քայլեր առնէ:
Թիմերմանս. «Արեւմուտքի Արձագանգը Պիտի Որոշէ Ամբողջ Աշխարհի Անվտանգութեան Ապագան»
Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆրանս Թիմերմանսի կարծիքով` Ռուսիոյ կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսգի ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութեան ճանաչման Արեւմուտքի արձագանգը «պիտի որոշէ ո՛չ միայն Եւրոպայի անվտանգութեան ապագան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համաշխարհային անվտանգութիւնը քանի մը տարիներ առջեւ»:
Ան երէկ Եւրոպական Միութեան եւ խաղաղովկիանոսեան շրջանի երկիրներու համագործակցութեան շուրջ Եւրոպական Միութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական խորհրդաժողովի բացման ընթացքին յայտնած է. «Այսօր, անտարակոյս, Եւրոպայի արդի պատմութեան մէջ ամէնէն մութ օրերէն մէկն է»:
Ան կրկնած է այն դիրքորոշումը, որուն համաձայն, Ռուսիան խախտած է միջազգային արժեչափերը: Ան, այդ առնչութեամբ, առաջարկած է ուժեղացնել Եւրոպական Միութեան համագործակցութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներուն, մասնաւորաբար Խաղաղովկիանոսեան շրջանի երկիրներուն հետ»:
Ուաշինկթըն Իր Դեսպանատունը Ուքրանիայէն Կը Տեղափոխէ Լեհաստան
Ամերիկեան վարչակազմը ամերիկացի դիւանագէտները կը հեռացնէ Ուքրանիայէն եւ ամերիկեան դեսպանատունը կը տեղափոխէ Լեհաստան: Այս մասին կը գրէ «Պլումպըրկ»-ը` վկայակոչելով իր աղբիւրները:
«Պայտընի վարչակազմը արտաքին գործոց նախարարութեան բոլոր աշխատակիցներուն հրամայած է լքել Ուքրանիան: Դեսպանատունը նախապէս տեղափոխուած էր արեւմտեան Լվով քաղաք: Այժմ կը տեղափոխուի Լեհաստան», «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է գործակալութեան լրագրողը:
Կը նշուի, որ այս որոշումը տրուած է անվտանգութեան նկատառումներով: Դիւանագէտները Ուքրանիա պիտի վերադառնան, եթէ ռուսական հաւանական ներխուժումը տեղի չունենայ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Փարիզի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատել: Նախքան այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ իբրեւ պատժամիջոցներու առաջին քայլ Ռուսիոյ պիտի արգիլեն համակարգիչներ եւ հաղորդակցութեան միջոցներ ու օդանաւերու պահեստամասեր ներածել:
azagdaily.com/archives/538982