Փութին Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն Անկախութիւնը

Ասկերանի բերդը (Մայրամաբերդ) Կարկառ գետի հովիտին մէջ, Ստեփանակերտէն հիւսիս-արեւելք, աջակողմեան եւ ձախակողմեան հատուածներով, բարձր աշտարակներով եւ զանոնք միացնող պարիսպներով, կառուցուած է խանական տիրապետութեան ժամանակ

Փութին Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն Անկախութիւնը

23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց Տոնպասի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն` Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները:

Փութինը եւ Տոնպասի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն ղեկավարները կնքեցին բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրներ:

Փութին առաջարկեց Ռուսիոյ խորհրդարանին վաւերացնել Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններուն անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները:

Նշեալ որոշումէն ետք Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ քննարկած է վերջին ժամերու զարգացումները, եւ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան խորհուրդը ժողովի պիտի սկսի:

Միջազգային անդրադարձներու ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց երկու նիստեր, իսկ Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Փութինին որոշումը նախատեսած են եւ պատրաստ են անմիջապէս հակադարձելու:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր դաշնակիցները միասնական եւ խիստ կերպով պիտի հակադարձեն Փութինի որոշումին: Իսկ Բրիտանիոյ վարչապետը Ռուսիոյ կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութեան ճանաչումը կը նկատէ Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութեան ոտնահարում:

aztagdaily.com/archives/538872

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail