Խմբագրական. Նոր Նուարսակի Դաշնագիրի Կնքման Համար (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Նոր Նուարսակի Դաշնագիրի Կնքման Համար (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱԶԴԱԿ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ:

Վարդանանց պատերազմը անհաւասար կռիւ էր: Հայկական եւ պարսկական զօրքերու, զինատեսակի, զինուորներու քանակի անհամեմատելիութիւնը սակայն պատճառ չէր, որ Վարդանանք երթային ինքնապաշտպանութեան գոյակռիւին: Ցեղային զտման քաղաքականութիւն էր, որ կը մղէր Պարսկաստանը: Բռնի կրօնափոխութեան պատճառը պարզապէս կարեւոր ճանապարհ էր այդ ընդհանուր ծրագիրի իրականացման: «Մահ իմացեալ»-ի կամ «ազատութիւն կամ մահ»-ի առարկայացումը փաստօրէն մերժումն էր ցեղային զտումին չենթարկուելու:

Հաւանաբար անհրաժեշտ էր նախ Վարդանանց ճակատային առճակատումը, որպէսզի հայ ռազմագիտական միտքը կատարէր ռազմի ոճի, կռուելաձեւի հիմնական փոփոխութիւնը: Վահանեանցը բնական շարունակութիւնն էր Վարդանանցի եւ ըստ էութեան վերադառնալով մեկնակէտին` Վարդանանց յաջողութեան ապահովումն էր նաեւ ռազմական առումով:

Սարդարապատն ու Արցախը եւս ճակատային առճակատումներն էին: Ազգ-բանակ գաղափարախօսութեան առարկայացման յաջող ելքով ճակատամարտներ, որոնք յանգեցան պետականութեան կերտման:

Անհաւասար էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմը: Դրուած էր ցեղային զտման մնայուն սպառնալիքը: Հայկական զինուած ուժերը անհաւասար կռիւներ կը մղէին ոչ թէ սոսկ Ազրպէյճանի, այլ նաեւ` ՕԹԱՆ-ի երկրորդ ուժին, իսրայէլեան արդի զինուժին եւ վարձկան ահաբեկիչներուն դէմ:

Ներազգային մէկութիւնը ամուր էր թէ՛ Վարդանանց, թէ՛ Սարդարապատի եւ թէ՛ Արցախ 88-ի օրերուն: Համատեղուած էին քաղաքացիական եւ ռազմական մտածողութիւնները, եւ ազգ-բանակ հասկացողութիւնը կը գործէր լիարժէք: Նոյնը չէր նախաքառասունչորսօրեայ ժամանակահատուածը: Կային բաժանարար գիծեր, պառակտիչ յայտարարութիւններ, դասակարգումներ եւ տրամագծօրէն հակադրուած հակոտնեայ ճամբարներ: Թշնամիին յարձակումը միաւորեց Արցախը փրկելու հրամայականով տոգորուածները: Բայց հարուածուած էր արդէն բանակի հեղինակութիւնը:

Վահանեանք յաջողութեան հուն վերադարձուցին գաղափարականօրէն յաղթած, սակայն ռազմական մակարդակի վրայ պարտութիւն կրած Վարդանանքը: Այժմ նոր Վահանեանք պէտք են մեր երկրին այս բոլորէն ճիշդ դասեր քաղելու, պայքարի ոճը փոխելու եւ թուրանական կամուրջի կառուցումը արգիլելու գործողութիւնները յաջողցնելու համար:

Հայաստանի պարսկականացումը կասեցուցին Վարդանանք եւ Վահանեանք: Հայաստանի թուրանականացումը մերժեցին սարդարապատեան ծառացումները: 88-ին Արցախն ու ամբողջ հայութիւնը ո՛չ ըսին ազրպէյճանական բռնատիրութեան եւ Արցախը ազրպէյճանականացնելու ծրագիրներուն:

Հիմա առկայ են թուրանական աշխարհի միաւորման համար Հայաստանի վրայով կամուրջ կառուցելու, Հայաստանը թուրքեւազրպէյճանական աքցանին մէջ ճնշումի տակ պահելու եւ տարածաշրջանը ամբողջ թրքացնելու ծրագիրները:

Անհրաժեշտ են նոր մարտավարական քայլեր. անոնցմէ առաջ նոր ռազմավարութեան մշակում: Խօսքը զուտ ռազմական հարթութեան չի վերաբերիր: Դիւանագիտութեան աշխուժացման, Անգարայի միջնորդութեան մերժումին, տարածաշրջանային վտանգաւոր նոր հարթակներու չներառուելուն, միջազգային ընտանիքի լիազօրած առաքելութիւններուն եւ հայկական կողմի շահերուն միջեւ համատեղելի կէտեր որոնելուն եւ ըստ այնմ քայլեր առնելուն:

Արցախի Ազգային ժողովը որդեգրեց նոր պայքարելաձեւի համար առաջադրելի քաղաքական կէտեր: Նախադրեալներ, որոնք ուղենիշ են` Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ անոր միջազգային ճանաչում ապահովելու առաջադրանքին: Իսկ այս բոլորը` նոր Նուարսակի դաշնագիրի կնքման համար:

www.aztagdaily.com/archives/539069

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail