Հայաստանի Հանրապետութիւն – Պաշտօնանկութիւններ Եւ Նշանակումներ Բանակին Մէջ
24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ: < Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները >
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետին առաջարկով եւ նախագահի լիազօրութիւնները կատարողին հրամանագիրով՝ բանակին մէջ եղան կարգ մը պաշտօնանկութիւններ:
Այսպէս, Արտակ Դաւթեան պաշտօնազրկուեցաւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնէն: Վարչապետը պաշտօններէն արձակեց նաեւ 4 վարչութիւններու պետեր:
Բանակին մէջ կատարուեցան նաեւ նշանակումներ. Արմէն Գէօզալեան նշանակուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի գլխաւոր վարչութեան փոխհրամանատար՝ հեռացուելով Յատուկ բանակային ջոկատի ընդհանուր պետի պաշտօնէն:
Բագրատ Մաթեւոսեան նշանակուեցաւ Յատուկ բանակային ջոկատի հրամանատար, իսկ Արայիկ Մինասեան՝ փոխհրամանատար:
Պաշտօնազրկուած Արտակ Դաւթեանն ու Անդրանիկ Մակարեան մեղադրեալ են, համապատասխանաբար՝ «անպիտան հրթիռներու» քրէական գործով եւ պատերազմի ժամանակ ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքի գործով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարման ընթացքին արդէն 4րդ անգամն է, որ բանակի հրամանատարը կը պաշտօնազրկուի:
asbarez.am/414002/պաշտօնանկութիւններ-եւ-նշանակումներ/