«Ֆրանսա, Աւելի Քան Երբեք, Հայաստանի Կողքին Է»

«Ֆրանսա, Աւելի Քան Երբեք, Հայաստանի Կողքին Է»

24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահին հովանիին տակ, մօտիկ ապագային Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ-ֆրանսական համաժողով, որ նոր հեռանկարներ պիտի բանայ հայ երիտասարդութեան առջեւ եւ պիտի նպաստէ հայ-ֆրանսական երկկողմանի կապերու ամրապնդման: Հայաստան-Ֆրանսա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին յայտնեց Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան Փաթիսը Լըմուան՝ շնորհաւորելով երկու երկիրները:

«Արդէն երեսուն տարի է՝ Ֆրանսա, առաւել քան երբեւէ, Հայաստանի կողքին է՝ օգնելով անոր վերականգնելու եւ նայելու դէպի ապագայ: Ասիկա ուրախութեան պահ է: Կեցցէ՛ ֆրանսա-հայկական բարեկամութիւնը: Ի գործ՝ դէպի գալիք 30 տարիներ», ըսաւ ֆրանսացի դիւանագէտը:

Լըմուան նաեւ տեղեկացուց, որ ֆրանսական կողմը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ստորագրած է տնտեսական համագործակցութեան յաւակնոտ ճանապարհային քարտէզ, եւ շուտով Ֆրանսայի նախագահի բարձր հովանիին տակ Փարիզի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսական եւ հայ քաղաքացիական հասարակութիւններու յատուկ՝ «Յաւակնութիւններ. Ֆրանսա-Հայաստան» խորագիրը կրող ժողովը:

«Անիկա պիտի միաւորէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն հիմնական դերակատարները, եւ համոզուած եմ՝ թոյլ պիտի տայ ի յայտ բերելու նոր գաղափարներ եւ նոր նախագիծեր, աւելի ամրապնդելով մեր երկու երկիրներուն միջեւ կապերը», դիտել տուաւ դիւանագէտը:

asbarez.am/414008/ֆրանսա-աւելի-քան-երբեք-հայաստանի-կող/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail