Մարդուժի Տագնապ – Սերնդափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը – ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Մարդուժի Տագնապ – Սերնդափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը – ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

«Պիտի գան նորերը` աւելի ուժեղները,
պիտի գան աւելի վճռական սերունդներ…»

ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հայկական ազգային, միութենական, ընկերային, բարեգործական եւ մշակութային հաստատութիւններուն մէջ մնայուն ներկայութիւն եղող եւ գործունեայ անհատները լաւատեղեակ են, որ այսօր մեր հաստատութիւնները կը տառապին մարդուժի պակասէ:

Իւրաքանչիւր պատմական ժամանակաշրջան իրեն հետ բերելով իրեն յատուկ մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, տագնապներն ու հարցերը` ունեցած է այդ ժամանակաշրջանին հասակ նետած սերունդ մը: Սերունդ մը, որ գիտակից եղած է իր ծնած ու հասակ նետած ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն ու խնդիրներուն, տագնապներուն ու հարցերուն եւ, համաձայն այդ ժամանակաշրջանի մտայնութեան, պայքար մղած է յանուն ընկերութեան բարելաւման եւ նոյն ժամանակի ոգիին հետ քայլ պահելուն:

19րդ դարու կէսերուն մէջտեղ եկաւ այն սերունդը, որ գիտակից էր, թէ հայութիւնը պէտք է քայլ պահէ յեղափոխական Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հետ, անոնց մէջ տարածուած ազգային եւ ժողովրդավարական գաղափարները որդեգրէ ի շահ իրեն` յանուն ազգակերտման ու հայութեան մէջ ազգային մտածողութեան ձեւաւորման: Եւ յաջողեցաւ այդ սերունդը` կերտելով ազգային զարթօնք, որ ապագային հիմքը դրաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ ապա անկախ ազգային պետութեան կերտման:

Ազգային անկախ պետութիւնը կերտող սերունդին մաս կազմողներն ալ, իրենց կարգին, իրենց երիտասարդութեան ժամանակաշրջանին թէ իրենց ուսանած վայրերուն մէջ (ռուսական կամ եւրոպական համալսարաններ), կամ ալ իրենց աշխատած գործարաններուն մէջ, կրելով գործատէրերու շահագործման տանջանքներն ու զրկանքները` ազդուած էին այդ ժամանակաշրջանին տարածուած ընկերվարական շարժումէն եւ անոր ընկերային ու տնտեսական բարեկարգումներու նպատակներէն: Եւ յաջողեցաւ այդ սերունդը 20րդ դարու առաջին քառորդի չափանիշներուն համաձայն կերտելու ազգային պետութեան հիմքերը, վերջինս դարձաւ առաջին պետութիւններէն, որ կիներուն շնորհեց քուէարկութեան իրաւունք, կատարեց կրօնի եւ պետութեան բաժանում, ապահովեց ձրի կրթութիւն եւ ստեղծեց ազատական-ժողովրդավարական համակարգ մը, ուր կը տիրէր բազմակուսակցականութիւն եւ տարբեր կարծիքներու նկատմամբ յարգանք:

Նախորդ դարու 60ական եւ 70ական թուականներուն աշխարհի չորս կողմը ձեւաւորուեցան ազգային, ընկերային եւ տնտեսական ազատագրական շարժումներ, որոնք որոշ տեղեր ստացան խաղաղ ցոյցերու բնոյթ, իսկ այլ տեղեր` ուժային բնոյթ: Այդ տարիներուն յեղափոխութիւններ, ազատագրական շարժումներ եւ զանգուածային ցոյցեր բռնկեցան այնպիսի վայրերու մէջ, ուր հայկական համայնքներ կային, ինչպէս` Միջին Արեւելք, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Եւրոպա եւ Աւստրալիա: Այդտեղ մարդիկ իրենց աչքերով կը տեսնէին գործադուլներ, դասադուլներ, կամ կը կարդային յեղափոխական գրականութիւն, իսկ որոշ տեղեր ականատես կ՛ըլլային ուժային արարքներու: Եւ կային այդ սերունդին զաւակները, որոնք կեանք տուին այդ ժամանակուան յեղափոխական գրականութեան, վերակենդանացուցին հայ յեղափոխական երգը, եւ ամէնէն կարեւորը` հայկականացուցին այդ ժամանակաշրջանի յեղափոխական ոգին:

Իսկ այսօր, 21րդ դարու երրորդ տասնամեակին` 2020ականներուն, ի՞նչ է մեր կացութիւնը:

Թէ՛ հայկական կեանքին մէջ գործունեայ տարրը, թէ՛ ալ այն տարրը, որ հեռու է մեր առօրեայ գործունէութենէն, շատ լաւ գիտեն, որ մեր հաստատութիւնները սերնդափոխութեան լուրջ հարցեր ունին:

Հոս սերնդափոխութիւնը ոեւէ մէկուն կամքէն կախեալ հարց չէ, այլ աւելի խոր է:

Աւելի խոր, որովհետեւ հարցը միայն տարիքին չի վերաբերիր, այլ նաեւ` մտայնութեան եւ աշխարհահայեացքի:

Նախորդ սերունդի զաւակները, որոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն մեր ազգային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու վարչութիւններուն, տնօրէնութիւններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ, հասակ նետած են տարբեր ժամանակաշրջանի մը, տարբեր քաղաքական ու ընկերային պայմաններու եւ միջավայրի մը մէջ:

Այդ սերունդին հասակ նետած ժամանակաշրջանը Պաղ պատերազմի շրջանն էր, ուր տակաւին գոյութիւն ունէր երեք աշխարհներու օրինակը (առաջինը` դրամատիրական, երկրորդը` համայնավար, իսկ երրորդը` ոչ յանձնառուներու), երբ տակաւին Պերլինի պատը կանգուն էր եւ կը բաժնէր Առաջին աշխարհի Եւրոպան (դրամատիրական) Երկրորդ աշխարհի Եւրոպայէն (համայնավար), Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ գոյութիւն ունէր ցեղային խտրականութիւն, Երրորդ աշխարհի պետութիւնները տակաւին անկախացած չէին եւ կը գտնուէին գաղութատիրական տիրապետութեան տակ, պետութիւններ կը կառավարուէին բռնատիրութեամբ, եւ ամէնէն կարեւորը` Հայաստանը տակաւին չէր վերանկախացած եւ կը գտնուէր խորհրդային իշխանութեան ներքեւ:

Այսօր պայմանները փոխուած են:

Պաղ պատերազմը աւարտած է, Պերլինի պատը` փլած, երեք աշխարհներու օրինակը կը դասաւանդուի միայն պատմութեան դասագիրքերուն ընդմէջէն, իսկ աշխարհը ներկայիս թեւակոխած է համաշխարհայնացման ժամանակաշրջան, այլեւս գոյութիւն չունի երկաթեայ վարագոյր մը, որ կը բաժնէ երկու եւրոպաները իրարմէ, այլ միայն կայ մէկ Եւրոպական Միութիւն, գաղութատիրութիւնը իր դասական հասկացողութեամբ ոչնչացած է, իսկ նորանկախ պետութիւնները թեւակոխած են տնտեսական աճի եւ աղքատութեան նուազեցման ժամանակաշրջան (ամէնէն ցայտուն օրինակը Վիեթնամն է, որ նախորդ սերունդին համար շատ հանրածանօթ էր), Հարաւային Ափրիկէն վերջ դրած է ցեղային խտրականութեան երեւոյթին ու արդէն ունի սեւամորթ նախագահ, իսկ Միացեալ Նահանգները քաղաքացիական իրաւունքներ շնորհած են սեւամորթներուն, ամերիկացիները ընտրած են սեւամորթ նախագահ եւ ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու ալիքի հովը կը փչէ ամէնուր:

Նախորդ սերունդը, որ իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է Պաղ պատերազմի ընթացքին, իր ընկերային աշխարհահայեացքը ձեւաւորած է արհեստագիտական ստեղծագործութիւններէ, գիտական հետազօտութիւններէ, առողջապահական մարզի զարգացումէ հեռու, նախկինէն ժառանգուած աւանդութիւններով եւ առասպելաբանութիւններով, ժողովրդավարութեան ալիքին չէ հանդիպած, որոշումներու կայացումը կատարած է մութ սենեակներու մէջ եւ հանրութենէն հեռու, եւ ոչ թէ` բաց քննարկումի եւ թափանցիկութեան ճամբով, համաշխարհայնացման ժամանակաշրջանին հասակ չէ նետած եւ մեկուսացած աշխարհի մէջ ապրած է` նախորդ դարու համայնավարութիւնը ժամանակակից կեդրոն-ձախի կամ ընկերվար-ժողովրդավարութեան հետ շփոթելով եւ անտեսելով ժամանակակից գիտական ու առողջապահական յառաջդիմութեանց գիւտերն ու ստեղծագործութիւնները, ընկերային եւ բնապահպանական հարցերը, որոնց իրենց հասակ նետած ժամանակաշրջանին չեն հանդիպած:

Նախորդ սերունդին համար ոչ միայն դժուար ընկալելի, այլեւ երազային կը թուին ըլլալ նման նուաճումներ, բայց ներկայ սերունդը արդէն կը վայելէ յիշեալ պատմական նուաճումները:

Ներկայ սերունդը ոչ միայն կը վայելէ վերոյիշեալ քաղաքական նուաճումները, այլեւ կը վայելէ նոյնիսկ գիտական, առողջապահական եւ արհեստագիտական նուաճումներ: Նախորդ սերունդը ի զօրու չէր հետեւելու համաշխարհային գետնի վրայ տեղի ունեցած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական զարգացումներուն, իսկ ներկայ սերունդը մէկ երկվայրկեանի մէջ կրնայ տեղեակ ըլլալ միջազգային զարգացումներէն` շնորհիւ համակարգիչի, բջիջայինի եւ համացանցի գիւտերուն: Նախորդ սերունդը հասակ նետած է աւանդական եւ առասպելական ժառանգութեան մտայնութեամբ, սակայն այսօր բոլոր աւանդական եւ առասպելական ժառանգութիւնները հարցադրումի տակ են` շնորհիւ գիտական հետազօտութեան, տարբեր ակադեմական եւ մասնագիտական յառաջդիմութեանց ու առողջապահական մարզին մէջ մեծագոյն զարգացումին:

Անշուշտ այստեղ չենք ուզեր նախորդ սերունդին դերակատարութիւնը ամբողջովին ուրանալ: Նախորդ սերունդը իր հասակ նետած ժամանակաշրջանին իր դերակատարութիւնը ունեցաւ մեր ազգին ծառայելու հոլովոյթին մէջ: Անիկա եղաւ այն հայրենազուրկ սերունդը, որ պայքարեցաւ յանուն Հայաստանի վերանկախացման, մեծ ճիգ թափեց Սփիւռքի կազմակերպման հոլովոյթին մէջ, մասնակից դարձաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտութեան պահուն նոյնիսկ իր կեանքը նուիրեց յանուն մեր համայնքային օճախներու ֆիզիքական պաշտպանութեան:

Վերոյիշեալ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, արհեստագիտական, գիտական ու առողջապահական նուաճումները, որոնց ականատես դարձաւ նոր սերունդը վերջին տարիներուն ընթացքին, աշխարհահայեացքի ու մտայնութեան տարբերութիւն չե՞ն ստեղծեր ներկայ ու նախորդ սերունդներուն միջեւ:

Յանուն մեր ազգային միութիւններուն եւ զանազան կազմակերպութիւններու փրկութեան` անհրաժեշտ է սերնդափոխութիւն կատարել:

Մեր ամբողջ ազգի եւ Սփիւռքի, նաեւ մեր քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու վաստակը բարձր կը մնայ, ու մեր ազգային միտքը վերանորոգման եւ վերաթարմացման կ՛ենթարկուի, երբ ղեկավարութեան ջահը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, որովհետեւ այս պարագային ո՛չ միայն տարիքէ տարիք պիտի փոխանցուի ղեկավարութեան ջահը, այլեւ` մտածելակերպէ մտածելակերպ, աշխարհահայեացքէ աշխարհահայեացք եւ ուղղութենէ ուղղութիւն:

Սերնդափոխութիւնը չի նշանակեր մէկ անգամէն նախորդ սերունդը հեռացնել ղեկավարման դաշտէն: Սերնդափոխութիւնը պէտք է տեղի ունենայ աստիճանաբար, այնպէս մը, որ նոր սերունդի արդիապաշտութիւնը շաղկապուի նախորդ սերունդի փորձառութեան հետ եւ նոր ձեւերը պատշաճեցուին նախկին փորձառութիւններուն հետ:

Մարդուժի տագնապը կը պարտադրէ սերնդափոխութիւն, իսկ մեր ազգային կեանքին մէջ ճգնաժամի լրջութիւնը այդ սերնդափոխութիւնը կը պարտադրէ անմիջականօրէն:

asbarez.am/413927/մարդուժի-տագնապ-սերնդափոխութեան-անհ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail