Մշակոյթը – Հայոց Հզօրագոյն Կապը` Խլուած Հայրենիքին Հետ – ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Մշակոյթը – Հայոց Հզօրագոյն Կապը` Խլուած Հայրենիքին Հետ

Մշակոյթը – Հայոց Հզօրագոյն Կապը` Խլուած Հայրենիքին Հետ – ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Այսօր` իբրեւ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը զաւակները, պատմական հայրենիքին հետ մեր բնական կապը  բռնի կերպով խզուած է: Պապենական տուն, հող, ազգապատկան եւ պատմական կառոյցներ` բոլորը խլուած են եւ իւրացուած: Խլուած են նիւթեղէնները, սակայն հայրենիքէն ի սփիւռս աշխարհի իւրաքանչիւր հայու հետ փոխադրուած եւ վերապրեցուած է անգին ժառանգութիւն մը, որ փուլ առ փուլ կերտած է այդ հայրենիքը. այդ ժառանգութիւնն է` մշակոյթը:

Մշակոյթի մեծ հովանոցը կը պարփակէ` լեզուն, կրօնը, խոհանոցը, կենցաղային սովորութիւնները եւ արուեստը որ կ՛ընդգրկէ նաեւ ճարտարապետութիւնը:

Մենք այսօր մշակոյթի շնորհիւ է, որ տակաւին պահած ենք մեր ազգային գիծերը:

Սակայն, հասկնալով այս կապին հզօրութիւնը, կարելի չէ հաւատալ, որ այդ կապը կը մնայ հզօր` առանց ճիգի, առանց ծրագրաւորման եւ առանց հետապնդման:

Հետեւաբար, երբ կը նուազի ճիշդ հայերէն խօսողներուն թիւը, գրել եւ կարդալ գիտցողներուն քանակը, կապը ինքնաբերաբար կը վտանգուի: Երբ կը նուազի հայ արուեստագէտներուն թիւը, կապը կը վտանգուի: Երբ կ՛անտեսուին սովորութիւններ ու աւանդութիւններ, կապը կը վտանգուի…

Այս չի նշանակեր` 21-րդ դարը ապրիլ որպէս 18-րդ դարու մարդ, այլ աշխատիլ եւ մշակոյթը պահպանելով` զայն պատշաճեցնել ապրուող ժամանակաշրջանին:

Փոփոխութիւնը միշտ կարեւոր է: Սակայն փոփոխութիւն` չի նշանակեր այլանդակում: Փոփոխութիւնը հիմքն է եղափոխութեան, որ իր կարգին գոյատեւման գրաւականն է: Բնագէտ, երկրաբան եւ կենսաբան Չարլզ Տարուին կ՛ըսէ. «Հզօրագոյն էակները չեն, որ կը գոյատեւեն, ոչ ալ` ամէնէն խելացիները, այլ անոնք, որոնք ամէնէն շատ կը համակերպին փոփոխութեանց». սակայն հարկ է, որ փոփոխութեան համակերպումը ըլլայ մասնագիտականօրէն մշակուած եւ ուսումնասիրուած` ի խնդիր ազգային մշակութային դիմագիծի պահպանման ու զարգացման:

Այսօր շատեր կ՛աշխատին այս կապը հզօրացնելու կամ գէթ հզօր պահելու համար. այս վեհ նպատակին նուիրուած մեծագոյն հաստատութիւններէն է Համազգային մշակութային միութիւնը, որ շարունակաբար կ՛աշխատի մասնագիտականօրէն հայ մշակոյթը պահպանել, զարգացնել եւ զայն փոխանցել սերունդէ սերունդ: Իր աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերով Համազգայինը կը վերակենդանացնէ, կ՛ուսումնասիրէ եւ կը հրամցնէ հայ երգը, նուագը, պարը, նկարչութիւնը եւ լեզուն` լաւագոյնին ձգտող պատկերով: Լիբանանի Համազգայինը իր մասնագիտացած մասնաճիւղերով, Լիբանանը հարուածող բոլոր աղէտներով հանդերձ, շարունակած է եւ կը շարունակէ գործել մեծ թափով: Հա՛րկ է բարձր գնահատել «Քորոնա» համաճարակի առաջին իսկ օրերէն Լիբանանի Համազգայինի տարած առցանց աշխատանքը. քաջ գիտակցելով իւրաքանչիւր հայորդիի կեանքի արժէքը եւ պահպանելով ազգային առողջապահական ապահովութիւնը` ան անձամբ ներկայութիւն ակնկալող ձեռնարկները փոխարինեց առցանցով. խիստ պատասխանատու քայլ մը, որ ինքնին գնահատելի է:

Այս ոլորտին մէջ գնահատելի է նաեւ Հայ օգնութեան միութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ձեռարուեստի վարպետի աշխատանքը, որոնց շնորհիւ հայկական ձեռարուեստը, որ հայ մշակոյթի ամէնէն պատմական եւ բարդամ ոլորտներէն մէկն է, այսօր կենդանի է:

Անուրանալի է սփիւռքի տարածքին գործող հայ վարժարանին եւ մամուլին, գլխաւորաբար` «Ազդակ» օրաթերթին, տասնամեակներու գնահատելի դերը, յատկապէս` արեւմտահայերէնի գոյատեւումը ապահովող առաւել քան յոյժ կարեւոր աշխատանքը:

Քաջ գիտակցելով մշակոյթի եւ իբրեւ ազգ գոյատեւման միջեւ գոյակցող կենսական յարաբերութեան կարեւորութեան եւ խզելու համար նոյնիսկ այդ կապը, թուրքը նաեւ իրականացուց մշակութային ցեղասպանութիւն` ոչնչացնելով հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ, եկեղեցական անգին սպասներ, պատկերներ, կոթողներ, վանքեր, ընտանեկան ժառանգութիւններ… եւ տակաւին կը շարունակէ: Սա կը սահմանուի որպէս մշակութային ցեղասպանութիւն, եւ այս ոճիրի իրագործման աշխատանքին մէջ Թուրքիոյ միացած է նաեւ Ազրպէյճանը:

Հետեւաբար, ի դէմս ցեղասպանական կիրքերով թշնամիին, հարկ է համազգայի՛ն ներդրումով, ե՛ւ պետական ե՛ւ ժողովրդային անմիջական նեցուկով պահել, պահպանել, զարգացնել եւ փոխանցել հայ մշակոյթը` պահպանելու համար այդ վերացական, սակայն հզօր կապը Արեւմտահայաստանի եւ հայկական Կիլիկիոյ հետ, պահպանելու համար մեր գոյատեւումը` զարգացող, փոփոխութեանց պատշաճօրէն համակերպող ինքնուրոյն ազգային մշակութային գիծերով:

aztagdaily.com/archives/539186

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail