Այսպէս կոչուած իշխանութիւններուն դաւադիր ու թրքահաճոյ այս վարքագիծը յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Այսպէս կոչուած իշխանութիւններուն դաւադիր ու թրքահաճոյ այս վարքագիծը յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր

23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

Տասնամեակներէ ի վեր դաշնակցական երիտասարդութիւնը բողոքի «ակցիա»-ներ կը կազմակերպէ եւ կը կատարէ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի դեսպանատուներուն կամ հիւպատոսարաններուն առջեւ՝ Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Պէյրութի, Լոնտոնի, Մոնրէալի, Պուէնոս Այրէսի, Սիտնիի թէ բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ, սակայն ոչ մէկ տեղ ու ոչ մէկ ատեն զանգուածային ձեւով բերման ենթարկուած ու մանաւանդ խոշտանգուած է տեղւոյն ոստիկանութեան կողմէ:

Զաւեշտալի է, սակայն, որ նոյն երիտասարդութիւնը բիրտ վարմունքի կ‘արժանանայ իր իսկ սեփական հողին վրայ, իր իսկ ոստիկանութեան կողմէ, Երեւանի սիրտին մէջ, որովհետեւ բողոքած է թշնամի ազերի խուժանին դէմ, մերժելով անոր ներկայութիւնը:

Այսպէս կոչուած իշխանութիւններուն դաւադիր ու թրքահաճոյ այս վարքագիծը յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր:

Մէկ բան, սակայն, պիտի լաւ իմանան անոնք, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը անվարան պիտի շարունակէ հակաթուրք պայքարի իր ուղին, ան թքած ունի ոստիկանական թէ այլ բռնամիջոցներու վրայ, ան առանձին չէ, կը վայելէ նեցուկը եւ անվերապահ զօրակցութիւնը ամբողջ կուսակցութեան մեծ ընտանիքին՝ աշխարհով մէկ:

Բոլորիդ հերթը կու գայ, դաւաճաններ, մէկ առ մէկ, թէկուզ ուշացած:

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator
Azerbaijan continues to fight against Armenian culture in Karabakh (photo)
Julfa-The Demolition of the Armenian Heritage in Azerbaijan
Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today’s Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

facebook

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail