Ռուսաստանը, Ուքրայինան եւ Մենք – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ռուսական նախայարձակումը Ուքրայինայի դէմ բնականաբար տեղի կու տայ շարք մը հարցադրութիւններու Ռուս-Ուքրայինական Պատերազմի Կովկասի վրայ ունենալիք հաւանական հետևանքներու գծով։
Ռուսական այս նախաձեռնութիւնը (իր համաշխարհային կնճիռներու պարունակին իբրև մաս) պէտք է դիտել յատկապէս Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի կողմէ հետապնդուող փանթուրքիզմի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան դիրքերէն։ Թէ՛ Ղազախստանի և թէ՛ Ուքրայինայի քաղաքական ռազմաբեմերուն վրայ, Մոսկուա (այլևայլ պիտակաւորումներու ետին), առաջին հերթին, կը թուի լուծել փանթուրքիզմի իր փշոտ հարցը։ Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի փանթուրքիստական խարիսխներն են, որ սևեռուն քայլերով լուծարքի կ՚ենթարկուին Ռուսաստանի կողմէ խուճապի մատնելով Անքարան և Բաքուն։ Իսկ Ուքրայինայի պարագային, Թուրքիա և Ազրպէյճան կը կորսնցնեն հրաշալի դաշնակից մը և գործընկեր մը ռազմարդիւնաբերական և տնտեսական բազմապիսի համագործակցութիւններու ոլորտին մէջ։
Ռուսական ուժի այս գրոհով, Ուքրայինան կ՚ենթարկուի բացայայտ «ապաթրքացման»։ Բա՛ն մը՝ որ ինքնաբերաբար պէտք է նպաստէ Հայաստանի դիրքերու ամրապնդման։ Այս մասին կը գրէ նաև յայտնի վերլուծաբան և աշխարհաքաղաքական հարցերու մասնագէտ՝ Պր. Արմէն Այվազեան։ Հարցո՛ւմ. ի՞նչ չափով այսօր Հայաստանը ի վիճակի է օգտուելու ստեղծուող այս հաւանական առաւելութիւններէն։
Ինծի կը թուի, թէ դեռ շատ կանուխ է դրական գնահատական տալու ձևաւորուող այս առաւելութեան։ Ռուսական ներկայ յաղթարշաւը դեռ շատ բան ունի բացայայտելիք թէ՛ «ներքին» տարածաշրջանային և թէ՛աշխարհակարգային ծաւալներով։
Մոսկուան տարբեր Մոսկուա է այսօր, երբ հարցը կը վերաբերի Կովկասի (կամ «Կասպեան Տարածաշրջանի…) ներքին իրականութեան։ Մոսկուա լիովին ի վիճակի է — և իրմէ սպասելի՛ — որ այսօր ևս ան ուզէ խնդիրներ լուծել Կովկասի մէջ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՇՒՈՅՆ։ Այս վտանգը երբեք չէ հեռացած։ Ընդհակառակն կարելի է ըսել, որ ան նոյնիսկ մօտեցած է։ Դամոկլեան այդ սուրը այսօր ևս կախուած է մեր հայրենիքին վրայ։ Այս մասին գրած եմ քանիցս։ Մոսկուա Կովկասի մէջ կը գործէ բազմաթիւ հակասական թուող առաջնահերթութիւններով։ Այս բարդութիւնը մաս կը կազմէ Կովկասեան տարածաշրջանի քաղաքական հիւսուածքին և Մոսկուա տիրապետած է այդ բարդութիւնը ի նպաստ իրեն գործածելու արուեստին։
Այսօր, Կովկասի մէջ, Մոսկուայի նպատակներն են՝
(ա) Ագահօրէն բաժին վերցնել ազրպէյճանական ընդերքի եկամուտներէն Ալիևին շնորհելով (Հայաստանի և Արցախի հաշւոյն) իր իրերայաջորդ «յաղթանակ»ները։ Ալիև կրցած է յաջողապէս ստեղծել այս յատուկ գործընկերութիւնը Մոսկուայի establishment-ին հետ օֆշորային հաշիւներու մանուածապատ կտրուածքով։
(բ) Իր ամբողջական հակակշռին տակ առնել Ալիևն ու Ազրպէյճանը։ Փետրուար 22, 2022 -ի համաձայնագիրը (ռուսական նախայարձակման շեմին) այս գործընթացին բանալի հանգրուաններէն մէկն է։
(գ) Հետզհետէ բաժնել Ազրպէյճանը Թուրքիայէն նոյնիսկ Մեղրիի միջանցքի դարձդարձիկ ծրագիրներու իրականացման թուացեալ շառաւիղներու առկայութեամբ։ Այս առընչութեամբ, անկախ այն բանէն, թէ ի վերջոյ ի՞նչ տարբերակ հող կը գտնէ սակարկութիւններու սեղանին վրայ, մէկ բան պէտք է ընդունիլ որպէս անվիճելի։ Եթէ կայ Մեղրիի միջանցք և Փաշինեանի բնորոշումով ՝«կոմունիկացիոն ծրագիրներ», այդ բոլորին վրայ պիտի դրուի Մոսկուայի թաթը։
(դ) Սանձել փանթուրքիզմի յառաջխաղացքը առանց բացայայտ «պատերազմ» յայտարարելու փանթուրքիզմի շարժման դէմ, այլ պարզապէս ռուսական նրբամտութեամբ փանթուրքիզմի գործընթացները ներսէն գրաւելով (ինչին նախաձեռնեց Լենինը Խորհրդային Միութեան սկզբնական տարիներուն)։
Այս բոլոր ճակատներուն վրայ (գէթ առայժմ), Մոսկուայի յաջողութիւնները կրնան ըլլալ տոկոսային կամ հանգրուանային։ Բայց անոնք շարունակական հոլովոյթներ են։ Մոսկուայի մարտահրաւէրն է կառավարել այս «անմաքուր» իրավիճակը գերտէրութեան դիրքերէ և ի հարկին իր հաւանական մարտավարական «պարտք»երը մարել Հայաստանի, Արցախի և այլ զոհերու հաշւոյն։
Այս բոլորէն կը հետևի, որ Ուքրայինայի «ապաթրքացում»ը — այո՛ — կարևոր մեկնարկային առաւելութիւն մը կրնայ բերել Հայաստանին և Արցախին, բայց ան չի դադրիր ներկայիս «ապառիկ» ըլլալէ։ Ասիկա այն առաւելութիւնն է, որ Հայաստանի ձեռքերուն մէջ դեռ պէտք է վերածուի լծակի, որպէսզի տեսական առաւելութիւնը վերածուի իրական, ռազմավարական առաւելութեան (strategic leverage) և «կանխիկ»ի։
Դժբախտաբար Հայաստան ներկայ իրավիճակը կը դիմագրաւէ լայնօրէն անպատրաստ և տկարութեան դիրքերէ և մեր հաւաքական խնդիրն է այսօր անյապաղ ճշտել այն գործօնները, որոնք Հայաստանին կը հայթայթեն անհրաժեշտ զինարանը ներկայ իրավիճակը յեղաշրջելու և Հայաստանն ու Արցախը օժտելու նոր ու բանալի ուժականութեամբ։
Այսօր արդէն յարացոյցը փոխուած է հիմնովին և մենք խնդիր ունինք նոր յարացոյցի բաղադրիչներուն արագօրէն տիրապետելու։
yerakouyn.com/2022/02/25/ռուսաստանը-ուքրայինան-եւ-մենք-կարօ-ար/