Հին Էջեր, Ապրող Էջեր – ԽՈՒՍԱՓՈՒՄ ՉԿԱՅ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Հին Էջեր, Ապրող Էջեր
ԽՈՒՍԱՓՈՒՄ ՉԿԱՅ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ
Ն․ Պէրպէրեան
Աթէնք, 28 Փետրուար 2022
Հայաստանի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այսօր բացումը կատարեց իր Ընդհանուր Ժողովին, որուն վրայ սեւեռած են բոլոր լուսարձակները հայ քաղաքական մտքի, որովհետեւ իբրեւ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴ՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ջերմաչափն ու հայելին է Հայ Ազգի եւ Հայոց Հայրենիքի, Մեր Ժողովուրդի ու Հայկական Պետութեան հաւաքական ԵՐԹԻՆ։
Իբրեւ այդպիսին՝ Հ․Յ․Դ․ այսօրուան Ընդհանուր Ժողովը կոչուած է, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄն ու ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆը կատարելու շրջանաւարտ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի եռամեայ գործունէութեան՝ ըրածին եւ չըրածին, հայ կեանքի ընդհանուր նուաճումնրուն եւ ընկրկումներուն համապարփակ լոյսին տակ։
Իր այդ առաքելութեան տէր կանգնելու բարոյական ուժը պիտի կարենա՞յ նուաճել ժողովը, իմա՝ պիտի կայանա՞յ իբրեւ Հ․Յ․Դ․ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ։
Օրակարգը բացուած է հանրային քննարկման համար եւ մտքերու անկաշկանդ արծարծման կը կարօտի։
Օրակարգին յուշարար թող ըլլայ 2014ին գրուած, Հ․Յ․Դ․ Ընդհանուր Ժողովի ԿԱՅԱՑՄԱՆ նուիրուած, բայց գրաքննական արգելքով անտիպ մնացած արխիւային հետագայ էջը․
ՕՐՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ
Կը կայանա՞յ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը
Նազարէթ Պէրպէրեան
(Յատուկ՝ «Ասպարէզ»ին, 20 Նոյեմբեր 2014)
Ինչպէս որ հայ իրականութիւնը յուզող ազգային-քաղաքական ամէն խմորում իր տեղը կը գրաւէ դաշնակցական մտքի օրակարգին վրայ, այնպէս ալ Դաշնակցութեան կեանքը յուզող ներքին խմորումները իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն հայ քաղաքական մտքին ընդհանուր ուշադրութիւնը։
Պատճառը նախ այն է, որ «միսը միսէն եւ ոսկորը ոսկորէն» առած ըլլալու կազմախօսական իր կապով՝ Դաշնակցութիւնը միաձուլուած է հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին ու կենսագործութեան հետ։
Իբրեւ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն» ծնունդ առնելով եւ անմիջապէս «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» վերածուելով հանդերձ, Դաշնակցութիւնը բնաւ չդարձաւ սոսկական կուսակցութիւն մը՝ բառին քաղաքական-կազմակերպական մասնակի կամ ընթացիկ ուժ մը նշանակելու իմաստով։
Ընդհակառակն՝ հայ ժողովուրդին ազգային ինքնադրսեւորման եւ ինքնահաստատման յեղափոխական դրօշակիրը եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ Դաշնակցութիւնը ահա՛ 124 տարիէ ի վեր։
Դաշնակցութեան ընտրանքներն ու քայլերը մաս կը կազմեն հանուր հայութեան օրակարգին նաեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ վերջին քառորդ դարուն, Հայ Դատի ուժական պայքարի սփիւռքեան զարթօնքէն, Արցախի ազատագրումէն եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին՝ աւելիով շեշտուած է Դաշնակցութեան վիճակուած ազգային ջերմաչափի նշանակութիւնը։
Այսինքն՝ Հայաստանի եւ հայութեան մերօրեայ նուաճումներն ու ընկրկումները խորաչափելու եւ արժեւորելու համար, կարելի է հայ քաղաքական մտքի քննական լուսարձակը կեդրոնացնել Դաշնակցութեան ըրածին ու չըրածին, առաջադրածին ու անտեսածին… հաշուեյարդարին վրայ։
Իսկ այդ առումով, միշտ ալ, յատուկ նշանակութիւն ու կարեւորութիւն ներկայացուցած են Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովները, որոնք աւանդաբար չորս տարին անգամ մը գումարուելով՝ կոչուած են արտայայտելու եւ ամրագրելու Դաշնակցութեան ԿԱՄՔը։
Եւ որովհետեւ այս օրերուն Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի իր հերթական Ընդհանուր Ժողովին, խորագրով խտացուած հարցադրումը կը վերաբերի անոր գումարման եւ դիմագրաւած խնդիրներուն՝
Կը կայանա՞յ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը։
Հարցականը անտեղի չէ, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած ինքնաքննադատութեան եւ ռազմավարական ծրագրումի ընդհանուր մարտահրաւէրը իր տրամաբանութիւնը կը պարտադրէ նաեւ ու մանաւանդ Դաշնակցութեան։
Ինչպէս որ Դաշնակցութիւնը չի կրնար նուազեցուիլ սոսկական քաղաքական կազմակերպութեան կամ ինքնանպատակ կուսակցութեան մը, այնպէս ալ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը չի կրնար վերածուիլ ընկալեալ կուսակցութեան մը ընդհանուր համագումարին, որ լաւագոյն պարագային կը ծառայէ քաղաքական ուժի եւ ժողովրդային համակրանքի ցուցադրութեան…
Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը ըստ ամենայնի կը զրկուի իր գոյութեան իմաստէն եւ դաշնակցական նշանակութենէն, եթէ իր կազմութեան ու գումարման առաջին իսկ պահէն՝ իրեն հաշիւ տալու եւ իր հաւանութեան արժանանալու պարտաւորութեան տակ չդնէ գործող Հ.Յ.Դ. մարմինները – Բիւրոյէն մինչեւ շրջաններու Կ. Կոմիտէներն ու Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը եւ Առանձնակի Կոմիտէները։
Այո՛, կը կայանա՞յ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, որ իր մէջ պիտի գտնէ ուժը հաշիւ պահանջելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ շրջանային Մարմիններու անցեալ տարիներու վրէպներուն, դեդեւումներուն եւ ձախողութիւններուն համար։
Ի վերջոյ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ Հայաստանի խորհրդարանական եւ նախագահական վերջին ընտրութեանց գայթակղութիւններուն համար, որոնք ծանրացնելու եկան արտագաղթի վերանորոգ թափով աղէտն ու ընկերային անարդարութեան ծանրացող բեռը։
Դաշնակցութիւնը ի՞նչ կրնար ընել եւ չըրաւ՝ թումբ կանգնելու համար ահագնացող թաւալգլոր անկումին։
Աւելի՛ն.
Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը ի վիճակի պիտի ըլլա՞յ, հայ իրականութեան նորօրեայ քարտէսին վրայ, օրինակելի նախադէպը ստեղծելու քաղաքական ամէն կարգի արատներէ մաքրուելու խստապահանջութեան՝ առաջին հերթին իշխանութեան թէ ղեկավարութեան ինքնավերարտադրման արմատացող ընդհանուր ախտէն… ձերբազատուելով։
Կը կայանա՞յ, վերջապէս, Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, որ հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ գոյակերպի պայմաններուն մէջ, պիտի յաջողի ապակեդրոնացման իր հուժկու զէնքը պատշաճեցնել ժամանակի կշռոյթին՝ գաղափարական-բարոյական միութեան յառաջացման ճամբուն վրայ չիյնալով կեդրոնացման դիւրին, այլեւ կործանարար որոգայթներուն մէջ։
Այո՛, ծրագրային եւ կառուցային հիմնական վերանայումներու եւ անխուսափելի պատշաճեցումներու քառուղիին վրայ կանգնած է Դաշնակցութիւնը, եթէ կը շարունակէ իր մէջ զգալ Հայաստանի եւ հայութեան դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրներուն համապատասխան իր կեանքն ու գործը շարունակելու գաղափարական ներուժը։
Դաշնակցական սերունդներու զոհաբերութեամբ կուտակուած գաղափարական այդ ներուժը ամրագրելու կոչուած է Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը։
– ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ