Փարիզի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Շէնքին Դիմաց Տեղի Ունեցաւ Բողոքի Ցոյց պայմաններու մէջ թրքական պետութեան քայլերուն առնչութեամբ

Փարիզի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Շէնքին Դիմաց Տեղի Ունեցաւ Բողոքի Ցոյց
պայմաններու մէջ թրքական պետութեան քայլերուն առնչութեամբ:

«Հարիւր տարի անց ալ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու, եզիտիներու եւ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան ոճրագործը համարուող Թուրքիան իր տարածքով կը թոյլատրէ մարդոց, զէնքի եւ քարիւղի տեղափոխումը` ի յօգուտ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, որոնք այժմ կը խանգարեն նաեւ Եւրոպան»,- նշած է Քարամ: Ան յորդորած է Եւրոմիութեան դադրեցնելու Թուրքիոյ ֆինանսաւորումը եւ յստակ դիրքորոշում ընդունելու պաշտօնական Անգարայի քաղաքականութեան նկատմամբ: CHREDO-ի ղեկավարը ընդգծած է, որ Թուրքիան տեղ չունի Սեպտեմբեր 8-ին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնած Փարիզի խորհրդաժողովին, որ թրքական կողմը կրկին կրնայ փորձել վերածել յարմար հարթակի զինք արդարացնելու եւ երկակի խաղը շարունակելու նպատակով:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ղեկավար Արա Թորանեան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան պարտաւոր է ճանչնալու 1915 թուականին հայերու, ասորիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: «Ժամանակը ոչինչ կը հանդարտեցնէ, ժամանակը ի զօրու չէ փոխելու մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու բնոյթը: Քանի դեռ Թուրքիան կը շարունակէ պահպանել ներկայ դիրքորոշումը, տառապանքը պիտի շարունակուի, եւ խնդիրը պիտի չկարգաւորուի»,- նշած է ան:

Փարիզ 16-րդ շրջանի ղեկավար Քլոտ Կոասքենը եւս հանդէս եկած է ելոյթով` ընդգծելով, որ Թուրքիան պէտք է դատապարտուի «Իսլամական պետութեան» աջակցելու համար, որու պատճառով իսլամական խմբաւորումը կրցաւ «ծաղկում ապրիլ»:
«Արեւելքի քրիստոնեաները վտանգի մէջ են» (CHREDO) խումբի ղեկավար Փաթրիկ Քարամի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 7-ին Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ընդդէմ Թուրքիոյ երկակի քաղաքականութեան Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ որ կը վկայակոչէ Nouvelles d’Armenie-ին` ցոյցին մասնակցած են սուրիացիներ, հայեր, քիւրտեր, եզտիներ եւ լիբանանցիներ, որոնք իրենց բողոքը յայտնած են ստեղծուած

www.yerakouyn.com

armenews.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail