Արցախի Մէջ Վնասուած Կազատար Խողովակի Վերանորոգութեան Աշխատանքները Աւարտեցան
19 ՄԱՐՏ 2022 – ԱՐՑԱԽ:
Արցախի մէջ վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները աւարտեցան: Արցախի տեղեկատուական շտապէն յայտնեցին, որ հաշուի առնելով կազատարի` 10 օր շարունակ չգործելու հանգամանքը, այժմ կը կատարուին թեքնիք կարգ մը աշխատանքներ` կազի պատշաճ եւ անխափան փոխադրումն ու մատուցումը բաշխիչ ցանցերուն ապահովելու ուղղութեամբ:
«Նշուած աշխատանքները աւարտելէ ետք կազամատակարարումը կը վերականգնուի: Կրկին կը յորդորենք բոլոր բաժանորդներուն պահպանելու զգօնութիւն, որպէսզի կազամատակարարման վերականգնման պահուն կազի արտահոսք ու արտակարգ պատահար տեղի չունենայ», նշուեցաւ շտապի տարածած յայտարարութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/541348