«Պէտք Է Քանդել Փութինի Ուժը» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Փոխվարչապետը
19 ՄԱՐՏ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Գերմանիոյ փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ռոպերթ Հապեք պահանջեց սանձել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուժը եւ ի վերջոյ զայն քանդել:
Հապեք «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պէտք է մեր կարելին ընենք Փութինի ուժը նուազեցնելու եւ ի վերջոյ զայն քանդելու համար»:
Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարը դէմ արտայայտուեցաւ Ռուսիայէն ուժանիւթի ներածումները դադրեցնելու կոչերուն` նշելով. «Երբ կրնանք ըսել, թէ քարիւղի եւ կազի մատակարարումները ապահովեցին, այդ ատեն կրնանք յաջորդ քայլը առնել»:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր Կապրիէլ Աթալ յայտնեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մօտ օրէն անգամ մը եւս պիտի խօսի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»` նշելով, որ իր երկրին նպատակը Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հասնիլն է:
«Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները սկսան մեծապէս ազդել», ըսաւ ան` շեշտելով. «Կը յուսանք, որ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները նախագահ Փութինը կը մղեն իր ծրագիրները բարեփոխելու»:
Աթալ նախապէս յայտնած էր, որ իր երկիրը «ուքրանացիներուն կողքին կը կանգնի, սակայն չ՛ուզեր Ռուսիոյ հետ ճակատումի մէջ մտնել»` նշելով. «Կարեւոր է, որ Ֆրանսական ընկերութիւնները յարգեն Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները»:
aztagdaily.com/archives/541360