Անդրադարձ – Ուքրանիա, Չաւարտած Համաշխարհային, Փլուզուած ԽՍՀՄ, Ռուսիա Եւ Աշխարհաքաղաքական Ճատրակ
18 ՄԱՐՏ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մ. Յ.
Ռուսական ներխուժումը Ուքրանիա համաշխարհային տագնապի ծնունդ տուաւ, քանի որ այլեւս հեռուն մօտ է: Աւերներու պատկերները կը գրաւեն բոլորին ուշադրութիւնը: Անմիջականէն անդինը պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Ռուսիա ձեռնարկեց պատերազմի: Ի՞նչ են արդարացումները եւ պատճառները:
Պատերազմի սկիզբը նախագահ Վլատիմիր Փութին խօսեցաւ յատուկ զինուորական գործողութեան մասին, պատերազմի յայտարարութիւն չկար: Կար բացատրութիւն մը. 1991-էն ի վեր անկախ Ուքրանիան թափանցուած է նոր նացիներով եւ դարձած` Ռուսիոյ թշնամիներու գաղութ: Այս միտքը տարիներէ ի վեր կրկնուած եւ տարածուած է Ռուսիոյ մէջ: Ռուսերը յաճախ կը յիշեցնեն, որ Ուքրանիոյ արեւմտեան շրջանին մէջ Բ. Աշխարհամարտին գերմանական ուժերը ընդունուած էին որպէս ազատարարներ: Ռուսական մամուլը յաճախ քննադատած է Ուքրանիան` հակահամայնավար եւ նացիամէտ ծայրայեղ աջերու ներկայութեան համար: Առաւել, Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի իշխանութենէ հեռացումէն ետք, Ռուսիա անոր յաջորդներուն նկատմամբ ունեցած է բացասական վերաբերում, անոր համար, որ Փորոչենքոն եւ ներկայի նախագահ Զելենսքին ունեցած են Ամերիկայի աջակցութիւնը: Հետեւաբար Ռուսիա զանոնք համարած է իրեն դէմ գործիք եւ չէ վարանած Ուքրանիոյ կառավարութիւնը ընդունիլ որպէս ամերիկացիներու կողմէ իրեն դէմ գործելու համար հաստատուած իշխանախումբ:
Քարտէսը շատ մը բաներ կը բացատրէ: Ռուսիոյ համար Ուքրանիան կարեւոր է Եւրոպայի մէջ ըլլալու համար: Իր դիրքով ան կը գտնուի Սեւ ծովու եւ Կովկասի միջեւ: Ան Ռուսիոյ միացուած է ԺԸ. դարուն միայն, ապա` ԽՍՀՄ-ի, եւ հանդիսացած` ռուսական հզօրութեան օղակներէն մին, դէպի հարաւ եւ դէպի արեւմուտք: Ուքրանիան հարուստ է հացահատիկով, հանքերով եւ ծովով, զորս Ռուսիա օգտագործած է իր հզօրութեան համար:
Պատերազմի ռազմավարական բացատրութիւնը պարզ է. թոյլ չտալ Ուքրանիոյ հեռացումը Ռուսիայէն եւ զրկուիլ անոր հողամշակային եւ հանքային հնարաւորութիւններէն: Ուքրանիոյ հեռացումով Ռուսիա կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը նախկին Վարշաւիոյ ուխտի անդամ Հունգարիոյ, Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի վրայ, զորս կրնայ հակակշռել` պահելով Ուքրանիան, ընդդէմ Արեւմուտքի: Այսինքն Պաղ պատերազմը չէ աւարտած:
Միջամտութեան համար պահը պատեհ էր: Թուենք. Ճօ Պայտընի իշխանութիւնը տկարացած է Աֆղանիստանէն առանց պայմանի հեռացած ըլլալով, համավարակը, Ամերիկայի պառակտումները եւ եւրոպական դաշնակիցներու վերապահութիւնները անոր նկատմամբ, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնը եւ Գերմանիոյ նոր կառավարութիւնը: Առաւել, Ուքրանիոյ նախագահութիւնը տկարացած է երեք տարուան իշխանութենէ ետք: Բնական կազի եւ նաւթի գինի բարձրացումը Ռուսիոյ ապահոված էին բարձր եկամուտներ, ինչ որ երաշխիք է պատերազմական ծախսեր դիմագրաւելու:
Ռուսիա քանի մը ամիսէ ի վեր ռազմափորձեր կը կատարէր: Համոզուած էր, որ ոչ ոք Ռուսիոյ դէմ ճակատելու ցանկութիւն ունէր, եւ պահը պատեհ էր Ուքրանիան վերադարձնելու ռուսական գօտիի մէջ: Միւս կողմէ` Ամերիկան մնայուն լարուած վիճակի մէջ է Չինաստանի հետ, ինչ կը վերաբերի Չինական ծովու հակակշռին եւ Թայուանի: Այս նպատակով աւելի կարեւոր էր Աւստրալիոյ հետ գործակցութիւնը, քան` Եւրոպայի: Այս դրսեւորուեցաւ Աւստրալիոյ` Ֆրանսայի ապսպրած ընդծովեաներու համաձայնագրի ջնջումով: Իսկ Ռուսիա իր անցեալի ազդեցութիւնը եւ հզօրութիւնը վերահաստատեց 2020-ին եւ 2021-ին` Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը վերադարձնելով իր կայսերական գօտիին մէջ: Միաժամանակ, Ուքրանիա չէր հաշտուեր Խրիմի կորուստին հետ: Հետեւած էին Տոնպասի անջատողական կռիւները: Հակամարտութիւնը կը սրէր` որպէս խորք ունենալով Ատլանտեան ուխտի տարածուելու եւ Ռուսիան օղակելու քաղաքականութիւնը:
Կացութիւնը բարդացաւ եւ սրեցաւ, երբ Վլատիմիր Փութին Ուքրանիոյ ըմբոստ շրջանները ճանչցաւ որպէս անկախ պետութիւններ: Ի՞նչ կրնային ըլլալ յաջորդ քայլերը: Ռուսիա կրնար բաւարարուիլ որոշ շրջաններու գրաւումով, կամ` մասնակի պատերազմով մը Սեւ ծովը եզերող Տոնպասի տարածքները իր հակակշռին տակ առնելով, կամ` զէնքի ուժով իրեն ենթարկելով ամբողջ Ուքրանիան: Վլատիմիր Փութին ընտրեց արմատական լուծման ուղին:
Պատերազմը Եւրոպայի ուղղուած զգուշացում կ՛ըլլար եւ Չինաստանը տպաւորելու միտում: Ուժի ցուցադրութիւն` հեղինակութեան ամրացման համար:
Արեւմուտքը դիրքորոշուած ըլլալով հանդերձ Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ, ուղղակի մասնակից չէ, կը գոհանայ տնտեսութիւնը գործածելով որպէս ճնշման միջոց, որ կրնայ մեծապէս ազդել Ռուսիոյ վրայ, որ այդ շահագործելով` կրնայ զօրացնել ներքին ճակատը: Ռուսական բանակը արդիականացած է, փորձառութիւն ձեռք բերած է Վրաստանի եւ Սուրիոյ կռիւներու ընթացքին: Այժմ ամուր կապեր ունի Չինաստանի հետ, միութենական գործակցութիւն հաստատած է Պիելոռուսիոյ հետ: Ռուսիա կը վստահի իր բանակի ուժին:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ պատերազմի վաղորդայնը: Ռուսիա աւելի՞ հզօր դուրս պիտի գայ պատերազմէն: Պիտի գոհանա՞յ Եւրոպայի եւ իր միջեւ ապազինուած Ուքրանիա մը ստեղծելով, հոն իրեն ենթակայ իշխանութիւն մը հաստատելով, թէ՞ պիտի գրաւէ Ուքրանիոյ մէկ մասը եւ միացնէ իր տարածքին` Խրիմի օրինակով, յառաջացնելով միջազգային նոր հաւասարակշռութիւն մը, որպէսզի ինքզինք վտանգուած չզգայ:
Թուրքիա Ուքրանիոյ պատերազմին եթէ պատճառը չէր, հրահրողն էր, շրջանային կարեւոր դերակատար ըլլալու եւ կրկին Ամերիկայի կարեւոր գործընկեր համարուելու համար, որուն հետ յարաբերութիւնները նախկինի պէս բարեկամական չեն սուրիական պատերազմի ընթացքին ռուս-թրքական գործակցութեան պատճառով: Թուրքիա միշտ անդամ է Ատլանտեան զինակցութեան:
Ռուսիա կրնա՞յ մոռնալ, որ պատերազմի նախօրեակին Թուրքիա զինուորական սարքեր տրամադրեց Ուքրանիոյ, «Պայրաքտար»-ները, իսկ Ուքրանիա պիտի հասկնա՞յ, որ այդ ընելով` Թուրքիա կը հետապնդէր այլ նպատակներ, ինչպէս` մերձեցում Ամերիկայի հետ եւ միջազգային դերակատար ըլլալու փառասիրութիւն:
Երբ Թուրքիա կը մերժէ ճանչնալ Խրիմի միացումը Ռուսիոյ, այդ չ՛ըներ ծառայութիւն մատուցելու համար Ուքրանիոյ, այլ` անոր համար, որ Խրիմն ալ կը համարէ մաս Եգէականէն մինչեւ Չինաստան իր երազած համաթուրանական կայսրութեան, ցեղապաշտական եւ կրօնամոլական խորքով, որ վաղ թէ ուշ պիտի մտահոգէ միաժամանակ Ռուսիան, Արեւմուտքը եւ Չինաստանը:
Հետեւանքը պարզ է. խաղաղութիւնը եւ մարդկութիւնը սուղ գին պիտի վճարեն:
Մինչեւ ե՞րբ Արեւմուտք, Արեւելք եւ Ծայրագոյն արեւելք կրնան ձեւացնել, որ չեն հասկնար Թուրքիոյ համաթուրանական հետեւողական քաղաքականութիւնը:
15 մարտ 2022, Փարիզ
aztagdaily.com/archives/541178