Ուքրանահայ Գաղթականներ Հասած Են Ժընեւ – Ժընեւի մեր աշխատակիցը՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան կը գրէ
18 ՄԱՐՏ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ժընեւի մեր աշխատակիցը՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան կը գրէ:
Արդէն երեք շաբաթներէ ի վեր շարունակուող ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով միլիոնաւոր գաղթականներ հերթաբար կը հասնին Եւրոպա:
Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանէն ու Ծխական խորհուրդի ատենապետ Օննիկ Գազանճեանէն քաղուած տեղեկութիւններէն կ՛իմանանք, որ շուրջ քսանհինգ ուքրանահայեր Քիեւէն, Խարքովէն եւ Օտեսայէն հասած են Ժընեւ, ոմանք Ուքարնիա ապրող Հայաստանի քաղաքացիներ են:
Անոնց համար առժամեայ կեցութիւն ապահովուած էր գաղութի ընտանիքներու մօտ, հոգալով նաեւ անոնց անմիջական կենցաղային կարիքները, ապա զանոնք փոխադրած են Ժընեւէն հարիւր քսանհինգ քիլոմեթր դէպի հիւսիս գտնուող Նիւշաթել նահանգ, ուր հաստատուած է կեդրոն մը` ֆրանսախօս շրջանի մէջ ուքրանացի գաղթականներ ընդունելու եւ անոնց կեցութեան թուղթերը պատրաստելու ու բնակավայրեր յանձնելու աշխատանք տանող:
Ժընեւի գաղութի զաւակներէն ոմանք կը հեռաձայնեն Ծխական խորհուրդին` իրենց պատարաստակամութիւնը յայտնելով, հիւրընկալելու գաղթական հայորդիներ: Օննիկ Գազանճեանէն իմացանք, որ այս գծով իր օժանդակութիւնը կը բերէ նաեւ Զուիցերահայ միութիւնը (UAS), որուն ատենապետ Մեկանոյշ Պագրամեանի հետ յաճախակի կապի մէջ են:
Գուսան վրդ. Ալճանեան յայտնեց նաեւ, որ խօսած է Ուքրանահայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի հետ: Յառաջիկայ կիրակի Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մկրտութիւն պիտի կատարուի ուքրանահայ քառանդամ ընտանիքի մը:
Ժընեւի Նահանգային կառավարութիւնը, օդակայանի կից՝ միջազգային տօնավաճառի կեդրոնին մէջ, անմիջական միջոցներ ի գործ դրած է` ժամանակաւոր կերպով լուծելով գաղթականներուն կեցութեան հարցը: Իսկ Զուիցերիոյ դաշնային իշխանութիւնը կեցութեան յատուկ դրութիւն հաստատած է Ուքրանիայէն հասած գաղթականներու համար. արդարեւ, անոնց կը տրուի «S» կարգավիճակ, որուն շնորհիւ կարելիութիւն կ՛ունենան շրջագայիլ եւրոպական երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ կը ստանան թոշակ ու բնակարան: Ցարդ Զուիցերիա հասած են շուրջ տասը հազար գաղթական ուքրանացիներ:
aztagdaily.com/archives/541251