«Ո՛չ Քիեւը, Ո՛չ Մարիուփոլը, Ո՛չ Ալ Խարքովը Պիտի Յանձնենք Ռուսիոյ, Եւ Իրենց Շանթաժը Պիտի Չընդունինք, Թող Նախ Մեզ Ձերբակալեն» Կ՛ըսէ Զելենսքի
22 ՄԱՐՏ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ նախապայմանները պիտի չընդունի, «եւ անոնք մեզ այդ նախապայմաններուն հետ շանթաժի կ՛ենթարկեն»: «Ռուսերը մեր վրայ կը յարձակին, ապա մեզի շանթաժի կ՛ենթարկեն եւ նախապայմաններ կը ներկայացնեն», ըսաւ ան` շեշտելով. «Շանթաժը պիտի չընդունինք, շատ բան զոհեցինք, ուստի նախ մեզ թող ձերբակալեն»:
Ուքրանիոյ նախագահը նշեց, որ իր երկիրը ո՛չ Քիեւը, ո՛չ Մարիուփոլը, ո՛չ ալ Խարքովը Ռուսիոյ պիտի յանձնէ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն ընթացքին Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը արագ եւ բովանդակալից աշխատելու աւելի մեծ պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ, քան ուքրանականը: Այժմ անոնց ընթացքը չի համապատասխաներ կացութեան պահանջներուն:
Անոր համաձայն, բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթացի աստիճանը, հաւանաբար, այնպիսին չէ, ինչպիսին պիտի ուզեն, եւ ոչ ալ այնպիսին է, ինչ որ կը պահանջէ կացութեան զարգացման ընթացքը:
«Անգամ մը եւս կը կրկնեմ` ռուսական կողմը աւելի շատ պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ արագ եւ բովանդակային աշխատելու, քան ուքրանական կողմին բանակցողները», շեշտած է Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարին կարծիքով` հիմա բոլորը պէտք է ազդեցութիւն գործեն Քիեւի վրայ, որպէսզի աւելի ճկուն դառնայ:
«Ով որ կրնայ, պէտք է փորձէ ազդել Քիեւի վրայ, որպէսզի ուքրանական կողմը աւելի ճկուն, աւելի կառուցողական ըլլայ: Պայմանական հանդիպման համար տեղի ընտրութիւնը երկրորդական հարց է, թէեւ, ի հարկէ, մենք երախտապարտ ենք բոլոր այն երկիրներուն, որոնք կը յայտարարեն բանակցային հոլովոյթին աջակցելու իրենց ցանկութեան մասին», աւելցուց Փեսքով:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ երէկ Երուսաղէմի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ հակառակ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած որոշակի յառաջընթացին, ռուս-ուքրանական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խոր անջրպետը կը պահպանուի:
«Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին թէեւ որոշակի յառաջընթաց կար, սակայն հիմնարար խնդիրներու շուրջ տարակարծութիւնները կը շարունակեն շատ լուրջ բնոյթ կրել: Մենք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մեր միւս բարեկամներուն հետ միասին պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել, որպէսզի այդ տարակարծութիւնները յաղթահարուին: Ամէնէն լաւ բանը, որ կրնայ տեղի ունենալ, պատերազմի աւարտն է: Սակայն ատոր տանող ճամբան տակաւին շատ երկար է, գոյութիւն ունին շարք մը հիմնարար խնդիրներ, որոնք քննարկման ենթակայ են», յայտարարած է Պենեթ:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քոլեպան երէկ յայտնեց. «Մենք Պէյճինկին հետ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին քաղաքական լուծում գտնելու հասարակաց կեցուածք ունինք: Չինաստանին` իբրեւ միջազգային ուժի կոչ կ՛ուղղենք` այդ ջանքերուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու»:
Միւս կողմէ, Ուքրանիան մերժեց շրջափակուած Մարիուփոլ քաղաքը յանձնելու եւ 21 մարտին սպիտակ դրօշներ բարձրացնելու Ռուսիոյ պահանջը` ըսելով, որ «յանձնուելու մասին խօսք չկայ»:
«Զէնքերը վար դնելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Այս մասին մենք արդէն տեղեկացուցած ենք ռուսական կողմին», ըսաւ Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Իրինա Վերեշչուք:
aztagdaily.com/archives/541609