Մենք Պէտք Չէ Վարանինք Յանուն Արցախի Որեւէ Այլ Դժուարութիւն Պատուով Կրելու. Արցախի Թեմի Առաջնորդ
25 ՄԱՐՏ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Արթո՛ւն եղէք, հսկեցէ՛ք, քանի որ ձեր ոսոխը՝ Սատանան, կը մռնչէ առիւծի պէս, կը շրջի եւ կը փնտռէ, թէ որո՛ւն կուլ տայ: Դիմադրեցէ՛ք անոր՝ հաստատուն ըլլալով հաւատի մէջ.»
Ա Պետրոս
Սիրելի՛ արցախցիներ,
Աստուածաշնչեան այս խօսքը միշտ պիտի զնգայ մեր ականջներուն մէջ, որովհետեւ քրիստոնեան, առաւել եւս հայ քրիստոնեան, ո՛չ մարմնաւոր եւ ո՛չ ալ հոգեւոր առումով թմրելու, սթափութիւնը կորսնցնելու իրաւունք չունի:
Պետրոս առաքեալ իր այս խօսքով կը յորդորէ նախ արթուն մնալ մտքի եւ հոգիի մէջ՝ պաշտպանուելու տեսանելի եւ անտեսանելի հակառակորդներէն: Աստուածաշնչեան այս ճշմարտութիւնը միշտ առաջնորդած է մեր նախնիները, եւ այսօր ալ անիկա պիտի ուղղորդէ մեզի` չթուլացնելու նախ հոգեւոր, ապա նաեւ ֆիզիքական զգօնութիւնը։ Անիկա այսօր առաւել պատշաճ է առօրեայ մեր կեանքին. ապրելով նենգ թշնամիներու հարեւանութեամբ՝ զգօնութիւնը թուլացնելու, թմրելու ու ննջելու իրաւունք պարզապէս չունինք, այլապէս պիտի շարունակենք կորուստներ ունենալ: Այսօր ալ թշնամին կը փորձէ ընկճել մեզի զանազան ճանապարհներով՝ տեղեկատուական պատերազմով, արհեստական մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացնելով եւ միայն իրեն բնորոշ այլ ստոր միջոցներով: Հետեւաբար Պետրոս առաքեալի յորդորը, որ այսօր արդիական է բազմապատիկ չափով, եւ կը հնչէ այսպէս. «Արթո՛ւն կեցէք եւ պատրա՛ստ եղէք, որովհետեւ չէք գիտեր, թէ թշնամին, որ ժամուն պիտի գայ»:
Այո, դժուար է անվրդով ապրիլ նման պայմաններու մէջ, բայց մի՞թէ նորութիւն է մեզի համար թշնամիի այս վարքագիծը, մի՞թէ առաջին անգամն է, որ կ՝ուզեն Արցախը ձգել առանց հայու։ Պատմութիւնը լի է նման դրուագներով, բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ մինչեւ այսօր մենք դեռ կ՝ապրինք մեր երկրին մէջ։
Մեզի պէտք չէ ընկճէ կենցաղային որեւէ դժուարութիւն եւ որեւէ անորոշութիւն, որովհետեւ, եթէ մեր Նահատակները չվարանեցան իրենց կեանքը տալու Արցախի համար՝ ուրեմն մենք ալ պէտք չէ վարանինք յանուն Արցախի որեւէ այլ դժուարութիւն պատուով կրելու։
Թշնամիի քայլերը մեծապէս կախուած են մեր բռնած դիրքէն ու զգօնութեան մակարդակէն, եւ մենք մեր միասնականութեամբ ու մեր գօտիները ամուր կապած պէտք է ստիպենք յարգել մեզ ու մեր ազատութիւնը։ Մենք խնդիր ունինք միախմբուելու, պէտք է հասկնանք, որ հայրենիքի եւ պետութեան շահը պէտք է գերազանցէ մեր անձնական շահը, վեր դասուի մեր բոլոր կենցաղային առօրեայ եւ անձնական մղումներէն ու դառնայ գերակայ բոլորիս կեանքին մէջ։ Այն անձերը, որոնք այսօր ունին լծակներ կանգնելու Հայոց զինուորի եւ Հայոց պետականութեան կողքին, պէտք է վայրկեան իսկ չվարանին եւ անցնին գործի: Քանզի այս պատերազմը իբրեւ կրակ կը բռնկուի տունէ տուն եւ չի խղճար ոչ մէկուն:
Եթէ մենք իսկապէս սիրենք մեր երկիրը, հաս եւ հաւատարիմ ըլլանք անոր, հաւատացէք, Աստուած աւելիով պիտի վարձատրէ մեզի։
Թո՛ղ Աստուած զօրացնէ մեզ ու մեր հայրենեաց բոլոր պաշտպանները` չընկճուելու, ամուր կանգնելու, հաւատով առաջնորդուելու եւ զգօնութիւնը չկորսնցնելու։
Թո՛ղ Աստուած պահէ եւ պահպանէ Արցախ աշխարհը
Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան
artsakhdiocese.am
yerakouyn.com/2022/03/25/մենք-պէտք-չէ-վարանինք-յանուն-արցախի-որ/