Մի՛ ըսէք, որ մենք գիրք կը գրենք, զէնքը ուրիշներուն գործն է – Զէնքը նոյնքան արուեստ է եւ արժէք, որքան գիրքը

Սարգիս Զէյթլեան

«Մի՛ ըսէք, որ մենք գիրք կը գրենք, զէնքը ուրիշներուն գործն է։ Զէնքը նոյնքան արուեստ է եւ արժէք, որքան գիրքը»։
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

28 ՄԱՐՏ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

*********

37 տարի առաջ, ճիշդ այսօր` 28 Մարտ 1985-ին, հակադաշնակցական վարձկաններու կողմէ Պէյրութի մէջ կ‘առեւանգուէր եւ չբացայայտուած պայմաններու մէջ անարգօրէն կը սպաննուէր ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ, կարկառուն ղեկավար, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի վարիչ խմբագիր, փայլուն մտաւորական, ճառագայթող գաղափարախօս, յեղափոխական խրոխտ նկարագրի եւ յախուռն խօսքի ու կուռ գրիչի տէր` ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, իր երիտասարդ ընկերակիցին՝ Կարօ Գոլանճեանի հետ միասին:

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան մեր ժողովուրդին ապագան լուսաւորող, յարատեւ պայքարը իմաստաւորող եւ հունաւորող, մանաւանդ՝ խօսքը գործո՛վ պսակող առաջնորդող ղեկավարը եղաւ բառին ամբողջական առումով:

Լոյս՝ հոգւոյդ, նահատակ ընկեր:

https://www.facebook.com/photo?fbid=1617202662012143&set=pcb.1617203188678757

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail