Եւրոպացի Գիտնականները Իրենց Յայտնաբերած Քարաքոսը Մկրտած Են Արսէն Գասպարեանի Անունով

Եւրոպացի Գիտնականները Իրենց Յայտնաբերած Քարաքոսը Մկրտած Են Արսէն Գասպարեանի Անունով

01 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի համալսարանի գիտնականներ Էմմանուէլ Սերիւզիօ, Նիքոլա Մակէ եւ հոլանտացի գիտնական Փիթեր վան տեն Պում յայտնաբերած են քարաքոսի (քարի մամուռ, lichen) Ռամալինա ցեղի նոր տեսակ մը եւ զայն մկրտած են ի պատիւ Հայաստանի Գիտութեան ակադեմիոյ Թախտաջեանի անուան բուսաբանութեան հիմնարկի քարաքոսերու հետազօտումի եւ պահպանութեան գիտական խումբի ղեկավար դոկտոր Արսէն Գասպարեանի` Ramalina Arsenii:

Ըստ ակադեմիոյ տարածած հաղորդագրութեան՝ եւրոպացի գիտնականներուն հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Քէմպրիճի համալսարանի «The Lichenologist» գիտական թերթին մէջ: Ռամալինա ցեղը շուրջ 200 տեսակի քարաքոսներ ունի, իսկ նոր տեսակը, որ յայտնաբերուած է Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ եւ Սպանիոյ լեռնային շրջաններուն մէջ, քարերու վրայ աճող տեսակ է:

Culture – Ancient site of the temple of Zuartnots– Զուարթնոցի տաճարի հնավայր – Site antique du temple de Zuartnots – UNESCO World Heritage

yerakouyn.com/2022/03/30/եւրոպացի-գիտնականները-իրենց-յայտնաբ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail