Կարմիր Գիծեր Եւ Փախուստ Դէպի Յառաջ – Արման Պաղտոյեան
03 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հայաստանի քաղաքական առօրեային հետեւողներուն համար արդէն սովորական դարձած երեւոյթ է անցեալ Յունիսէն ի վեր, Ազգային ժողով կոչուած պետական հիմնարկութեան մէջ շարունակուող կատակերգաողբերգութիւնը:
Արդէն հասած ենք այնտեղ, ուր միակ դժուարութիւնը խորհրդարանի անցուդարձներուն հետեւողին մօտ՝ կատակերգաողբերգութեան իւրաքանչիւր արարէ ետք որոշելն է, թէ այդ օրը լա՞յ, թէ խնդայ:
Այսպիսի զաւեշտախառն ողբերգութեան ընթացիկ թատերական արար մըն էր 21 Մարտին տեղի ունեցած եւ պատկերասփիւռով սփռուած Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստը: Արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութեամբ գումարուած այս նիստին գլխաւոր թեմաներէն մէկն էր՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մօտ ապագային կանխատեսուող բանակցութիւնները: Այս գծով, հասկնալիօրէն, խորհրդարանական փոքրամասնութիւնը շահագրգռուած էր նախարարէն իմանալու, թէ արդեօք Հայաստան եւս, Ատրպէյճանի նման, բանակցութիւններուն մէջ ունի՞ կարմիր գիծեր, զորս կարելի չէ խախտել: Անշուշտ, ինչպէս սպասելի էր, նախարարի պնդումները՝ որ բնականաբար Հայաստան եւս ունի կարմիր գիծեր, երկու ղրուշնոց արժէք չունեցան խորհրդարանական փոքրամասնութեան մօտ: Եւ այդպէս, նիստը շարունակուեցաւ առանց կարենալ հանդարտեցնելու բորբոքած կիրքերը եւ ստեղծելու կառուցողական քննարկումի միջավայր մը: Պարզապէս աւելորդ է մանրամասնել, որ նիստի մնացեալ տեւողութիւնը ինչպէս վերածուեցաւ ատելավառութեամբ լեցուն տրամայի՝ միշտ համահունչ այսօրուան խորհրդարանի բարոյական եւ կենցաղավարական չափանիշներուն:
Խորհրդարանական առօրեայէն առնուած այս տխուր պատկերին մէջ ուշադրութիւն գրաւողը այնտեղ բարձրացուած «կարմիր գիծերու» թեման է, որուն առիթով ալ անդրադարձանք այս նիստին:
Ինչպէս վերը յիշեցինք՝ կը նախատեսուի մօտ ապագային սկսիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները՝ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հովանաւորութեամբ: Երկու երկիրներուն միջեւ վերջնականապէս խաղաղութիւն հաստատելու պատկերացումով մեկնարկուող այս բանակցութիւնները պիտի ընդգրկեն բոլոր խնդրայարոյց հարցերը, որոնցմէ վստահաբար դժուարագոյն լուծելին պիտի ըլլան Արցախի ժողովուրդի ապահովութեան եւ Արցախի կարգավիճակի հարցերը: Ասոր կողքին, մեր ժողովուրդը յուզող կամ շահագրգռող այլ իրադարձութիւն է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ եղող միջ-պետական բանակցութիւնները, որոնք, թէեւ, ինչպէս կը յայտարարուի, տեղի կ՛ունենան առանց նախապայմաններու, հասկնալիօրէն չեն դադրիր մտավախութիւն առթելէ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական դիրքի եւ թրքական դիւանագիտութեան ունեցած բացայայտ առաւելութիւնները:
Բանակցային դժուար եւ բարդ այս գործընթացներուն խորապատկերին վրայ խորհրդարանական փոքրամասնութեան կողմէ «կարմիր գիծերու» թեման թէժ օրակարգային նիւթի վերածելու մօտեցումը հասկնալի է: Առանձնապէս, արտասովոր բան չկայ այս երեւոյթին մէջ: Խորհրդարանական փոքրամասնութեան իրաւունքն է սուր կերպով բարձրացնելու այս խնդիրները, հարցումներ ուղղելու կառավարութեան եւ պարզաբանումներ պահանջելու խորհրդարանական բաց թէ փակ նիստերու ընթացքին: Այս բոլորը ընելու իրաւունքը ունի խորհրդարանական փոքրամասնութիւնը, նոյնիսկ երբ անհամեստօրէն ինքն իրեն իրաւունք տայ դիմացինին ազգասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը հաւատաքննողի կոպտութեամբ խօսելու:
Այս բոլորը ըսելով եւ ընդունելով հանդերձ, խորհրդարանական փոքրամասնութեան ենթադրաբար ազգային-պետական շահի գիտակցումէն մղուած այս վարքագիծը առնուազն տարակուսանքի տեղիք կու տայ, երբ այս փոքրամասնութեան մաս կազմող մեծագոյն՝ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավարը՝ երկրորդ նախագահ Քոչարեան, չի վարանիր օր ցերեկով Հայաստանի պետական անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու, Ռուսիոյ հետ ինչ որ միութենական պետութեան մը մէջ Հայաստանը ներառելու մասին վարկածներ հրապարակ նետելով: Յօնք կիտելու չափ հեգնական է այս պատկերը: Այսինքն գործ ունինք խորհրդարանական փոքրամասնութեան մը հետ, որուն տիրութիւն ընող ղեկավարը մեր պետականութեան անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան գերագոյն արժէքները, այդպէս, մէկ օրէն միւսը, մամլոյ ասուլիսով մը հրապարակայնօրէն սակարկութեան դնելէ չի խուսափիր: Եւ փաստօրէն, կարմիր գիծերու պահանջատէրի պատմուճան հագած խորհրդարանական այս փոքրամասնութիւնը խորհրդարանի խաղադաշտին մէջ կ՛ուզէ քաղաքական խաղի սահմաններ ճշդորոշել, առանց, սակայն, իր իսկ ղեկավարի բերանով մեր պետականութեան կարմիր գիծերը սահմանահատած ըլլալու լրջութեան զգացողութիւնը ունենալու: Խորքին մէջ այս պատմուճանը պարզապէս միջոց մըն է երկրորդ նախագահի ամպհովանիին տակ ներկայացող խորհրդարանական այս խմբակի քաղաքական մերկութիւնը ծածկելու: Քոչարեան՝ ինք, նախանձելի քաղաքական ժառանգութիւն մը չէ ձգած իր ետին: Անոր համար աւելի ծանր կը կշռէ ոչ թէ իր քաղաքական ժառանգութեան «փրկութիւնը», այլ իր նիւթական ժառանգութեան ապահովումը: Բայց աւելի կարեւորը՝ ասիկա առաջին անգամը չէ որ երկրորդ նախագահը անլուրջ վերաբերմունք ցուցաբերած է մեր պետականութեան հանդէպ: Կը բաւէ յիշել իր նախագահութեան տարիներուն, Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար ռազմավարական մեծապէս կարեւորութիւն ունեցող տնտեսական եւ գիտական հիմնարկներու՝ չնչին գումարներու դիմաց վաճառքը Ռուսիոյ: Կը բաւէ յիշել նաեւ, որ վերջին հաշուով, Քոչարեանի նման ղեկավարներու քաղաքական ժառանգութեան կը պատկանի պետականօրէն անփութութեան մատնող կոյր ու միամիտ արեւելումի վարքագիծը, որուն իբրեւ արդիւնք մենք պատերազմ կորսնցուցինք 2020ին:
Եթէ քաղաքական գնահատական պէտք է տալ Ռուսիոյ հետ միութենական ինչ որ պետութեան մը մաս կազմելու գաղափարին, ապա, լաւագոյն պարագային, զայն կարելի է համարել փախուստ դէպի յառաջ, վախկոտ քայլ մը՝ եւ ուրիշ ոչինչ:
Այո, Հայաստան մեծագոյն մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, սակայն վերջին հայը, որուն կարիքը ունի մեր հայրենիքը այսօր, այս մարտահրաւէրներուն առջեւ անճրկած եւ անմիջապէս ուրիշի փէշերուն տակ պահուըտելու պատրաստ Քոչարեանի տիպարով ներկայացող քաղաքական ղեկավարն է: Վերջին հայը, որուն մեր հայրենիքը պէտք ունի այսօր, այն ղեկավարն է, որ դոյզն իսկ հաւատք չունի իր ժողովուրդի ներուժին եւ կարողականութեան վրայ, յաղթահարելու համար յառաջացած ճգնաժամերը:
Շատ դժուար եւ բարդ ժամանակներ կ՛ապրի մեր հայրենիքը այսօր, սակայն, տակաւին ոչ այն դժուարութիւններուն եւ բարդութիւններուն չափով ու ծանրակշռութեամբ, որոնց ճնշումին տակ մեր առաջին Հանրապետութեան ղեկավարները պարտադրուեցան երկիրը յանձնելու բոլշեւիկներուն: Հետեւաբար, Ռուսիոյ հետ միութենական պետութեան գաղափարի քննարկումը այս հանգրուանին կանխահաս անձնատուութեան տրամադրութիւններ ստեղծելու նպատակին կը ծառայէ միայն: Միւս կողմէ, ուշադրութենէ չի վրիպիր, որ խորհրդարանի փոքրամասնութեան կողմէ Հայաստանի համար, խիստ տագնապալի այս օրերուն, ամէն մեծ եւ փոքր առիթի, երկրի իշխանութիւնները վարկաբեկելու, հասարակական պետական կեանքի բոլոր ոլորտները սեւցած պատկերով ներկայացնելու վարքագիծը առաջին Հանրապետութեան խորհրդայնացումին նախորդող ժամանակներու երկրի իշխանութիւններուն դէմ բոլշեւիկներու տարած քարոզչութիւնը կը յիշեցնէ:
yerakouyn.com/2022/03/31/կարմիր-գիծեր-եւ-փախուստ-դէպի-յառաջ-արմ/