Բանակցային Նորացուած Ելակէտեր Եւ Համահայկական Հռչակագիրը – Խմբագրական Ազդակ
03 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Խմբագրական
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրէին հայ քաղաքական միտքին առջեւ աւելիով կը շեշտուի առաջադրելի ընդհանուր կէտերու շուրջ միասնական դիրքորոշում որդեգրելու հրամայականը:
Նոր իրավիճակ է: Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացը սերտօրէն կապակցուած կ՛ընթանայ Երեւան-Պաքու պահանջուած բանակցութիւններուն: Դասական պայմանները անուղղակի տեսք ստացած են. հրատապ դարձած են Ազրպէյճանի հետ սահմանազատումն ու սահմանագծումը, որուն հետ կը զուգակցուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: Պիտի հետեւի անշուշտ երկկողմանի պայմանագիրի պահանջ, որ կը ճանչնայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Մնայուն արծարծման նիւթ է Նախիջեւանի կամրջումը Ազրպէյճանին, Հայաստանի վրայով, որուն շուրջ կայ եռակողմ համաձայնութիւն:
Հարուածուած է մեր համազգային, համահայկական առաջնային օրակարգին շուրջ նախապէս գոյացած ընդհանուր համաձայնութիւնը: Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնները` Հայ դատի սփիւռքացման, Արցախի պատկանելիութիւնը ո՛չ միայն հայկական նկատելու առումներով բոլորովին նոր կացութիւն ստեղծած են եւ նահանջ արձանագրած` Համահայկական հռչակագիրով բանաձեւուած մեր ուղենշային սկզբունքներէն:
Շուշիի հռչակագիրը վերաբանաձեւած է թուրքեւազրպէյճանական միացեալ նախապայմանները: Մենք ետդարձ կատարած ենք մեր Համահայկական հռչակագիրէն: Ներկայ պայմաններուն մէջ հետեւեալ ելակէտային սկզբունքները անհրաժեշտ է դարձնել համահայկական դիրքորոշումներու ուղենիշ:
Ա.- Երեւան-Անգարա երկխօսութիւնն ու Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւնները անջատ գործընթացներ են:
Բ.- Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատումն ու հայ-թուրք հաշտեցումը անջատ հասկացողութիւններ եւ գործընթացներ են:
Գ.- Հակամարտութեան ձեւակերպումը պահպանել Արցախ-Ազրպէյճան յարաբերակցութեամբ եւ չօգտագործել Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութիւն ձեւակերպումը:
Դ.- Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան պարագային ԵԱՀԿ-ը լիազօրուած չէ բանակցութիւններուն միջնորդելու: Իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահական ձեւաչափի վերագործարկումը կը բխի հայկական կողմի շահերէն. այս առաջադրանքը պաշտօնապէս որդեգրած են թէ՛ Երեւանը եւ թէ՛ Ստեփանակերտը:
Ե.- ԵԱՀԿ-ի վերագործարկման պահանջը ուրեմն կեդրոնացնել արցախեան հակամարտութեան լուծման առաջադրանքին վրայ` հիմք ունենալով Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար սկզբունքները (մեզի համար` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը):
Զ.- Միջազգային կառոյցներուն մօտ պահանջել`
– Ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ աճիւններու հայրենադարձումը:
– Գաղթականներու տունդարձը:
– Հայաստանի Հանրապետութենէն ազրպէյճանական զօրքերու յետքաշումը:
– Մշակութային ցեղասպանութեան դատապարտանքն ու կասեցումը:
– Պաքուի ռազմական յանցագործութիւններու քրէականացումը:
Կ՛առարկուի, որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններոն մէջ, երբ ապաշրջափակումն ու սահմաններու բացումը շրջանային տարողութեամբ պարտադրուող օրակարգեր են, նման պահանջներ կամ կարմիր գիծեր անիրականանալի կը թուին: Թէկուզ տկարացած դիրքերով, այնուամենայնիւ պահանջներու թղթածրար ունենալը եւ պետութեան ու երկրին անվտանգութիւնը գերադասելով սկզբունքներ ճշդելը ամէնէն հիմնական ելակէտ է:
Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը մշակած են Շուշիի հռչակագիր, յղած 5 կէտնոց առաջարկներ, փոխկապակցած երկու ուղղութիւնները եւ աշխարհին ներկայացած յարաբերութիւններու բնականոնացման, սահմաններու բացման եւ ընդհանրապէս շրջանի ապաշրջափակման յայտարարութիւններով:
Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնումը սահմանադրական իրաւադրոյթներ ունին, ամրագրուած` Անկախութեան հռչակագիրով, եւ որոնց պայմանականութիւնը յիշեցուց Սահմանադրական դատարանը` ցիւրիխեան արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը քննելու առիթով:
Երկու ուղղութեամբ բանակցելու համար վերը նշուած ելակէտային գերակայ սկզբունքները պարտաւորեցնող են: Եւ անոնց առընթեր` ներազգային քննարկումներու եւ դիրքորոշումներու վերաբանաձեւումներու համար Համահայկական հռչակագիրի հիմնադրոյթներու վերաորդեգրումը` հրամայական:
yerakouyn.com/2022/03/24/բանակցային-նորացուած-ելակէտեր-եւ-համ/