Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու Պալատի Հայաստանի Հետ Բարեկամական Խումբը Դատապարտած է Ազրպէյճանի ԶՈւ Գործողութիւնները ԼՂ-ի Դէմ
04 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու պալատի Հայաստանի հետ խորհրդարանական բարեկամական խումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական ուժերու յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:
Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու պալատի Հայաստանի հետ խորհրդարանական բարեկամական խումբի յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Մենք ամենախիստ կերպով կը դատապարտենք ազրպէյճանական ուժերու յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Ազրպէյճանական զօրքերու շարժը դէպի արցախեան հողեր եւ յարձակողական ռազմական գործողութիւնները յատկապէս Փառուխի եւ Խրամորթի շրջաններ չեն արդարացուած եւ ռազմատենչ են: Տեղի խաղաղ բնակչութեան ուղղուած տեղահանման կոչերը, անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումը եւ Լեռնային Ղարաբաղ կազամատակարարման խափանումը թշնամական գործողութիւններ են խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ կը վտանգեն անոնց կեանքը։
Ազրպէյճանական ուժերը, համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբերի հրադադարի մասին յայտարարութեան, պէտք է ետ քաշուին իրենց սկզբնական դիրքերը՝ թոյլ տալով վերականգնել կազմատակարարումը եւ մուտքը դէպի կազատարը:
Ասիկա հրադադարի հերթական կոպտագոյն խախտում է, եւ, ակնյայտօրէն, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, փորձելով օգտուիլ Ուքրանիոյ հակամարտութենէն յառաջացած անկայուն իրավիճակէն, կը փորձէ վերադառնալ իր տարածքային անհիմն պահանջները՝ անկախ նախկին յանձնառութիւններէն։
Մենք կոչ կ՝ընենք Ազրպէյճանի կառավարութեան հետամուտ ըլլալու այս խնդիրի խաղաղ կարգաւորման դիւանագիտութեան ճանապարհով, այլ ոչ թէ ռազմական յարձակման միջոցով: Մինչ այդ, մենք Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան կոչ կ՝ընենք միանալու արեւմտեան այլ ժողովրդավարութիւններու՝ դատապարտելու ազրպէյճանական վարչաձեւի ռազմատենչ գործողութիւնները եւ օգտագործելով դիւանագիտական բոլոր ճնշումները՝ նախագահ Ալիեւին ստիպել վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի խաղաղ գործընթացի միջոցով»:
yerakouyn.com/2022/03/31/մթ-համայնքներու-պալատի-հայաստանի-հետ/