Արցախի Ապագան Վտանգուած է. Միասնական Պայքարի Կոչ Ասկերանէն
04 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:
Ապրիլ 4-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան քաղաքին մէջ կազմակերպուած էր հաւաք՝ միասնութեան ու պայքարի կոչերով: Հաւաքի կազմակերպիչներէն Ալիոշա Գաբրիէլեանի խօսքով՝ արտաքին թշնամիներէն զատ կան ներքին թշնամիներ, որոնք ամէն ձեւով կը ձգտին պառակտել հասարակութիւնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։
«Մեր նպատակն է միաւորել ժողովուրդը եւ «ոչ» ըսել բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն Արցախի գոյութիւնը վերացնել: Մեր ցանկութիւնն է բոլորը համախմբել յանուն միասնութեան, յանուն մեր պետականութեան, անկախութեան պահպանման: Կոչ կ՝ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին մեր տարածքային ամբողջականութիւնը նուիրել այս կամ այն երկրին, ետ կանգնելու»,- իր խօսքին մէջ նշած է ան:
Նախաձեռնողները մտահոգութիւն յայտնած են, որ որոշ անձեր փորձած են հանրահաւաքը որպէս հակաիշխանական ներկայացնել՝ ատով իսկ ապակողմնորոշելով մարդոց եւ կոչ ընելով չմասնակցելու:
Բոլոր ելոյթ ունեցողներուն մտահոգութիւնը նոյնն է՝ վտանգուած է Արցախի ապագան, իսկ այս իրավիճակէն կարելի է դուրս գալ միասնական պայքարով՝ առանց գաղափարական, քաղաքական եւ այլ բաժանումներու:
yerakouyn.com/2022/04/04/արցախի-ապագան-վտանգուած-է-միասնական-պ/